Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սամուէլ Շահրամանեան Ընդունած Է Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխանները

November 1, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան ընդունած է 29-30 հոկտեմբերին Եւրոպական խորհրդարանի ֆրանսացի երեսփոխան Նիքոլաս Պեյի, իտալացի երեսփոխան Վինչենցօ Սոֆոյի եւ Եւրոպական խորհրդարանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն ֆրանսական «Ռեքոնքուեթ» կուսակցութեան ցանկը գլխաւորող Մարիոն Մարեշալի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Հանդիպման մասին իր դիմատետրեան էջին մէջ գրառում կատարած է ֆրանսացի երեսփոխան Մարիոն Մարեշալը` կարեւոր նկատելով Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի հետ հանդիպումը: Երեսփոխանը շեշտած է, որ Թուրքիոյ կողմէ աջակցութիւն ստացող Ազրպէյճանը կը ցանկայ բնաջնջել հայերը ու ոչնչացնել քրիստոնէութեան հետքը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Ազրպէյճանի նախայարձակումին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին առնչուող հարցեր:

Միւս կողմէ, 29-30 հոկտեմբերին իրենց աջակցութիւնը հայ ժողովուրդին յայտնելու եւ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու հետ հանդիպելու նպատակով, Հայաստան կը գտնուէին Եւրոպական խորհրդարանի ֆրանսացի երեսփոխան Նիքոլաս Պեյի,  իտալացի երեսփոխան Վինչենցօ Սոֆոյի եւ Եւրոպական խորհրդարանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն ֆրանսական  «Ռեքոնքուեթ» կուսակցութեան ցանկը գլխաւորող Մարիոն Մարեշալի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին պատուիրակութեան անդամները հանդիպումներ ունեցած են Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրուած պաշտօնեաներու եւ քաղաքական առաջնորդներու հետ, որոնց հետ քննարկուած են ստեղծուած իրավիճակի եւ Ազրպէյճանի Արցախ ներխուժման վերաբերեալ եւրոպական տարբեր պետութիւններու արձագանգներու հետ առնչուող հարցերու լայն շրջանակ:

Մասիս եւ Վարդենիս քաղաքներուն մէջ պատուիրակութեան անդամները հանդիպած են Արցախէն բռնի տեղահանուած հայ ընտանիքներուն, լսած անոնց պատմութիւնները, ծանօթացած խնդիրներուն:

Պատուիրակութեան անդամները մտադիր են շարունակել եւրոպական հարթակներուն մէջ բարձրաձայնել Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու մասին եւ ջանքեր գործադրել, որպէսզի  Եւրոպական Միութիւնը դիւանագիտական եւ տնտեսական գործուն քայլերու ձեռնարկէ ազրպէյճանական ռազմական նախայարձակումի զսպման եւ հայ ժողովուրդի զաւակներու շահերու պաշտպանութեան ուղղութեամբ:

Նախորդը

Նակիեւ. «Ազրպէյճանի Կառավարութիւնը Լիովին Կ՛երաշխաւորէ Հայ Բնակչութեան Ղարաբաղի Մէջ Անվտանգ Կեանքը»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (1 Նոյեմբեր 2023)

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.