ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.800 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: «Հաւանական է, որ երկարատեւ եւ ցաւալի պատերազմի մը դէմ յանդիման գտնուինք, սակայն մենք պատրաստ ենք ամէն տեսակի բեմագրութիւններու», ըսաւ ան:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց Ազգային հաւասարակշռութիւն պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց Աքքարի եւ հիւսիսային Լիբանանի կարիքները: Նոյն պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի, որուն հետ քննարկեց Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի ապահովական իրադարձութիւնները:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ Պաթրունի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթը: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Նշենք, որ օր մը առաջ Պասիլ հաստատած էր, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կտրականապէս կը մերժէ լիբանանեան բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Կազայի դէմ արձանագրուած բռնարարքները հովանաւորող իւրաքանչիւր պետութիւն կամ ուժ կամ կազմակերպութիւն սպանդներ գործելու իմաստով մեղսակից է եւ հաշուետուութեան պէտք է ենթարկուի:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հանդիպում մը ունեցաւ ընդդիմադիր երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութեան հետ: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ շեշտեց, որ բանակի հրամանատարութեան առումով միակ լուծումը բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով յետաձգելն է` սպասելով հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Խրէյս ընդգծեց. «Մենք սպառնալիքներէ չենք վախնար, ինչպէս նաեւ պատերազմի երկրպագուներ չենք, սակայն պատրաստ ենք դիմադրելու բոլոր անոնց, որոնք կը մտածեն մեզի դէմ յարձակելու մասին»:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մըլհեմ Հուժէյրի հաստատեց, որ այս օրերուն միջազգային որոշումներուն կամ բանաձեւերուն գործադրութիւնը պահանջող կողմերը կարծէք Լիբանանի դէմ դաւադրութիւններ կը կազմակերպեն:
ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ իրաւանց խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի դէմ շարունակուող իսրայէլեան բռնարարքները Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի եւ Ժընեւի համաձայնագիրի գործադրութեան բացայայտ խախտումներ կը նկատուին:
ՆԱՀԸԺ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Լիբանան պէտք է կազմ ու պատրաստ ըլլայ դիմակալելու Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի խենթութիւնը:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Ռընէ Փոլ Մարին, որուն հետ քննարկեց Կազայի դէմ պատերազմն ու շրջանին վրայ անոր ունենալիք ազդեցութիւնը:


