Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծին Վրայ Փոխադարձ Ռմբակոծումները Աւելի Սաստիկ Թափով Կը Շարունակուին

November 20, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ փոխադարձ ռմբակոծումները կը շարունակուին աւելի սաստիկ թափով, Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ շաբաթավերջին այցելեց Սուրի մէջ գտնուող այն կեդրոնները, ուր ապաստանած են հարաւային Լիբանանի սահմանակից շրջաններու տեղահանուած բնակիչները:

Խաթիպ հաստատեց, որ Կազային զօրակցիլը համազօր է մեր անձերուն հանդէպ զօրակցութեան, «որովհետեւ պաղեստինեան դատը անձնական չէ, այլ բոլոր արաբներուն դատն է», ըսաւ ան:

Ան շեշտեց, որ իսրայէլեան բանակին գործած ոճիրներն ու սպանդները ցոյց կու տան իսրայէլեան բանակին իսկական դէմքը` աւելցնելով, որ Իսրայէլը պետութիւն չէ, այլ` ջարդարար գոյացութիւն, որուն դէմ կը պայքարի Դիմադրութիւնը:

Շէյխ Խաթիպ այս առիթով ողջունեց Լիբանանի մէջ պայքարող Դիմադրութիւնը, որ հարաւային սահմանագիծին վրայ մղած իր մարտերով կ՛արգիլէ թշնամի Իսրայէլին նպատակները իրականացնելու բոլոր հաւանականութիւնները:

Միւս կողմէ, կնոջ եւ երեխայի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ինայա Իզզէտտին պահանջեց Սուրի մէջ ապաստան գտած հարաւային Լիբանանի նորածին երեխաներուն կաթը յանձնել` առանց ուշացում արձանագրելու:

Իզզէտտին հաստատեց նաեւ, որ պէտք է որդեգրուին արտակարգ գործիքակազմեր` հարաւային Լիբանանէն տեղահանուածներուն օժանդակութիւն մատուցելու համար:

Իր կարգին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը կազմ ու պատրաստ է` դիմակայելու հարաւային Լիբանանի մէջ ստեղծուելիք որեւէ հաւանականութեան:

 

Գետնի վրայ, շաբաթ առաւօտեան Դիմադրութեան զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ Հըզպալլայի մարտիկները առաւօտեան կանուխ ժամերուն վար առած են «Հերմեզ» տիպի իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը: Այդ գործողութեան մասին Հըզպալլայի տեղեկատուութիւնը հրապարակեց նաեւ կարճ ժապաւէն մը:

Դիմադրութիւնը շաբաթ առաւօտեան ժամը 9:30-ին թիրախահար հրթիռներով հրետակոծեց Հատպ Պուսթանի իսրայէլեան զինուորական կեդրոնը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:

Ժամ մը ետք, Հըզպալլայի մարտիկները թիրախ դարձուցին Հատպ Եարինի իսրայէլեան զինուորական կեդրոնը եւ յաջորդաբար իսրայէլեան Ռահեպ զինուորական կեդրոնը, ինչպէս նաեւ Խիլլեթ Ուարտէի եւ Շթուլայի մէջ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու համախմբումներ:

Շաբաթ կէսօրին Դիմադրութիւնը հրթիռակոծեց Սաասաայի հովիտին մէջ վերանորոգուած իսրայէլեան բանակի հրամանատարութեան կեդրոնը եւ արձանագրեց ուղղակի թիրախներ:

Միաժամանակ Դիմադրութիւնը թիրախահար հրթիռներ արձակեց իսրայէլեան Մարկելիոթ բնակեցման վայրին մօտակայքը գտնուող իսրայէլեան Մարժ զինուորական կեդրոնին դէմ` պատճառելով նիւթական մեծ վնասներ:

Կէսօրէ ետք Դիմադրութեան մարտիկները հակազրահապատ հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռամիմ եւ Պայեատ Պլիտա դիրքերը:

Կիրակի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Դիմադրութեան զինուորական տեղեկատուութիւնը հաստատեց, որ առաւօտեան ժամը 8:30-ին թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծած է Տհայրա եւ Ժարտահ զինուորական կեդրոնները:

Հինգ վայրկեան ետք, Հըզպալլայի մարտիկները թիրախ դարձուցած են Ժալ Օլամ դիրքին վրայ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու համախմբում մը:

Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց նաեւ իսրայէլեան Մարժ դիրքը` արձանագրելով ուղղակի թիրախներ:

Հըզպալլայի մարտիկները, որոնք երէկ զգալիօրէն սաստկացուցած էին իսրայէլեան ուժերուն դէմ իրենց հարուածները, թիրախ դարձուցին Հանիթայի դիրքը, իսկ Մթըլլէի դիրքին վրայ ռմբակոծեցին իսրայէլեան զրահապատներ, հրասայլեր եւ իսրայէլացի զինուորներ:

Կէսօրէ ետք ժամը 4:15-ին, Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին Եաֆթահի իսրայէլեան զինուորական դիրքը. անոնք թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին նաեւ իսրայէլեան Ապատ զինուորական դիրքը` թիրախ դարձնելով այդ դիրքին արհեստագիտական սարքերը:

Շաբաթ առաւօտեան ժամը 8:30-ին, իսրայէլեան ուժեր հրետակոծեցին Քֆուր-Թուլ շրջանին մէջ ալիւմինումի գործարան մը, ուր բռնկեցաւ հրդեհ մը, որ աւելի ուշ հակակշիռի տակ առնուեցաւ Ռիսալա Իսլամիէ սկաուտական շարժումի փրկարար աշխատանք տանողներուն կողմէ:

Ռմբակոծուած գործարանը այցելեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսին, որ յայտնեց, թէ Դիմադրութեան եւ գոյապայքարի Լիբանանը այս ռմբակոծումը պիտի վերածէ թշնամի Իսրայէլին դէմ յաղթանակի:

Իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծեցին Նաքուրան, Քֆարքիլան, Այթա Շաապը, Տըպըլը, Ռամիէն, Ռըմէյշը, Այթարունը, Հուլան, Քաուզահը, Եարունը, Եարինը, Մարուն Ռասը, Մարքապան, Պլիտան, Հուլան, Ատայսէն, Մհայպիպը, Մէյս Էլ Ժապալը, Համամեսի բարձունքները, Տէյր Միմասը եւ Հաունին հովիտին շրջակայքը:

Կիրակի առաւօտեան ժամը 7:00-ին իսրայէլեան բանակը գնդակոծեց Մարուն Ռասն ու Այթարունը:

Ժամ մը ետք իսրայէլեան ուժեր թիրախ դարձուցին Նաքուրան, Թիպէն, Քալայաան եւ Մերժահիունը:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Լիբանանէն արձակուած են 6 հրթիռներ, որոնք թիրախ դարձուցած են արեւմտեան Գալիլիոյ Շլոմի բնակեցման վայրը:

Իսրայէլեան բանակը, շարունակելով իր ռմբակոծումները, հրետակոծած է Խարզէ եւ Այթա Շաապ շրջանները:

Կէսօրուան ժամը 1:00-ին իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Ռամիա եւ Այթա Շաապ գիւղաքաղաքները:

Յետմիջօրէին իսրայէլեան ուժերը գնդակոծեցին Պլիտան, Այթարունը, Լապպունէն, Ալմա Շաապը, Թէյր Հարֆան եւ Ժըպպինը:

Ժամը 4:30-ին իսրայէլեան «Էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւեր թռիչքներ գործեցին հարաւային Լիբանանի, Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի վերեւ:

Երեկոյեան ժամը 5:30-ին, իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծեց Ժըպպինի քաղաքապետին բնակարանը:

Քֆարքիլայի եւ Ատայսէի ճամբուն վրայ իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին նաեւ ինքնաշարժ մը, որուն մէջ կը գտնուէին քաղաքայիններ: Աստուածային նախախնամութեամբ մարդկային վնասներ չարձանագրուեցան, երբ ինքնաշարժին մէջ գտնուող մայր մը եւ անոր որդին փրկուեցան:

Երեկոյեան ժամը 6:15-ին, իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Համմարա, Տէյր Միմաս եւ Լուպիէ գիւղաքաղաքները:

Պըրրի Կը Գուժէ Պաղեստինեան Օրէնսդրական
Խորհուրդի Նախագահին Մահը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին գուժեց Պաղեստինեան օրէնսդրական խորհուրդի նախագահ Ահմետ Պահըրի մահը: Պահըր սպաննուած էր Կազայի դէմ շարունակուող ռմբակոծումին պատճառով:

Իր գուժին մէջ Պըրրի հաստատեց, որ Կազայի մէջ Պահըրի սպանութեան եւ գործուող բոլոր սպանդներուն իրականութիւնը կը զետեղենք աշխարհի բոլոր ազատականներուն տրամադրութեան տակ:

Պըրրի իր եւ խորհրդարանին անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Պահըրի ընտանիքին եւ արաբական, շրջանային ու միջազգային խորհրդարաններուն եւ խորհրդարանական կազմակերպութիւններուն` հարց տալով, որ արդեօք կա՞յ ուժ մը, որ Իսրայէլը կրնայ մղել կասեցնելու Կազայի մէջ գործած իր ցեղասպանութիւնը:

«Մենք Ահմետ Պահըրը կորսնցուցինք` իբրեւ վաստակաւոր խորհրդարանական, իսկ Պաղեստինը զայն շահեցաւ` իբրեւ Պաղեստինի ազատագրման երազին համար պայքարող նահատակ», եզրափակեց Պըրրի:

Հըզպալլա Կը Դատապարտէ
Ֆախուրայի Սպանդը

Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հըզպալլա խստիւ կը դատապարտէ Ֆախուրայի դպրոցին մէջ գործուած սպանդը, որուն պատճառով հարիւրաւոր պաղեստինցիներ զոհուեցան:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Ֆախուրայի դպրոցը ռմբակոծումի թիրախ դարձնելէ առաջ, իսրայէլեան գոյացութիւնը այլ ջարդեր գործած էր նաեւ Թալ Զաաթարի, Ապու Հասանի եւ այլ դպրոցներու եւ կեդրոններու դէմ` սպաննելով հոն ապաստանող պաղեստինցի քաղաքայինները:

«Ֆախուրայի մէջ գործուած քստմնելի այս սպանդին ի տես ամօթ է, որ ՄԱԿ-ը, միջազգային հասարակութիւնն ու խիղճ ունեցող իւրաքանչիւր մարդ արարած դիտողի կարգավիճակին մէջ մնան: Մենք կը հաստատենք պաղեստինցի ժողովուրդին հանդէպ մեր բացարձակ զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛ընդգծենք, որ հարաւային Լիբանանի ճակատին վրայ մեր ներկայութիւնը պաղեստինցի ժողովուրդին զօրակցելու արտայայտութիւններէն մէկն է», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ Զգուշացուց Յառաջիկայ Շատ Դժուար Օրերէն` Հաստատելով, Որ Լիբանան Պատերազմի Մէջ Պէտք Չէ Ներքաշուի

Յաջորդը

Փեսքով. «Մինչեւ ՀԱՊԿ-ի Վեհաժողովը Փութին-Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Չի Նախատեսուիր»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.