
Տորթմունտի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցող փինկ փոնկի աշխարհի խմբային ախոյեանութեան մրցումներուն, Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց ազգային խումբերը իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ ապահովեցին Բ. հանգրուանի իրենց տոմսերը:
Լիբանանի աղջիկները գրաւեցին իրենց խմբակի պարագլուխի դիրքը (առանց պարտութեան)` յաջորդաբար յաղթելէ ետք Պարպատոսի (3-0), Փաքիստանի (3-1), Կիպրոսի (3-2) եւ Թանզանիոյ (3-0):
Վերջինիս դէմ Լիբանանի յաղթանակը ապահովեցին` Լարա Քեչեպաշեան, Դուին Մումջողլեան եւ Ռիթա Պըսեյպես:
Իր կարգին, տղաքը եւս միացան Բ. հանգրուան հասնողներուն` յաջորդաբար յաղթելէ ետք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն (3-1), Հարաւային Ափրիկէի (3-1) եւ Մեքսիքայի (3-1):
Վերջինիս դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Աւօ Մումջողլեան արձանագրեց յաղթանակ մը, իսկ Տաուտ Շեհայէպ` երկու յաղթանակ: Ռաշիտ Պըպպօ երէկուան այս մրցումին պարտութիւն կրեց:


