Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիւ Եորքի Քաղաքապետին Քարոզարշաւը Մանրամասն Քննելէ Ետք, Էֆ.Պի.Այ. Խորացած Է Թուրքիոյ Հետ Անոր Կապերուն Մէջ

November 16, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Հետախուզութեանց դաշնակցային բիւրոն (FBI) այժմ ընդլայնած է Նիւ Եորքի քաղաքապետ Էրիք Էտըմզի քարոզարշաւին եւ թուրք պաշտօնեաներու ու անհատներու միջեւ կապերու իր հետաքննութիւնը` ենթադրեալ ապօրինի դրամահաւաքի առնչութեամբ:

Անցեալ շաբաթ ես տեղեկացուցած էի, որ Էֆ.Պի.Այ. ներխուժած է քաղաքապետի նախընտրական քարոզարշաւի դրամահաւաքի գրասենեակ եւ գրաւած երեք iPhone, երկու համակարգիչ եւ զանազան փաստաթուղթեր: Էտըմզի փաստաբան Պոյտ Ճանսըն ըսաւ, որ ստուգման այցելութենէն ետք «բացայայտուած է, որ անձնաւորութիւն մը վերջերս ոչ պատշաճ կերպով վարուած է»:

Այնուհետեւ Էֆ.Պի.Այ. անսպասելիօրէն կանգնեցուցած է քաղաքապետը փողոցին մէջ եւ անոր քովէն վերցուցած` բջջային երկու հեռախօսները եւ iPad-ը` դատարանէն խուզարկութեան հրամանագիր ստանալէ ետք: Էֆ.Պի.Այ. պատճէնահանած է անոր ելեկտրոնային սարքերու պարունակութիւնը եւ զանոնք վերադարձուցած` քաղաքապետին: Էտըմզ ջնջած է դէպի Փորթօ Ռիքօ ծրագրուած ճամբորդութիւնը, ուր ան պէտք էր մասնակցէր քաղաքական կարեւոր համաժողովի մը:

Կան երեք կարեւոր իրողութիւններ` այս վերջին զարգացումներուն կապուած.

1) Դաշնակցային կառավարութիւնը հետզհետէ կը մօտենայ` քաղաքապետին եւ թուրք պաշտօնեաներու, ինչպէս նաեւ անհատներու միջեւ եղած անձնական կապերը քննութեան ենթարկելու հաւանականութեան, այն նկատառումով, որ հաւանաբար այս վերջինները ապօրինի ներդրում ունեցած են անոր քաղաքական քարոզարշաւին մէջ:

2) Դատարանէն խուզարկութեան լիազօրութիւն ստանալու համար Էֆ.Պի.Այ. պէտք էր որ դատաւորին ներկայացնէր քաղաքապետին կամ անոր նախընտրական քարոզարշաւի հնարաւոր ապօրինութիւններուն մասին հաւաստի ապացոյցներ: Նման լիազօրագիր մը եւս ստացուած էր դատարանէն` անցեալ շաբաթ քաղաքապետին դրամահաւաքի գրասենեակը խուզարկութիւն կատարելու համար:

3) Քաղաքապետը անսպասելիօրէն փողոցին մէջ կանգնեցուցած էին իր ելեկտրոնային սարքերը վերցնելու համար, որպէսզի ան հնարաւորութիւն չունենար ջնջելու կամ փոխելու իր սարքերուն տեղեկութիւնը:

«Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը 12 նոյեմբեր 2023-ին հաղորդած է, որ Էֆ.Պի.Այ.` «Կը քննէ, թէ Էտըմզ արդեօք ջնջա՞ծ է  համապատասխան կանոնակարգերը թրքական կառավարութեան համար»: Ըստ լուրերուն, «2021 թուականին Դեմոկրատական կուսակցութեան քաղաքապետի նախնական ընտրութիւններուն մէջ յաղթելէ ետք, Էրիք Էտըմզ յաջողութեամբ ճնշում գործադրած է (Նիւ Եորքի) քաղաքային պաշտօնեաներու վրայ` թոյլ տալու համար Մենհեթընի բարձրայարկ շէնքին բացումը, ուր հաստատուած է Թուրքիոյ հիւպատոսութիւնը»:

«Նիւ Եորք Թայմզ» բացայայտած է, որ` «Դաշնակցային իշխանութիւնները կը հետաքննեն, թէ քաղաքապետ Էրիք Էտըմզ, երկու տարի առաջ, յատկապէս` իր ընտրուելէն շաբաթներ առաջ, արդեօք ճնշում գործադրա՞ծ է Նիւ Եորքի հրշէջ ծառայութեան պաշտօնեաներուն վրայ, որպէսզի անոնք վաւերացնէին  Մենհեթընի մէջ թրքական կառավարութեան հիւպատոսութեան բարձրայարկ  նոր շէնքը` հակառակ  անոր  անվտանգութեան հետ կապուած մտահոգութիւններուն, ըսած են գործին տեղեակ երեք անձեր»:

«Նիւ Եորք Թայմզ» աւելցուցած է, որ` «Յուլիսին, Դեմոկրատական կուսակցութեան քաղաքապետի նախնական ընտրութիւններուն մէջ յաղթելէ ետք, Էտըմզ, 2021-ի ամրան վերջաւորութեան, կապ հաստատած է այդ օրերու հրշէջ ծառայութեան յանձնակատար Տանիէլ Ա. Նիկրոյի հետ եւ զայն յորդորած` արտօնել թրքական կառավարութեան օգտագործել շէնքը, առնուազն` ժամանակաւոր հիմունքներով: Շէնքը դեռ չէր բացուած, քանի որ հրշէջները նշած էին անվտանգութեան խնդիրներու մասին եւ հրաժարած` հաստատել անոր օգտագործումը, յայտնած են որոշ մարդիկ: Արձանագրութիւնները ցոյց կու տան, որ շէնքը դեռ կը շահագործուի ժամանակաւոր օգտագործման արտօնագրով»:

Քաղաքապետին միջամտութիւնը կարելիութիւն ստեղծած է  Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին` «իրականացնել 300 միլիոն տոլար արժողութեամբ 35 յարկանի աշտարակի հանդիսաւոր բացումը սեպտեմբեր 2021-ին` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին համար Նիւ Եորք կատարած իր այցելութեան ընթացքին, հակառակ հակահրդեհային անվտանգութեան համակարգի բազմաթիւ թերութիւններուն` ըստ գործին ծանօթ մարդոց եւ քաղաքային գրառումներու», կը յայտնէ «Նիւ Եորք Թայմզ»:

«Դաշնակցային քրէական հետաքննութիւնը մասամբ կեդրոնացած է այն բանին վրայ, թէ արդեօ՞ք Էտըմզի 2021-ի քարոզարշաւի ընթացքին գաղտնի գործարք եղած է թրքական կառավարութեան, ներառեալ` Նիւ Եորք գտնուող անոր գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ` անօրինական կերպով օտարերկրեայ գումարներ ուղղելու համար անոր գանձարանը` համաձայն «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի կողմէ ձեռք բերուած խուզարկութեան լիազօրագրին, որով այս ամիս Էֆ.Պի.Այ. խուզարկած է քաղաքապետի գլխաւոր դրամահաւաքի գրասենեակը… Էտըմզի կապերը թրքական կառավարութեան եւ համայնքին հետ երկար տարիներու պատմութիւն ունին: Իբրեւ Պրուքլինի շրջանի ղեկավար` ան աշխուժօրէն կը սիրաշահէր հարաւային Պրուքլինի թրքական համայնքի հարուստ անդամները: Օգոստոս 2015-ին Նիւ Եորքի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութիւնը վճարած է Էտըմզի օդանաւային տոմսի, պանդոկի եւ ցամաքային երթեւեկութեան ծախսերը` Թուրքիա մեկնելու համար, ըստ ֆինանսական հաշուետուութիւններու: Հոն Էտըմզ քոյր քաղաքի պայմանագիր ստորագրած է Պոլսոյ Իւսկիւտարի քաղաքապետարանին հետ, որ մէկն էր քանի մը այն քաղաքներէն, ուր ան մեկնած էր իբրեւ շրջանի ղեկավար: Ան նաեւ այցելած է Պահչեշեհիր համալսարանը, որ հիմնած է նոյն թուրք բարերարը, որ հիմնած է «Պէյ» Աթլանթիք համալսարանը Ուաշինկթընի մէջ», կը գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ»:

Աւելի՛ն. Էֆ.Պի.Այ. կը հետախուզէ «KSK Construction-ի` թուրք ներգաղթեալներուն պատկանող Պրուքլինի շինարարական ընկերութեան դերը, որ 7 մայիս 2021-ին Էտըմզի համար կազմակերպած էր դրամահաւաք: Այդ օր 48 նուիրատուներ, որոնց շարքին` ընկերութեան սեփականատէրերը, աշխատակիցները եւ անոնց ընտանիքները, ինչպէս նաեւ` շինարարութեան եւ անշարժ գոյքի ոլորտին մէջ աշխատող այլ անձեր, նուիրած են 43 հազար 600 տոլար` ըստ Էտըմզի քարոզարշաւի զեկոյցներուն: Այդ ներդրումները հնարաւորութիւն տուին անոր ստանալու 48 հազար տոլար արժող հանրային  համապատասխան հիմնադրամներ եւս,  ընդհանուր առմամբ` մօտաւորապէս 92 հազար տոլար», ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի:

Նախագահ Էրտողանի զաւակին` Պիլալ Էրտողանի կողմէ հիմնադրուած «Թուրքէն» հիմնադրամի խորհուրդի երեք ամերիկացի անդամներ 6000 տոլար նուիրած են Էտըմզի քարոզարշաւին, 2018-2021, կը յայտնէ «Տը Սիթի» կայքը: Հիմնադրամը արձանագրուած է իբրեւ օտարերկրեայ գործակալ` ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութեան մէջ:

Պրուքլինի շրջանի այդ օրերու ղեկավար Էրիք Էտըմզ տարօրինակ կերպով խաղացած է ինքնիր կերպարը` 2017-ի թրքական «Նիւ Եորքի հեքիաթը» ռոմանթիք կատակերգութեան մէջ, ուր երկու թուրքեր իրմէ կը խնդրեն քաղաքական առանձնաշնորհումներ, իսկ ան կ՛ըսէ, որ չի հասկնար զիրենք: Շարժապատկերին մէջ Էտըմզ կ՛ըսէ թուրքերուն. «Պրուքլին կը սիրէ Թուրքիան: Պրուքլին ամերիկեան Պոլիսն է: Մենք կը հաւնինք ձեր ճաշերը, մենք կը սիրենք ձեր երաժշտութիւնը, բայց ես թրքերէն չեմ հասկնար, սակայն մենք կրնանք սելֆի ընել»:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ Մասնաճիւղի Սկաուտական Պաշտօնական Վերամուտ` Նուիրուած Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 100-Ամեակին

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ Պարտութիւն Մը Կրեց

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.