Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպասելով Աւելի Վստահելի Տեղեկութեան

October 31, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Լրատուութեան առանձնայատուկ է զբաղիլ անմիջականով: Անմիջականը, այս օրերուն, Կազայի պատերազմն է, որուն մասին տեղեկութիւնները կ՛ողողեն լրատուամիջոցները: Հազիւ կը յիշուի Ուքրանիոյ շարունակուող պատերազմը, իսկ Արցախին վերաբերող իրադարձութիւնները, որոնց մասին տեղեկատուութիւնը արդէն ժլատ էր, այժմ համարեա դադրած է յիշատակուելէ: Անակնկալ էր սակայն, Եւրոպական Միութեան Կազային նուիրուած գագաթաժողովի աւարտին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի կողմէ տրուած մամլոյ ասուլիսին լուծում պահանջող հարցերու կարգին յիշատակումը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող տագնապին: Կարճ, սակայն վճռական շեշտով նախագահ Մաքրոն դատապարտեց Ազրպէյճանի նախայարձակումը:

Հարիւր հազարէ աւելի արցախահայերու բռնի տեղահանումը շշմեցնող էր բոլոր դիտողներուն համար: Սահմռկեցնող երեւոյթին մասին բացատրութեան, արդարացման կարիք կը զգային բոլորը: Զարմանալի է, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը ոչ մէկ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի պետական ղեկավարներուն հետ, յատկապէս` Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը եւ Սամուէլ Շահրամանեանի Արցախի Ազգային ժողովի երկու երրորդին կողմէ ընտրութիւնը ներկայացուեցաւ իշխանամերձ շրջանակներու կողմէ իբրեւ պետական յեղաշրջում: Նիկոլ Փաշինեան չշնորհաւորեց Շահրամանեանի ընտրութիւնը: Յիշեցնենք, որ Դաւիթ Իշխանեանի նոյնատիպ մեծամասնութեամբ Ազգային ժողովի նախագահ ընտրութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան շտապած էր շնորհաւորել օրին: Արդեօ՞ք Սամուէլ Շահրամանեանի ընտրութիւնը Նիկոլ Փաշինեանի սրտովը չէ՞ր. տարբե՞ր թեկնածու մը կը վայելէր Փաշինեանի նախասիրութիւնը: Այս մասին Փաշինեան ոչինչ ըսած է: Կը մնայ յուսալ, որ Արցախի ու անոր բնակիչներուն վերաբերող հարցերը Հայաստանի իշխող ղեկավարութիւնը կը քննարկէ Արցախի օրինական իշխանութիւններուն հետ:

Սամուէլ Շահրամանեան յայտնապէս ուղղորդուած ցուցարարներուն խոստացած էր բացատրութիւններ տալ Հայաստանի Հանրային (Հ1) հեռատեսիլէն: Այդ բացատրութիւնը վերջապէս տրուեցաւ շաբաթավերջին ոչ թէ Հ1-էն, այլ… Արցախի հեռատեսիլէն, որ կը թուի թէ կը շարունակէ գործել Հայաստանի տարածքէն: Հ1-ը նախորդ շաբաթներուն քանի մը հարցազրոյցներ կատարեց Արցախի նախկին պետական պաշտօնեաներու հետ: Արտօնուա՞ծ է ենթադրել, որ Հ1-ը մերժած է հարցազրոյց կատարել Սամուէլ Շահրամանեանի հետ:

Ողբերգական պայմաններու մէջ անգամ քէնն ու ոխը, սեւն ու ճերմակը, մերոնք եւ ուրիշներ կարգախօսները կը շարունակեն տիրապետել Հայաստանի հանրային կեանքին: Ու այս երեւոյթին անունը ժողովրդավարութիւն է, ողջունուած յոտնկայս ծափահարութեամբ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ: Նիկոլ Փաշինեանի համապարփակ խաղաղասիրական ճառը, իր զիջումներով եւ արցախեան հարցի մոռացութեամբ, գոհ ձգած է Եւրոպական խորհրդարանի ժողովրդանուէր երեսփոխանները:

Սամուէլ Շահրամանեանի ելոյթը չի պարունակեր որեւէ ուշագրաւ նորութիւն: Անգոյ յարաբերութիւնները Հայաստանի իշխանաւորներուն հետ աւելի չվատթարացնելու մտահոգութեամբ, ան խուսափած է Հայաստանի իշխանութիւններուն նկատմամբ որեւէ քննադատութիւն կատարելէ: Յայտնած է, որ յունուար 1-էն սկսեալ Արցախի Հանրապետութիւնը լուծելու մասին իր ստորագրած հրամանագիրը… անօրինական է: Ինք ստորագրած է Արցախի ժողովուրդին ապահով տարհանումը կարելի դարձնելու համար: Նոյնիսկ յայտնած, որ այդ հրամանագիրը կարելի է չեղարկել (չեղեալ համարել):

Կռահումներով յատկանշուող ոճը կը մատնէ գաղտնիքներ չյայտնաբերելու մտահոգութիւն մը: Կ՛ուզենք գիտնալ, թէ ի՞նչ պատահեցաւ, ինչո՞ւ պատահեցաւ, ինչո՞ւ Արցախի իշխանութիւնը փոխարինուեցաւ ուրիշով մը, որ հազիւ ընտրուած, դէմ յանդիման գտնուեցաւ միօրեայ պատերազմի, պարտութեան, զինուած ուժերու զինաթափման, զէնքերու յանձնման, ընտրովի ձերբակալութիւններու եւ ամբողջ ժողովուրդի տեղահանման: Նախածրագրուած դիպաշարի մը հոտ կու գայ, աւելի ճիշդ` գարշահոտ այս բոլորէն: Համաձայնեցուած պարտութիւնը ուրիշի վիզին փաթթելու յայտնի եւ արդէն մաշած դիպաշարն է:

Կը սպասենք աւելի ստոյգ, աւելի հաւատալի, աւելի տրամաբանական բացատրութիւններու: Արցախի պատասխանատուներէն եւ յատկապէս, տագնապին դիմաց Արցախը մինակ ձգած Հայաստանի պատասխանատուներէն:

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-Ի. Աղաւնիի, Ձիթենիի Ճիւղի Եւ… Նետ Ու Աղեղի Պատմութիւն

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մոնաքօ` 3-րդ, Ինթեր Վերստին Առաջին Լեւերքուզըն Պահեց Իր Դիրքը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.