ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի ֆութպոլի տարեշրջանը կը սկսի վաղը` Անսարի դաշտին վրայ, յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, երբ մեր տղաքը պիտի մրցին Ռապիթաթ Ուարտանիէի դէմ:
Արդարեւ, Լեռնալիբանանի բաժակի մրցաշարքի իր առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի տղաքը, որոնք բաւական լաւ ձեւով պատրաստուած են 2023-2024 տարեշրջանին, պիտի փորձեն յաղթանակով սկսիլ:
Յոյսով, որ յաղթանակով կը սկսին մեր տղաքը, իսկ համակիրներէն ալ կը սպասուի ներկայ ըլլալ դաշտ` քաջալերելու գրեթէ նորակազմ Պուրճ Համուտի տղոց խումբը:


