2018-ին միանալէ ետք Ռէալ Մատրիտի, 18 տարեկան պրազիլցի յառաջապահ Վինիսիուս Ճունիոր դարձաւ ոչ միայն Ռէալի կարեւորագոյն մարզիկներէն, այլ նաեւ ամէնէն աւելի իր մասին խօսուածը:
2023-ի «Սոքրաթես» մրցանակը շահելէ ետք «Պալոն տ՛Օր»-ի հանդիսութեան, իր մարդասիրական գործերուն համար, Պրազիլի եւ Եւրոպայի մէջ, Ռէալ Մատրիտ անմիջապէս նոր պայմանագրութիւն կնքեց «Վինի»-ի հետ: Ան պիտի մնայ Ռէալի հետ մինչեւ 2027-ի ամառը:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, անոր տարեկան եկամուտը 3 միլիոն եւրոյով աւելցաւ: Ըստ «Մունտօ Տեփորթիվօ»-ի անոր տարեկանը պիտի հասնի մօտ 9 միլիոն եւրոյի, մինչ «Ռեւելօ» կ՛ըսէ, թէ 10 միլիոն եւրօ պիտի ըլլայ, զինք ակումբի ամէնէն բարձր վարձատրուող մարզիկներէն մէկը դարձնելով:
Այս բոլորէն կարեւորը, իր պայմանագրութիւնը «խզելու» սակագինն է… 1 միլիառ եւրօ, Ռէալ Մատրիտի իրաւասութիւն տալով ճշդելու «Վինի»-ի ապագան:


