Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեհրան. «Ուաշինկթընի Կողմէ Զինադադարի Հաստատման Խոչընդոտումը Պիտի Ընդլայնէ Ընթացող Պատերազմի Շրջագիծը»

November 14, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Շաֆա հիւանդանոցի իսրայէլեան շրջափակումն ու Կազայի մէջ բժշկական կեդրոններու թիրախաւորումը «լկտի ոճիր է»:

«Իսրայէլ Կազայի մէջ որակելի ոճիրներ կը գործէ, եւ անոնց պատասխանատուութիւնը Միացեալ Նահանգները կը կրեն», նշեց նախարարութիւնը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ յայտարարեց. «Ուաշինկթընի կողմէ զինադադարի հաստատման խոչընդոտումը պիտի յանգեցնէ ընթացող պատերազմի շրջագիծի ընդլայնման»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան իր կարգին նշեց. «Իսրայէլեան գոյացութիւնը 7 հոկտեմբերին քայքայուեցաւ եւ այժմ ամերիկեան արհեստական շնչառութեամբ կ՛ապրի, եւ այն, ինչ որ աշխարհը կը տեսնէ, Կազայի դէմ ամերիկեան համապարփակ պատերազմ է»:

«Ռիատի մէջ եգիպտացի պաշտօնակիցիս` Սամեհ Շուքրիին ըսի, որ այսօր մեր քննութեան օրն է, եւ կը սպասուի, որ Եգիպտոսը ջուր, դեղորայք եւ վառելանիւթ ուղարկելու համար բանայ Ռաֆահի անցքը», յայտնեց Ապտոլլահեան:

Եգիպտական աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին. «Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ օրերուն իր աւարտին հասնի քաթարական-ամերիկեան միջնորդութեամբ Իսրայէլի եւ պաղեստինեան խմբաւորումներուն միջեւ գերիներու փոխանակման համաձայնութեան մը ձեւաւորումը»:

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց յայտնեց. «Չենք կարծեր, որ անյապաղ զինադադարի հաստատման կամ երկարատեւ զինադադարի հաստատման կոչերը տեղին են, որովհետեւ ատիկա ի վերջոյ կը նշանակէ, թէ Իսրայէլ Համասին կարելիութիւն պիտի ընծայէ նոր հրթիռներ ձեռք բերել»: Շոլց կոչ ուղղեց «մարդասիրական զինադադարներ» հաստատելու:

ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչի առաջին տեղակալ Տմիթրի Փոլիանսքի «Սփութնիք»-ին յայտնեց. «Կազայի տագնապը բացայայտեց երկակի չափանիշները արեւմտեան պետութիւններուն, որոնք չեն ուզեր զայն քննարկել, եւ չեն ուզեր Իսրայէլը դատապարտել: Անոնք չեն համարձակիր հարցերը իրենց իսկական անուններով կոչել, երբ հարցը կը վերաբերի իսրայէլեան արարքներու»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը պէտք է ստանձնէ Կազայի վերահսկողութիւնը, իսկ Իսրայէլ պէտք է բանակցութիւններու սկսի երկու պետութիւններու համակեցութեան շուրջ:

«Դրական արդիւնքի պարագային Պաղեստինի վարչակազմը պիտի ստանձնէ Կազայի ղեկավարութիւնը, որմէ ետք Իսրայէլը միջազգային ընտանիքի աջակցութեամբ պիտի համաձայնի լուրջ բանակցութիւններու` երկու պետութիւններուն միջեւ խնդիրի լուծման շուրջ: Ասիկա իրադարձութիւններու զարգացման լաւագոյն բեմագրութիւնն է», ըսաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

«Ժազիրա» հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը  Այսրյորդանանի Նապլուս քաղաքէն հարաւ-արեւմուտք գտնուող Ուրիֆ գիւղին վրայ յարձակում գործած է:

Պատկերասփիւռի կայանին տուեալներով` բախումներ տեղի ունեցած են պաղեստինցիներու եւ իսրայէլացի զինուորներու միջեւ, որոնք ներխուժումներ եւ ձերբակալութիւններ կատարած են:

Բացի ատկէ, բախումներ արձանագրուած են Այսրյորդանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան նստավայր Ռամալլա քաղաքէն արեւմուտք գտնուող Պուտրուս գիւղին մէջ:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին չէ պատասխանած այն հարցումին, թէ արդեօք պիտի ստանձնէ՞ պատասխանատուութիւնը, որ չէ կրցած կանխարգիլել 7 հոկտեմբերի յարձակումը:

Ան ընդունած է, որ ատիկա «հարցում մըն է, որ պէտք է տալ», սակայն ներկայ պահուս երկրին անհրաժեշտ է միաւորուիլ Համասի վրայ յաղթանակի նպատակին հասնելու համար:

«Մենք կը պատրաստուինք պատասխանել այդ բոլոր հարցումներուն», ըսած է Նեթանիահու` աւելցնելով. «Ես կը կարծեմ, որ հիմա մենք պէտք է երկիրը միաւորենք մէկ նպատակի համար` հասնիլ յաղթանակի»:

«Եկէք կեդրոնանանք յաղթանակին վրայ, այս է այժմ իմ պատասխանատուութիւնս», յայտնած է ան:

Նեթանիահուն քննադատութեան ենթարկուած է այն բանին համար, որ չէ կրցած կանխարգիլել ամէնէն մահասփիւռի յարձակումը Իսրայէլի վրայ 1948 թուականին այդ պետութեան ստեղծումէն ետք:

Շաբաթ օր Թել Աւիւի մէջ ցոյցի ժամանակ պատանդներու ընտանիքները Նեթանիահուին կոչ ուղղած են աւելին ընելու իրենց մերձաւորները ազատելու համար:

Նախորդը

Պորել. «Ուքրանիոյ Ամերիկեան Օգնութիւնը Հաւանաբար Կրճատուի, Ուստի Եւրոպական Միութեան Երկիրները Պէտք Է Պատրաստ Ըլլան Փոխհատուցելու»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.