Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուսարձակ. Քաղաքակիրթ Վերաբերում ՀՄԸՄ-ի Վեթերան Եղբայրներու Նկատմամբ

March 30, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ   

Միշտ չէ, որ մամուլի էջերուն արձանագրուած լրատուութիւններ,  տեղեկատուական բաժիններ եւ կամ մատնանիշ ակնարկներ ընթերցող հասարակութեան ուշադրութիւնը կը գրաւեն, նկատի առած անոնց ընդգրկած այլազան նիւթերը:

Միւս կողմէ, թէեւ հազուադէպ, բայց եւ այնպէս հաւաքական մեր կեանքին մէջ կ՛արձանագրուին երեւոյթներ, գործընթացներ, մտածումներ եւ հասարակական մտածողութիւն ձեւաւորող յղացքներ, որոնք իրենց պարփակած խորհուրդով եւ գրաւչութեամբ` շրջապատի մը սեփականութիւնը դառնալէ ետք, խթան կը հանդիսանան առհասարակ միութենական եւ կուսակցական կեանքի առաւել կենսաւորումին եւ պայծառացումին:

Յայտնապէս, նախադէպ բայց ընթացիկէ դուրս, հարազատ, կենդանի եւ առինքնող տարրեր ընդգրկող աշխատանք մը պէտք է նկատել ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած հանդիպում-զրոյցը, որ տեղի ունեցած է Ռաուտայի ՀՅԴ «Շուշի» ակումբին մէջ, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի վեթերան խաղացողներու եւ այս մարզով հետաքրքրուած հայորդիներու ներկայութեան (տես` «ԱԶԴԱԿ», 19 մարտ, 2012):

Ի դէպ, մեզ յուզողը այն չէ, որ սոյն հանդիպումին քննարկուած են տուեալ մարզին վերաբերող բազմաթիւ հարցեր, այլ այն մօտեցումը, որ իր մէջ կը ներառէ գիտակից եւ միութենավայել հասկացողութիւն, յարգանք եւ երախտարժան կեցուածք, բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք իրենց մատղաշ, երիտասարդ թէ երէց տարիքին սատար կանգնած են հաւաքական կեանքի վերելքին ու յառաջդիմութեան:

Իրօք, խանդաղատանքի նման պատեհ առիթներ, եթէ մէկ կողմէ վեթերան սերունդին մօտ կը ստեղծեն խանդի ու կորովի, ջերմութեան եւ ընկերական մթնոլորտի պահեր` առթելով  պատուուած ըլլալու արդար հրճուանք, միւս կողմէ` անիկա բարացուցական եւ դաստիարակիչ արտայայտութիւն մըն է նորահաս սերունդին համար, կարենալ ըմբռնելու եւ ապրելու` մեծարանքի այն զգացողութիւնը, որով կը յատկանշուին քաղաքակիրթ ազգերը համայն:

Առաջին հայեացքով պէտք է հաստատել, որ հանդիպումը իր պարունակով համեստ նախաձեռնութիւն մըն է եղած, հիւրընկալ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէի գնահատելի ժեսթով, ներկաներու ի պատիւ սարքուած ընթրիքի մը շուրջ, ուր տիրած է առողջ եւ շինիչ մթնոլորտ. եղած են սրտբաց խօսակցութիւններ, ինքնաքննադատութիւններ, արծարծուած են մտահոգութիւններ: Ամէնէն էականը այն է, որ ինքնասրբագրումի քաջ եւ ազնիւ հրամայականէն մեկնած առկայ էր նախանձախնդրութիւն` հանդէպ միութեան կեանքի բարելաւումին, յառաջդիմութեան եւ առաջադրուած ծրագիրներու իրագործումին:

Ընդգծում մը:

Եթէ երբեք նման հանդիպում-զրոյցներ հաւաքական մեր կեանքին յաւելեալ փայլք տուող գործընթացներ են, թէեւ ուշացած, այլապէս ալ անոնք մղիչ ուժ պէտք է հանդիսանան միանգամընդմիշտ ձերբազատելու եսակեդրոն, մեծամիտ, տխեղծ եւ փառասէրի ախտերէ` յանուն միութենական կեանքի առողջ ընկալումին եւ սերունդներու տիպար դիմագիծի յանձանձումին:

Առհասարակ, դիմացինին մտիկ ընելու եւ կամ լսելու մարդկայնական վարքագիծերու մասին է խօսքը, որպէսզի փորձառու, վաստակաւոր եւ ծառայութեամբ յատկանշուող անհատներու ներդրումը ապահովուի տուեալ պահու կամ ժամանակի աշխատանքները ճիշդ ձեւով հունաւորելու եւ առաւելագոյն յաջողութեան հասնելու համար:

Աւելի՛ն. հաւաքական մեր կեանքի ղեկավարումի հզօրանքը ապահովելու տեսակէտէ, պարտաւոր ենք, այսօ՛ր, աւելի քան երբեք, գիտակից եւ խիզախ քայլերով, միութենավայել նուիրումով ու մանաւանդ` յանձնառութեամբ տէր կանգնելու աւելի քան իննսունամեայ ժառանգին, որպէսզի տարուէ տարի անոր մսխումով` չդատարկուին նմանատիպ ազգային արժէքներու շտեմարաններ:

Աւարտին, առնուած քայլերը ողջունելի կը մնան այնքան ատեն, որ անոնք պարուրուած կ՛ըլլան անկեղծութեամբ, տագնապողի տիպար ընկալումով` հեռու սոսկական կարգախօսերէ, բռնազբօսիկ ելոյթներէ եւ սին հոգեվիճակներէ, իսկ` երախտարժան երբ անոնց կ՛ագուցուի հայաբոյր ապրումներու, ապագայակերտ գործընթացներու, յարատեւօրէն աշխատելու կամքն ու ոգեկան բարձրութիւնը:

Վեթերաններու հետ ըլլալու այս հանգամանքը, ա՛յս պէտք է նշէ բոլորին:

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Հայութեան Եւ Հայերէնի… Ջաւախքը

Յաջորդը

«Նեմեսիս»-ի Գործողութեան 90-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.