Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ Անդրանիկ – ՀՄԸՄ 72-88

November 27, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի պասքեթպոլի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի տղաքը կարեւոր յաղթանակ մը ձեռք ձգեցին, երբ 88-72 արդիւնքով յաղթական վերադարձան Անդրանիկի դէմ մրցումէն:

Մրցումը բաւական արագ սկսաւ, եւ ՀՄԸՄ կանուխէն յառաջացաւ, բայց Անդրանիկ հետզհետէ մօտեցաւ, սակայն ի վերջոյ առաջին մասը 22-18 արդիւնքով ՀՄԸՄ յառաջացած էր: Ուոլթըր Հոճ 8 կէտ նշանակեց, իսկ 5-ական կէտ Ճիմի Սալեմ եւ Ժատ Խալիլ, մինչ Տուէյն Ճեքսըն 4 կէտով «գոհացաւ»:

Բ. մասին Ուոլթըր Հոճ 8 կէտ եւս աւելցուց, մինչ Ճեքսըն 12 կէտ նշանակեց: Կերի Չիւիչեան եւ Ռաֆայէլ Փութնի 2-ական կէտ նշանակեցին այս մասին մէջ, եւ կիսախաղը վերջ գտաւ 47-32 արդիւնքով` ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի:

Բ. կիսախաղին Անդրանիկ աւելի հանգիստ խաղցաւ, մինչ ՀՄԸՄ քիչ մը շատ առիթներ փախցուց, եւ զգալի էր Ուոլթըր Հոճի վրայ խիստ հսկողութիւնը: Սակայն միւս մարզիկները օգտուեցան անոր փոխանցումներէն: Այս մասին ՀՄԸՄ միայն 15 կէտ նշանակեց 25 կէտ ստանալով: Ճէքսըն 7 կէտ, Ժատ Խալիլ 4 կէտ եւ Ժերար Հատիտեան – Տանիէլ Պաղտատեան զոյգը երկուքական կէտեր նշանակեցին:

4-րդ մասին, Ճեքսըն 12 կէտ նշանակեց, եւ Կերի Չիւիչեանի 3 կէտնոց կողովն էր, որ ՀՄԸՄ-ի կէտերու հաշիւը հեռացուց Անդրանիկէն, որ վերջին 5 վայրկեանին շատ առիթներ կորսնցուց, մինչ ՀՄԸՄ-ի տղաքը գրեթէ անզսպելի դարձած էին` 16 կէտի առաւելութեամբ մը աւարտելով մրցումը, 88-72 արդիւնքով:

Այս յաղթանակը եղաւ ՀՄԸՄ-ի 3-րդը` 5 մրցումներու ընթացքին, մինչ Անդրանիկ կրեց իր 4-րդ պարտութիւնը:

Ստորեւ` 5-րդ հանգրուանի արդիւնքները եւ դասաւորումը.

Մարիսթ – Ռիատի 88-99
Սաժես -Մէյրուպա 81-79
Հուփս – «Էն. Էս. Էյ.» 95-104
Անթունիէ – Պէյրութ 83-89
Անդրանիկ – ՀՄԸՄ 72-88

ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ

1.- Սաժես 10 կէտ 5 յաղթանակ 0 պարտութիւն
2.- Պէյրութ 9 կէտ 4 յաղթանակ 1 պարտութիւն
3.- Ռիատի 9 կէտ 4 յաղթանակ 1 պարտութիւն
4.- ՀՄԸՄ 8 կէտ 3 յաղթանակ 2 պարտութիւն
5.- Մարիսթ 8 կէտ 3 յաղթանակ 2 պարտութիւն
6.- Հուփս 7 կէտ 2 յաղթանակ 3 պարտութիւն
7.- Անդրանիկ 6 կէտ 1 յաղթանակ 4 պարտութիւն
8.- Անթունիէ 6 կէտ 1 յաղթանակ 4 պարտութիւն
9.- Մէյրուպա 6 կէտ 1 յաղթանակ 4 պարտութիւն
10.- «Էն. Էս. Էյ.» 6 կէտ 1 յաղթանակ 4 պարտութիւն

Աղջկանց ախոյեանութեան գծով, ՀՄԸՄ Անթիլիաս 80-36 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր «Էն. Էս. Էյ.»-ը:

2-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, 3 խումբեր ՀՄԸՄ-ի կողքին 2 յաղթանակ ձեռք ձգած են` Ռիատի Չեմփս եւ Պէյրութ:

Այսօր, ժամը 9:00-ին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ 3-րդ հանգրուանի գծով ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Պէյրութ Ֆըրսթ խաղը:

Դժուար մրցում մը կրնայ ըլլալ այս` նկատի ունենալով, որ երկու խումբերն ալ 2-ական յաղթանակ ապահոված են, բայց ՀՄԸՄ-ի համակիրները կրնան իրենց քաջալերանքով ըլլալ խումբին 6-րդ մարզիկը` օգնելու խումբին Պէյրութի դէմ:

 

 

Նախորդը

Թայքուանտօ. Կապոյտ Գօտիի Ախոյեանութեան ՀՄԸՄ Պէյրութ 1 Ոսկի, 1 Արծաթ Եւ 4 Պրոնզ Մետալներով Վերադարձաւ

Յաջորդը

Մոսկուան Թշնամական Քայլ Կը Նկատէ Ռուսիոյ Դէմ Եւրոպական Միութեան Պատժամիջոցներուն Մոլտովայի Միանալը

RelatedPosts

Ազգերու Լիկա.  Հայաստան Լաւ Խաղցաւ, Բայց Չկրցաւ Յաղթել Կիպրոսին
Մարզական

Ազգերու Լիկա. Հայաստան Լաւ Խաղցաւ, Բայց Չկրցաւ Յաղթել Կիպրոսին

November 14, 2026
Պասքեթպոլ.  Արթուր Նազարեանի Տեսլականը` Մինչեւ 2040
Մարզական

Պասքեթպոլ. Արթուր Նազարեանի Տեսլականը` Մինչեւ 2040

November 14, 2026
Ծանրաբարձութիւն.  Ծանրաբարձութեան Հաւաքականը Կը Պատրաստուի
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Ծանրաբարձութեան Հաւաքականը Կը Պատրաստուի

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.