Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պայտըն Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Կողմնակից Չըլլալուն Պատճառով Կը Կորսնցնէ Երիտասարդութեան Աջակցութիւնը» Կը Գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»

November 25, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի` երիտասարդ ընտրողներու շրջանակին մօտ ժողովրդականութիւնը կը նուազի Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման կողմնակից չըլլալուն պատճառով: Այս գնահատականը տրուած է «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ:

Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը կը նշէ. «Միջին Արեւելքի մէջ զոհերու թիւի աճին լոյսին տակ որոշ երիտասարդ ընտրողներ կը հիասթափուին այն բանէն, թէ նախագահ Պայտըն ինչպէ՛ս կ՛արձագանգէ (իրադարձութիւններուն), եւ կը մտածեն քուէարկել երրորդ կողմի թեկնածուի (այսինքն` ոչ դեմոկրատական կամ հանրապետական թեկնածուի) կամ ընդհանրապէս չքուէարկել»:

Օրաթերթի լրագրողները զրուցած են ուսանողներու հետ եւ եզրակացուցած. «Պատերազմի վերաբերեալ Պայտընի դիրքորոշումը կը սպառնայ նուազեցնել 2024 թուականի ընտրութիւններէն առաջ երիտասարդ ընտրողներուն մօտ անոր աջակցութիւնը»: Կը բացատրուի, որ խնդիրը այն է, որ Պայտըն լիարժէքօրէն չէ աջակցած Կազայի հատուածին մէջ կռիւներու ամբողջական դադրեցման:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» կ՛ընդգծէ. «Պայտընի տարիքին առնչուած մտահոգութիւններու լոյսին տակ, որոշ ազատական ուսանողներ նշած են, որ իրենք դրական տրամադրուած են երրորդ կողմի թեկնածուներու նկատմամբ եւ դժգոհութիւն յայտնած են Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն մէջ Պայտընի եւ (Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ) Թրամփի միջեւ պայքարի հաւանական կրկնութենէն»:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ընտրողներու մեծամասնութիւնը, հաշուի առնելով միջինարեւելեան տագնապի սրումը, հակուած է աջակցելու Իսրայէլի: Միեւնոյն ժամանակ, ըստ հարցախոյզերուն, երիտասարդ ամերիկացիները յաճախ կը կարծեն, որ Իսրայէլ չափազանց կոշտ կը գործէ: Հրապարակումը կ՛ընդգծէ. «Երիտասարդներու մեծամասնութիւնը հաւանութիւն չի տար Պայտընի գործողութիւններուն»` հաշուի առնելով տեղի ունեցողը:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» կը նշէ, որ երիտասարդներու շրջանակին մէջ աջակցութեան անկումը «պիտի բարդացնէ Պայտընի` նախագահ վերընտրուելու փորձը»:

 

 

Նախորդը

Սէուլ Եւ Ուաշինկթըն Վերատեսութեան Ենթարկած Են Անվտանգութեան Մասին Երկկողմանի Համաձայնագիրը

Յաջորդը

ՕԹԱՆ-ի Պաշտօնատար Մը Կ՛առաջարկէ «Ռազմական Շենկեն»-ի Գօտի Ստեղծել

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.