Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանեան Օրագրութիւն

October 24, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շատերու նման, ես ալ այս տարի Երեւան եկայ,  սակայն այս անգամ` երկար, շաբաթներու համրանքով: Պտոյտ, այցելութիւններ, բարեկամ, հին ու նոր ընկեր, ծանօթ, աշակերտ: Հարց չէ: Ու ամէն անգամուան նման, եւ աւելին, կարօտիս կողքին, ունէի սքանչացում մը, որ անպարտելի վկան էր հիացմունքիս: Այսպէս, ամէն օր եւ ամէն առիթով կը ժպտէի` Արարատին, արեւուն, ժամանակին, կեանքին, երիտասարդներուն: Երջանիկ էի: Ամէն օր, «չտես» զբօսաշրջիկի նման, առանց յոգնելու, երկար կը քալէի պատմական անուններ կրող փողոցներէն, պողոտաներէն, հրապարակներէն: Հսկայ ու մանր շէնքերու եւ խանութներու ու թատերասրահներու առջեւ երկար «կը սլքտայի», եւ ամէն քայլափոխիս հոգիս ալ իր կարգին, յաճախ կը պոռթկար եւ երբեմն ալ, կը հրճուէր: Բայց անկեղծ ըսած, առաջին անգամս չէր, որ հայրենիք կ՛այցելէի, սակայն ինծի այնպէս կը թուէր, թէ իրապէս նոր եկած էի այս երկիրը: Ըսի, չէ՞, ուրախ էի, որովհետեւ պապերուս հողին վրայ էի: Դարձեալ` Արշակ թագաւորը յիշեցնող հպարտութեամբ: Կարծես նոյնիսկ այդ նոյն Արշակն էի:

Բայց այս հրճուանքի պահերու ետին կար նաեւ կեանքի միւս երեսը: Տեսանելի էր այս մէկը: Այսպէս, շատերու մօտ ատելութիւնը գողցած էր յարգանքն ու սէրը, նոյնիսկ` գիտակցութիւնը: Տակաւին կային մարդիկ, հազարաւոր մարդիկ, որոնք կը ցանկային… բայց չէին կրնար ունենալ: Նոյն մարդիկ մայթերուն վրայէն կը քալէին մտածկոտ, անանուն ցաւեր շալկած: Շատեր նոյնիսկ` տառապանք հագած: Այցելութեանս առաջին օրերուն կային լուռ եւ նոյնքան ալ աղմկոտ բողոքներ, երեկոյեան ցոյցեր, ընդվզումի պոռչտուքներ: Բացայայտ էր, որ բոլորն ալ անմեղ զոհերն էին մեր հայրենիքի ներքին եւ արտաքին աննպաստ պայմաններուն: Շատերու երազները խորտակուած էին, ուրիշներու աչքերը` դէպի օտարութիւն նետուած:

Այս էր մեր հայրենիքը` երկիր մը, որուն թշնամիները իրենց վիզերը երկարած` գիշեր թէ ցերեկ զինք կը դիտեն ու կը փորձեն իր սահմանները արիւնով ներկել:

Բայց ի՛նչ որ ալ ըլլար, սա մեր բոլորին հայրենիքն էր` իր անցեալ ու ներկայ վկայող պայծառութեամբ եւ մանաւանդ` իր քաջարի մարտիկներով: Մեր երկիրն էր, որ թէեւ աւելի քան երեսուն տարիներէ ի վեր աշխարհի քարտէսին վրայ ազատօրէն կը շնչէր, սակայն տակաւին մինակ էր եւ իր հողերն ալ` հայ մարդոցմով ծարաւ:

Աղուոր անկեղծութեամբ մը կը կրկնեմ, եկած էի Հայաստան երկար վայելելու իր լոյսն ու յոյսը, արեւն ու աշունը: Հայրենասիրութեան չեմ կապած սեփական աշխարհս: Անոր համար կը փորձեմ կիսել ամէն ուրախութիւն եւ տխրութիւն:

Ու ի՛նչ մեղքս պահեմ, իւրաքանչիւր առաւօտ, լուսաբացին կ՛ուզեմ անպայման տեսնել բոլորի աչքերուն մէջ իրենց երազներու իրականացումը: Մէկ խօսքով` նոր սերունդին արթուն աչքերը, որպէսզի վերջ ի վերջոյ ունենային նոր Հայաստան մը` խորունկ, հաստատ եւ հպարտ, մանաւանդ բարգաւաճ` ներքին ու արտաքին խաղաղութեամբ եւ հայու հողին հաւատարմութեամբ: Կը կրկնեմ, ամէն առիթով Երեւանի իւրաքանչիւր պատմական յուշարձանին մօտ, մտովի երկար ու համբերութեամբ կը զրուցէի եւ սիրտս «կը պարպէի»:

Ու հակառակ ակնյայտ բացասական երեւոյթներու, ընդհանրապէս հակամէտ եմ առաւելութիւններ տեսնելու: Ճիշդ էր, որ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական հարցերն ու մանաւանդ անստոյգ վաղը մարդիկը մեծապէս կը խռովէին: Կը զգայի անոնց տառապանքն ու կը տեսնէի յուսախաբութիւնները: Բայց նաեւ կ՛ուզէի տեսնել նոր արշալոյսի մը ճառագայթները: Երկրիս նոր յոյսերը: Նոր հայու մտքի կրթուածութիւնը: Ապագայի հանդէպ սէրը: Շատ լաւ գիտէի, որ վտանգաւոր փուլէ մը կ՛անցնէր մեր հայրենիքը: Կորսնցուցած էր իր միւս հարազատը` Արցախը:

Բան մը արդարացնելու ճիգ մը չէ այս մէկը: Էականը սեփական ճիգերով տեղ մը հասնելու մաղթանք մըն է, որուն համար ներքին ու արտաքին կայունութիւն պէտք է: Խաղաղութիւն  պէտք է: Բայց խաղաղութիւնը միայն զէնքով կարելի էր ձեռք բերել: Յստակ էր:

Ու այս բոլորէն ետք նաեւ կը հաւատամ, որ հայրենաբնակ մեր նոր սերունդը, հակառակ այս տեսակաւոր անորոշութեանց, պիտի փորձէ շարունակել իր դրօշարաշաւը` լցուած ստեղծումի ոգիով: Ու այս մէկը մխիթարական է: Հայ միտքի դրական մտածելու իրաւունքն ու պատեհութիւնը ինքնին յոյս ներշնչող են: Անոր համար յարկաբաժինիս «Ամիրեան» փողոցի վրայ բացուող պատուհանէն ամէն առաւօտ եւ մտովի լայն բարի մաղթանքներ «կը ցանէի»:

bedig43@aol.com

Երեւան 10/2023

Նախորդը

Հայկազեան Համալսարան. Ռուպինա Արթինեանի «Լիբանանահայ Խմբերգային Արուեստը. 1920-2020» Մենագրութեան Շնորհահանդէսը

Յաջորդը

Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի Անուան Լեզուի Հիմնարկի Տնօրէնի Պաշտօնին Վերընտրուեցաւ Վիքթոր Կատվալեանը

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.