Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Նախագահութեամբ Կայացաւ Մասնագիտական Հարթակի Երրորդ Նիստը

October 31, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 30 հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախաձեռնած մասնագիտական քննարկումներու երրորդ առցանց նիստը կայացաւ:

Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն պատմագէտներու, իրաւագէտներու եւ քաղաքագէտներու խումբը երրորդ նիստով քննարկեց Արցախի հարցի ուղղութեամբ աշխարհաքաղաքական շատ արագ ընթացող իրադարձութիւններու հաւանական հետեւանքները: Առնչուած թեմաներ էին` Արցախի նախագահին կատարած վերջին յայտարարութիւնները, Զանգեզուրի միջանցքի ծրագիրին մասին յայտարարութիւններով ակնարկուող փոփոխութիւնները, Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրին վերաբերեալ համաձայնուած սկզբունքները, գաղափարախօսութեան ու քաղաքականութեան համատեղումն ու տարանջատումը եւ այս բոլորին առումով` սփիւռքի դերակատարութիւնը:

Կաթողիկոսը հաստատեց, որ այս բոլորին լոյսին տակ անհրաժեշտ են համահայկական օրակարգի մշակումը եւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք այսօր չգործող եռամիասնութեան յենասիւներու միջեւ համակարգումի ստեղծման համար նոր ռազմավարութեան մշակումը:

Յառաջիկայ առցանց նիստը, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 5 նոյեմբերի երեկոյեան, իբրեւ օրակարգի կէտեր նկատի պիտի ունենայ վեհափառին յիշեալ ընդգծումները:

Արամ Ա. հաստատեց մասնագիտական այս հարթակին հանդիպումները հերթականօրէն գումարելու անհրաժեշտութիւնը` յայտնելով, որ յառաջիկայ ամիս կը նախատեսուի Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարել այս ձեւաչափով առկայ երկօրեայ նիստեր:

Յիշենք, որ մասնագիտական հարթակի մասնակիցներն են` փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանը, փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեանը, դոկտ. Արմէն Մարուքեանը, փրոֆ. Վահրամ Բալայեանը, դոկտ. Վիգէն Չթըրեանը, դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը, դոկտ. Սիմոն Փայասլեանը, դոկտ. Վահրամ Շամմասեանը, դոկտ. Նորա Պայրագտարեանը, Շահան Գանտահարեանը եւ քարտուղար Ահարոն Շխրտըմեանը:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (31 Հոկտեմբեր 2023)

Յաջորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շամախիի Շրջակայ Բնակավայրեր Եւ Հոգեւոր Կեդրոն Սաղիանի Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ Վանք

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.