ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ այս տարի` 29 հոկտեմբեր 2023-ին, Գիւտ խաչի կիրակին, մեծ հանդիսութեամբ պիտի նշուի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Այս առիթով տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ եւ աւանդական մատաղի օրհնութիւն:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմին
Սուրբ պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 10:30-ին
Մատաղօրհնէք` ժամը 11:30-ին
Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ իր ներկայութեամբ ու մասնակցութեամբ վերանորոգուի եւ հաղորդուի օրուան սուրբ խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ԱԶԴԱՐԱՐԱԳԻՐ-ԿՈՉՆԱԳԻՐ
Ազնուափայլ տիկին Թալին Կարապետ Մխճեան,
Լիբանանի հայոց թեմի Դատաստանական խորհուրդը իր ուրբաթ, 20 հոկտեմբեր 2023-ի նիստին զբաղեցաւ ձեր ընտանեկան հարցով:
Սոյն ազդարարագիրով ձեզ կը հրաւիրենք Դատաստանական խորհուրդի նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 17 նոյեմբեր 2023-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, պաշտպանելու համար ձեր դատը անձամբ կամ փոխարինող անձի միջոցով:
Չներկայանալու պարագային, ձեր բացակայութիւնը ներկայութեան համազօր պիտի նկատուի եւ արձակուի համապատասխան վճիռ:
ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ
