Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գոյներու Գուսանը

October 26, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամառը անցաւ, մտանք աշուն, ապրելու Նշան Տէր Գալուստեանի գեղանկարներէն մէկուն մէջ` հարուստ աշնան գոյներով:

Կան անոնք, որոնք կ’երթան, կը մոռնան, ուրիշներ, որոնք ժամանակ չունին մտածելու անցեալին ու արմատներուն մասին, անոնք` օրուան հազարումէկ հոգերով տարուած, կ’ապրին իրենց ներկան սփիւռքի զանազան անկիւնները:

Եւ ահաւասիկ կայ Նշան Տէր Գալուստեան գեղանկարիչը, որ կը տասնեակ տարիներ ետք կը վերադառնայ գեղանկարչական գործերու ցուցահանդէսով մը, իր պաստառներու երանգներով ճոխացնելու 2023-ի Մուսա Լերան հերոսամարտի ու խաչի զոյգ տօները:

Նշան Տէր Գալուստեանը ծնած է Պէյրութ, մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը ապրած է Այնճար, ապա յաճախած եւ աւարտած Հայկազեան ու Պէյրութի ամերիկեան համալսարանները: Դասաւանդած է թուաբանութիւն եւ բնագիտութիւն Լիբանանի երկրորդական վարժարաններու մէջ:

1978-ին ընտանեօք փոխադրուած են Միացեալ Նահանգներ, ուր այսօր, Ֆրեզնոյի մէջ եռանդուն մասնակից է հայ համայնքի միութենական աշխատանքներուն` զուգահեռ իր գեղանկարչական ստեղծագործական երթին:

Փոքր տարիքէն ցուցաբերած է սէր արուեստի հանդէպ եւ շրջապատին ուշադրութիւնը գրաւած իր տաղանդով: Տարիներու ընթացքին բազմաթիւ անհատական ցուցահանդէսներ տուած է Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ: Իր ստեղծագործական սկզբնական ժամանակաշրջանը ապրած ըլլալով Այնճար, իր արուեստին վրայ մեծ ազդեցութիւն թողած է զինք շրջապատող բնութիւնն ու հոն ապրող ու գործող մշակն ու գիւղացին` իրենց աւանդութիւններով ու ամէնօրեայ կենցաղով:

Հինգշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2023-ի երեկոյեան Այնճարի մէջ բացումը կատարուեցաւ Նշան Տէր Գալուստեանի «Գիւղի մը վերածնունդը» վերնագիրը կրող նկարչական գործերու ցուցահանդէսին`  կազմակերպութեամբ Այնճարի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան:

Պաստառները կը պատմէին ժողովուրդի առօրեայ կեանքին, աշխատանքին, գիւղացիին ցանքին, հնձելուն, բերքահաւաքին, կալին, պաթուզին, լերան ու դաշտին, ծառին ու գետին մասին:

Երբեմն տպաւորապաշտ, երբեմն իրապաշտ, նաեւ պարզ, անմեղունակ իր ոճով:

Նշան Տէր Գալուստեանը կը պատմէ այն, ինչ Արշիլ Կորքին պատմած է վերացական արտայայտապաշտ ոճով: Անցեալը, մանկութեան յիշատակները, ծննդավայրը…

Ցուցահանդէսին ներկայ էր հոծ բազմութիւն, հոգեւոր հայրեր, միութիւններու ներկայացուցիչներ, արուեստասէր այնճարցիներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վարչութեան ատենապետ Նաթալի Քէնտիրճեան: Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Ծիրանին, որ բարձր գնահատեց Նշան Տէր Գալուստեանի արուեստի գեղանկարչական արժէքը, հարազատութիւնն ու անկեղծութիւնը: Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց նկարիչը:

Ջերմ երեկոյ մըն էր, ներկաները` խմբուած նկարներուն դիմաց, կը յիշէին, կը մատնանշէին, կը պատմէին…

Երեկոն ստացաւ յաւելեալ հմայք` Սագօ եւ Շահէ Աւագեաններու ջութակի երաժշտական կատարումներով:

Ցուցահանդէսը կազմակերպող Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ գեղանկարիչին եւ բոլոր անոնց,  որոնք սատարեցին ու աշխատեցան ի խնդիր ցուցահանդէսի յաջողութեան` Նշան Տէր Գալուստեան գեղանկարիչին, մաղթելով, որ վրձինը ըլլայ միշտ թաց:

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Այդքան Ուշադիր Է Իսրայէլի, Բայց Ո՛չ Հայաստանի Նկատմամբ

Յաջորդը

Ռամստէյլ Կրնայ Միանալ Չելսիին

RelatedPosts

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը
Անդրադարձ

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը

November 3, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.