Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպայի Լաւագոյնները

November 9, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպայի 5 կարեւոր ախոյեանութիւններու բոլոր մարզիկներուն կը տրուին նիշեր եւ անոնց հիման վրայ, ամէն շաբթուան աւարտին կէտերը կը կուտակուին եւ Եւրոպայի լաւագոյններու դասաւորում մը մէջտեղ կու գայ` փաուըր Ռենքինկզ անունով:

Ստորեւ կը ներկայացնենք անցեալ շաբաթավերջի մրցումներէն ետք Եւրոպայի լաւագոյն 10 ֆութպոլիստները, անշուշտ` ըստ մասնագէտներու:

1.- Լիրոյ Սանէ (Պայերն Միւնիխ). 42 օրէ ի վեր կը գրաւէ առաջին դիրքը եւ այժմ իր լաւագոյն օրերուն մէջ կը գտնուի: Շատ արագ, իր տրիպլինկով կը յիշեցնէ նետերլանտցի Ռոպենը եւ կոլի փոխանցումներուն կողքին (էսիսթ) կը նշանակէ նաեւ կոլեր:

2.- Ճուտ Պելինկհամ (Ռէալ Մատրիտ). եթէ Սանէ իր ասպարէզի լաւագոյն օրերուն մէջ չըլլար, անպայման Պելինկհամ կը գրաւէր առաջին դիրքը: Շատ լաւ մակարդակի վրայ, տարեշրջանի սկիզբէն կը նշանակէ մեծ թիւով կոլեր, հակառակ միջնապահ ըլլալուն, եւ շատ առիթներով վերջին վայրկեաններուն կը փրկէ Ռէալը` նշանակելով շատ կարեւոր կոլեր:

3.- Ալեխանտրօ Կրիմալտօ (Պայեր Լեւերքուզըն). սպանացի այս ձախ յետսապահ/միջնապահը` Պենֆիքայէն ժամանած, Լեւերքուզընի հետ շատ լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ Չաւի Ալոնսոյի խումբին հետ: Ան շատ կոլի պատրաստութիւններ կ՛ընէ եւ կոլեր ալ նշանակեց «զարմանալի» դիրքերէ: Հակառակ 28 տարեկան ըլլալուն, տակաւին երիտասարդի նման «ձախ գիծին վրայ կը սուրայ»:

4.- Հերի Քէյն (Պայերն Միւնիխ). Անգլիոյ պատմութեան ամէնէն ամբողջական կազմին խմբապետը, ուր որ ալ ըլլայ յաջողութիւնը իրեն հետ կ՛ըլլայ: Թոթենհամի մրցանշակիր կոլ-սքորըր, Պայերնի մրցանիշ պայմանագրութիւնը, կարծես տակաւին փայլելիք օրեր ունի իր առջեւ: Ան ամէն ձեւի կոլեր կը նշանակէ Պայերնի հետ` գլխու հարուած, փենալթի, աջ ոտքի հարուած, 60 մեթրէն կոլ` լոպով… Կարծես մոռացութեան պիտի մատնէ լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքին:

5.- Մին-Ճայ Քիմ (Պայերն Միւնիխ). քորէացի խմբապետ Քիմ, որ անցեալ տարի Նափոլիէն միացաւ, առաջին ելոյթներուն քիչ մը տատամսելէ ետք, հետզհետէ դարձաւ անփոխարինելի: Ան Պայերնի ստացած կոլերէն ոչ մէկուն յանցանք ունի: Արագ, տոկուն, շատ դիւրին կը վերատիրանայ գնդակին, բնակ չզգացուց, թէ Պայերնի կեդրոնի յետսապահներ Ուփամեքան եւ Տը Լիխթ վիրաւոր էին:

6.- Անթուան Կրիզման (Աթլեթիքօ Մատրիտ), Կրիզման ֆրանսական գինիի նման աւելի արժէքը կը բարձրանայ, որքան տարիքը մեծնայ: Ճիշդ է, որ ան աւելի միջնապահի դիրքի վրայ ելոյթ կ՛ունենայ, բայց տակաւին կոլ նշանակելու «ծարաւը» ունի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ առիթներ կը ստեղծէ իր խաղընկերներուն:

7.- Հաքան Չալհանօղլու (Ինթեր Միլան). Ինթեր Միլանի 5-րդ եւ կեդրոնի միջնապահ կէտը վստահուած է Հաքանի: Ինք է, որ կը կապէ պաշտպանողական գիծը` առջեւ, կամ ծայրեր` ուինկերուն: Ինթեր ճիշդ մեքենայի նման կ՛աշխատի, եւ ինք է այդ մեքենային տինամոն:

8.- Քիլիան Էմպափէ (Փարիզ Սեն Ժերմեն). ճիշդ է, որ Էմպափէի խմբակիցներուն մեծ մասը փոխուեցաւ, սակայն տակաւին ան որոշ չափով կը փորձէ խումբը առջեւ տանիլ` հետզհետէ վերագտնելու համար իր փայլուն մակարդակը: Ան 90 վայրկեանի ընթացքին թերեւս 100 տոկոս չի կրնար տալ, բայց երբ տայ, գրեթէ անկարելի է զինք կասեցնել:

9.- Ճէյմս Մետիսըն (Թոթենհամ). Մերտսըն եւ Սոն այս տարի շատ խումբերու գլխու ցաւ պատճառեցին` կազմելով «տետլի տիօ» (մահուան զոյգը): Թոթենհամի մայեսթրոն ամէն մրցումի շատ առիթներ կը ստեղծէ եւ կամ առիթներ կոլի կը վերածէ տարեշրջանի սկիզբէն ի վեր:

10.- Ռոտրի (Մանչեսթըր Սիթի). ճիշդ է, որ Ռոտրի 3 մրցումէ բացակայեցաւ Սիթիի հետ Անգլիոյ ախոյեանութեան, սակայն ան կը մնայ լաւագոյն աշխատողը, որ դաշտին կեդրոնէն կ՛անշարժացնէ մրցակից յառաջապահ/միջնապահները: Ան շատ յարձակումներ կը կասեցնէ եւ յարձակումը կը փոխէ դէպի հակայարձակում:

 

 

Նախորդը

Նշմար. Այրե՛լ Եղծուած Դասագիրքերը

Յաջորդը

«Սփերցեան Պէտք Է Հեռանայ Ռուսիոյ Ախոյեանութենէն» Կ՛ըսէ Մոսթովոյ

RelatedPosts

Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)

October 3, 2026
Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսի Մրցում` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 3, 2026
«Սփարք Լիկ».  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս
Մարզական

«Սփարք Լիկ». Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.