Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Կամքի Բախտորոշ Վայրկեանը

October 21, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Արցախը չկայ: Ան խլուած է ոչ միայն մեր հայրենիքի հողային ամբողջականութենէն, այլեւ (այլ մանաւա՛նդ) մեր էութենէն: Այսօր խոցուած ենք ազգովին եւ կ՛ապրինք ջարդուած խղճմտանքով:

Եւ հետեւաբար այսօր է ժամը հարց տալու, թէ գործօններէն ո՞րն է այն վճռորոշ գործօնը, որ ներկայ կացութեան մէջ կրնայ կասեցնել եւ ետ շրջել մեր կեանքի գահավէժը եւ մեզ վերստին դնել  (թէկուզ այս ուշ ժամուն) ուժական ընթացքի մէջ:

Աշխարհաքաղաքական աքցանը, որուն մէջ կը գտնուի հայ պետականութիւնը այսօր, աննախընթացօրէն դաժան է: Ան կը պահանջէ նոր մտքեր, նոր զէնքեր, նոր զօրաշարժ, նոր ռազմավարութիւն: Ան կը պահանջէ նոր գիտութիւն սպառնալիքներու բնոյթին մասին եւ նոր յանձնառութի՛ւն` թշնամին դիմագրաւելու եւ զայն զգետնելու: Պիտի յստակօրէն գիտնանք, թէ ո՞վ է թշնամին, ի՞նչ է թշնամին, ո՞ւր է թշնամին: Հարկ կա՞յ կրկնելու, որ այս կռուին ռազմաճակատը կ՛երկարի Սիւնիքէն մինչեւ Մոսկուա եւ մինչեւ աշխարհի հեռաւոր անկիւնները:

Մեր «ռազմավարական դաշնակից»-ը, իբրեւ այդպիսին, չքացած է շրջանի ռազմաբեմէն: Ռուսիոյ ազգային գերագոյն շահերը այժմ կը ներկայացուին Մոսկուայի մէջ ամրացած փութինեան վարչախումբին կողմէ, որ միաժամանակ գործընկերային խորունկ շահերով կապուած է Ալիեւի ֆինանսական կայսրութեան եւ այս վերջինին օրկանապէս մաս կազմող Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի շահացանցերուն: Այսօր ցաւով կ՛ընդգծեմ, որ այս կէտին վրայ, ռազմաբեմին վրայ գործողը Ռուսիոյ ազգային մեծապետական շահերը չեն այլեւս, այլ Մոսկուայի իշխանական հաստատութեան (establishment) խմբակային եւ անձնական շահե՛րը, որոնք խախտած են աշխարհաքաղաքական խաղաքարտերու դասաւորումը շրջանին մէջ եւ փոխա՛ծ` տարերքը Կովկասի ուժային քարտէսին:

Որքան ալ խօլակարծային (paradoxical) թուի պարագան, պիտի ընդունինք, որ Ռուսիան ինքզինք չի ներկայացներ այլեւս: Փութինն է, որ կը ներկայացնէ Ռուսիան… Եւ այդ իսկ է հարցը: Վճռողը Ռուսիոյ ռազմավարական հեռահաս շահերը չեն այլեւս, այլ փութինեան համակարգի յատուկ շահերը (special interests), որոնք անպայման նոյնը չեն: Յամենայն դէպս նոյնը չեն Հայաստանի կենսական շահերու տեսանկիւնէն: Շահերու այս զանազանութիւնը լրջօրէն հաշուի առնելով է միայն, որ կարելի է ճիշդ գնահատական տալ հայկական կողմի ներկայ ճգնաժամին եւ փոխընտրութիւններուն:

Շահերու խաչաձեւման այս փաստը նաեւ ամրագրուած է Փութինի եւ Ալիեւի միջեւ ստորագրուած եւ 43 կէտերէ բաղկացած փետրուար 24, 2022 թուակիր Մոսկուայի համաձայնագրով, որ բացայայտօրէն ճանաչում կու տայ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան` ինքնաբերաբար հաւաստելով նաեւ, որ Արցախը մաս կը կազմէ յիշեալ ամբողջականութեան: Հանգամա՛նք, որ բացայայտ հակասութեան մէջ է Արցախի կարգավիճակի խնդրով ԵԱՀԿ-ի Մատրիտեան գագաթաժողովին կողմէ հաստատուած սկզբունքներուն հետ, որոնց դարբիններէն մէկը նոյնինքն Ռուսիան էր:

Փութին-Ալիեւ համաձայնագիրը նաեւ կը յստակացնէ, որ կողմերը պիտի յարգեն մէկզմէկու ռազմավարական շահերը Կովկասի խնդիրներուն կապակցութեամբ: Իրականութեան մէջ, Փութինն է, որ յատուկ տեղ պիտի տայ Ալիեւի քաղաքականութեան հրամայականներուն Կովկասի մէջ: ԱՅՍ ԱՌՈՒՄՈՎ, ՄՈՍԿՈՒԱ Ի ՅԱՌԱՋԱԳՈՒՆԷ ՄԵԾ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԸ Կ՛ՕԺՏԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԸ` ՀԱՅ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԵԼՈՎ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ԵՒ ԱՊԱԳՈՐԾՕՆ (dysfunctional) ԴԻՐՔԵՐՈՒ ՎՐԱՅ: Պէտք է գիտակցինք այս դառն ճշմարտութեան եւ ընդունինք, որ ներկայիս չունինք ռազմավարական դաշնակից, քանի որ ան (երկար ատենէ ի վեր) առեւանգուած է (hijacked) Փութին-Ալիեւ յարաբերութիւններու նոր դաշինքին կողմէ: Հետեւաբար ինչո՞ւ զարմանալ, երբ Փութին իր համամտութեան կնիքը կը դնէ Արցախի ինքնիշխանութեան խնդրին վրայ` լիովին իւրացնելով Ալիեւի թէզերը եւ շնականօրէն (ցինիզմով) վկայակոչելով Փաշինեանի բարբանջանքները իբրեւ հիմ Մոսկուայի նոր կողմնորոշման: Ինչո՞ւ զարմանալ, երբ Մոսկուայի աչքերուն առջեւ Ալիեւ դժոխքի կը վերածէ Արցախը (եւ զայն բռնի կը հայաթափէ) լայնօրէն օգտագործելով Մոսկուայի (եւ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի եւ Արեւմուտքի) կողմէ հայթայթուած զինատեսակներն ու ռազմա-արհեստագիտական տեղեկոյթը:

Այս բոլորէն պէտք չէ հետեւցնել, որ Մոսկուա կը պատրաստուի հրաժարիլ իր կովկասեան դիրքերէն եւ զանոնք յանձնել Ալիեւի եւ Էրտողանի: Ո՛չ: Այս կէտին վրայ, դժուար է բնորոշում տալ Մոսկուայի հեռահար փոխընտրութիւններուն Կովկասի մէջ: Կը տարուիմ մտածելու, որ անոնք դեռ յստակ չեն նոյնիսկ Փութինին համար: Մոսկուայի establishment-ը (ի տարբերութիւն կայսերական Ռուսիոյ) կը թուի մտածել եւ գործել աւելի կարճաժամկէտ հորիզոնով: Առայժմ պարզ է միայն մէկ բան: Ներկայի մոսկովեան հաստատութիւնը ուժեղ շահադրդիչներով (incentives) իր գրաւը դրած է ԱԼԻԵՒԻ ՎՐԱՅ` հայկական կողմը լքելով իր ճակատագրին: Եւ ասոր առաջին զոհը փաստօրէն Արցախն է եւ Արցախի մեր ժողովուրդը:

Մոսկուայի հաշուարկին մէջ, հայկական կողմը այլեւս չունի տարածաշրջանային գործօնի կարգավիճակ: Իսկ Ազրպէյճանը` անպայմա՛ն ունի: Ան անվիճելիօրէն կը վայելէ «մրցակցային առաւելութիւն» Հայաստանի վրայ: Հայաստանը կորսնցուցած է խօսակիցի իր արժէքը Փութինի եւ Մոսկուայի համար: Մոսկուայի իրական խօսակիցները Կովկասի մէջ Ալիեւն ու Էրտողանն են այսօր: Եւ անպայման` Իրա՛նը:

Միւս կողմէ, Մոսկուան կը գիտակցի, որ թուրքեւազրպէյճանական գործօնը Կովկասի մէջ թէ՛  սպառնալիք է իր տարածաշրջանային շահերուն եւ թէ՛ երաշխի՛ք` իր խմբակային շահերու ապահովման: Բարդ հիւսուա՛ծք մը, որմէ խուսափելու ձեւ չունի ան այլեւս: Այսօր, Մոսկուայի խնդիրն է ճիշդ կառավարել այս երկուութիւնը: Այսինքն` միաժամանակ «սիրել-ատել»-ու այս սիրախաղը (love-hate relationship): Եւ այդ նուրբ եւ լպրծուն գործին համար եւ փութինեան Մոսկուայի դիրքերէն: Հայաստանն ու Արցախը շահեկան են միայն իբրեւ «առուծախ»-ի խաղաքարտ: Յամենայն դէպս ո՛չ իբրեւ Ռուսիոյ մեծապետական շահերու կենսական յենարան:

Այս ականուած փոխյարաբերութիւններու համատեքստին մէջ է, որ Ալիեւ կրցաւ «գնել» Մոսկուայէն (ա) 44-օրեայ պատերազմի իր յաղթանակը հայկական տարածքներու լայնածաւալ իւրացումներով, (բ) հայկական ռազմուժը քանդելու «արտօնութիւն»-ը, (գ) Արցախն ու Հայաստանը պատանդելու «իրաւունք»-ը, (դ) Մոսկուայի դռները հայ դիւանագիտութեան առջեւ փակելու պատեհութիւնը եւ (ե) Սիւնիքի քաղաքական ապագան պայմանաւորելու մեծ կարելիութիւնը: Այսինքն` հայկական ներկայութիւնը տարածաշրջանի բեմէն քաղաքականօրէն չքացնելու համաձայնութի՛ւնը… Եւ այս գործարքը դեռ վերջ չէ գտած:

Ասիկա հսկայ ոստիւն մըն է Ալիեւի եւ Թուրքիոյ համար տարածաշրջանի սակարկութիւններու սեղանին վրայ: Ազրպէյճան այժմ կը տիրապետէ բոլոր կենսական խաղաքարտերուն: Շերեփը Ալիեւին ձեռքն է: Շերեփը մանաւանդ Էրտողանի ձեռքն է (եւ Իսրայէլի): Կարելի է միայն պատկերացնել, թէ ի՞նչ փոխարժէքի դիմաց: Կրկնե՛մ. ողբերգութիւնը այն է, որ Մոսկուան` ի՛նքը լայնօրէն պատանդուած է իր նեղ շահակցական ոլորտի գործօններով, երբ հարցը կը վերաբերի Հայաստանին ու Արցախին: Պատանդուած է Ալիեւի կողմէ: Որ կը նշանակէ` Թուրքիոյ եւ անուղղակիօրէն Իսրայէլի:

Այս բոլորէն ետք, կարելի է տակաւին պնդել, որ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական բեմին վրայ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ԲՆԱԿԱՆ դաշնակցի (natural ally) յարաբերութիւնները կը մնան ի զօրու, թէեւ սառեցուա՛ծ` փութինեան վարչակարգին (եւ Փաշինեանի) կողմէ: Պէտք է ենթադրել, որ Ռուսիոյ ազգային գերագոյն շահերը տակաւին կապուած են Ռուսիա-Հայաստան-Իրան հիւսիս-հարաւ առանցքին, որ ի վերջոյ պէտք է ինքզինք պարտադրէ տարածաշրջանի իրականութեան: Եթէ ճիշդ է այս վարկածը, Ռուսիա պէտք է ի վերջոյ վերականգնէ իր գերագոյն շահերու անզիջելիութիւնը փանթուրքիստական մնայուն սպառնալիքին դիմաց: Ընդունինք եւ սակայն նաեւ հարց տանք` ե՞րբ… եւ ինչպէ՞ս:

Այդ մէկը կ՛ենթադրէ Ռուսիոյ ներքին քաղաքական դաշտի արմատական յեղաշրջում եւ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու հիմնական փոփոխութիւններ: Այդ մէկը կ՛ենթադրէ Ռուսիոյ ուժային գերակայութեան վերականգնում իր ծայրամասային գօտիներուն մէջ: Եւ, անշուշտ, հարց է թէ ո՞վ կրնայ գլխաւորել այսօր յարացոյցի նման փոփոխութիւն մը Ռուսիոյ քաղաքական բեմին վրայ… (Յամենայն դէպս` ոչ Փութինը): Եւ անպայման հարց պէտք է տալ, թէ իսկապէս ի՞նչ կ՛արժեն այս թէական ակնկալութիւնները Ռուսիայէն այսօրուան մեր մեծ ճգնաժամին դէմ յանդիման: Վայրկեանները կարեւոր են մեզի համար եւ անոնք համրուած են: Անոնք մեր կենսական տարածութիւնն են այսօր, որ սարսափելիօրէն նեղ է: Մենք մսխելու ժամանակ եւ լուսանցք չունինք այլեւս:

Մենք պիտի չմոռնանք, որ բնական դաշնակցի յարաբերութիւնները, իրենց հում վիճակին մէջ, դեռեւս դաշնակցային չեն: Անոնք տարերային բնոյթ ունին եւ հետեւաբար անոնց վրայ կարելի չէ քաղաքականութիւն ձեւաւորել առանց զանոնք քու ձեռքերուդ մէջ առնելու եւ զանոնք իսկապէս խմորելու: Զանոնք պէտք է տեւաբար մշակել, իմաստաւորել, հարստացնել, այժմէացնել, վերասահմանել իրերու զարգացման ամէն մէկ հանգրուանին վրայ: Բնական դաշնակցի յարաբերութիւնները պէտք է վերածուին ամէնօրեայ գործօն յարաբերութիւններու եւ կենսաձեւի, որպէսզի վերածուին լծակային ուժականութեան: Ալիեւ այս խաղին մէջ մտաւ «տկարութեան» դիրքերէ, բայց կրցաւ Ռուսիա-Հայաստան բնական դաշնակցի յարաբերութիւններու դարպասը փուլ բերել եւ մեզմէ առաջ անցնիլ… Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս:

Այստեղ է, որ իր բացարձակ մերկութեանը մէջ կը բացայայտուի այն ճակատագրական աղէտը, որ կը կոչուի փաշինեանական համակարգ: Ան պարագայական երեւոյթ մը չէ հայ պետականութեան կեանքին մէջ: Ան եկած է կազմակերպելու հայ անկախ պետականութեան հետեւողական կազմաքանդումը: Այս կէտին վրայ, հայ անկախ պետականութիւնը կազմաքանդման սուր մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուի ոչ միայն դուրսէն, այլ մանաւանդ ներսէն: Դուրսի եւ ներսի սպառնալիքները այս պարագային կը գործեն ՄԻԱՏԵՂ եւ զիրար կ՛ուժականացնեն հետզհետէ անպարտելի դարձնելով թշնամին:

Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ փաշինեանական համակարգը գործիքակազմն իսկ է վերոյիշեալ ռազմավարութեան, որուն տէրերը արտաքին ուժերն են եւ գլխաւորաբար Թուրքիան: Հետեւաբար ազգին առաջնահերթ խնդիրն է այսօր ձերբազատուիլ իր կենսական ուժականութիւնները կազմալուծող այս իշխանութենէն: Ներկայիս, իշխանութեան վրայ գտնուող վարչակարգը (եթէ ուզէ իսկ) չի կրնար լուծում բերել երկրի լինելիութեան խնդիրներուն: Ան պէտք է դուրս գայ իշխանութեան դիրքերէն, եթէ ազգը պիտի կարողանայ վերստին տէր կանգնիլ իր ճակատագրին: Իսկ կեանքը ցոյց տուաւ, որ այդ մէկը դիւրաւ յաղթահարուող թիրախ մը չէ այս կէտին վրայ:

Փաշինեանական համակարգը (նոյնիսկ անկախ իր դիտաւորութիւններէն) կը մշտնջենաւորէ պարտութեան վարչակարգը Հայաստանի մէջ եւ անզօրութեան կը մատնէ մեզ հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ: Այս իրավիճակը կարելի դարձաւ 44-օրեայ պատերազմի թուրքեւազրպէյճանական ռազմավարութեամբ եւ գործօն աջակցութեամբը փութինեան Մոսկուայի: Եւ սակայն այն իրողութիւնը, որ փութինեան Մոսկուան  (իր նեղ շահերէն ելլելով) մաս կազմեց հայկական կողմի պարտութեան գործընթացին, ամբողջովին չի բացատրեր հայկական գործօնի քայքայման հոլովոյթը:

Այստեղ կարեւոր է, որ քննարկման ենթարկենք Արեւմուտքի դերակատարութեան խնդիրը:

Հակառակ պատմական ջերմ եւ բազմաշերտ յարաբերութիւններուն, Արեւմուտքի առաջնահերթութիւնները Հայաստանի նկատմամբ միշտ ալ պառակտուած են տարածաշրջանային հակասական շահերու գործօններով: Ասիկա ճիշդ է մանաւանդ այսօր: Արեւմուտքի գործընկերը Կովկասի մէջ Թուրքիան է եւ վերջինիս արբանեակ` Ազրպէյճանը: Տասնամեակներու ընթացքին, Թուրքիան ինքզինք հաստատեց իբրեւ ՕԹԱՆ-ի գլխաւոր խարիսխը Միջին Արեւելքի մէջ եւ Ռուսիոյ ամէնէն զգայուն սահմանագծերուն վրայ: Թուրքիոյ կշիռը անգերազանցելի է եւ անփոխարինելի`  Արեւմուտքի տարածաշրջանային քաղաքականութեան բոլոր էական ճակատներուն վրայ: Այս փաստը կարելի չէ անտեսել որեւէ պայմանով: Արեւմուտքը բուռն վէճեր կրնայ ունենալ Թուրքիոյ յաջորդական իշխանութեանց եւ անհատ ղեկավարներուն հետ (ունի Էրտողանի հետ), բայց Թուրքիան փոխարինող այլ ուժ, իբրեւ ռազմավարական գործընկեր, գոյութիւն չունի տարածաշրջանին մէջ:

Դարձեալ, անկախ այն բանէն, թէ Արեւմուտքի ղեկավարներն ու դիւանագէտները ի՞նչ հաւաստիքներ կու տան Հայաստանի եւ սփիւռքի իրենց խօսակիցներուն, Արեւմուտքի փոխընտրութիւնները ի սկզբանէ կաշկանդուած են Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ: Այս հանգամանքը պիտի չփոխուի կանխատեսելի ապագային:

Արեւմուտքի դիտաւորութիւնները Կովկասի մէջ ներկայիս խթանուած են մէկ կողմէ Ռուսիան հակակշռելու եւ զայն տկարութեան դիրքերու վրայ դնելու հրամայականէն, իսկ միւս կողմէ` Իրանը շրջափակելու առաջնահերթութենէն: Հեռակայ հաշուով` նաեւ Չինաստանի ճանապարհները խափանելու անհրաժեշտութենէն: Այս ճակատներուն վրայ, Արեւմուտքը պէտք ունի Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Իսրայէլի: Այս կէտին վրայ, յիշեալ փոխկապուածութիւնը այնքան սուր է եւ կենսական, որ Արեւմուտքի ղեկավարութիւնը պատրաստ է նոյնիսկ աչք գոցելու Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութեան վրայ: Եւ բացէ ի բաց զօրավիգ կանգնելու Իսրայէլի բնաջնջումի գործողութիւններուն Կազայի մէջ: Արեւմտեան ճատրակախաղի դիրքերէն` Թուրքիան, Ազրպէյճանը եւ առաջին հերթին` Իսրայէլը «զոհելի» չեն: Բոլոր միւսները (ներառեա՛լ` հայերը, քիւրտերը, պաղեստինցիները) «զոհելի» են: Հայաստանը կրնայ հռչակուիլ իբրեւ արեւմտեան քաղաքակրթութեան գոհարը, բայց ան չի դադրիր Արեւմուտքի կողմէ «զոհելի» ըլլալէ:

Այս առումով եւ իրերու ներկայ դրութեան մէջ, հայկական կողմը վստահելի բարեկամ չունի աշխարհակարգի կառոյցին մէջ: Չունի որեւէ իրական ԱՐՏԱՔԻՆ յենարան իր լինելիութեան ճարտարապետութիւնը կարենալ կառուցելու համար: Չունի մանաւանդ այն պատճառով, որ հայկական կողմը` ի՛նք լայնօրէն զրկուած է իբրեւ աշխարհաքաղաքական յենարան հանդէս գալու իրական կարելիութիւններէն այսօր: Ան այլեւս ոչինչ ունի դնելիք սեղանին իբրեւ խաղաթուղթ: Փաշինեանական համակարգը փճացուցած է բանակցային հակակշիռներու մեր զինապահեստը: Աշխարհակարգի ուժերը տեղաւորուած են Կովկասի ռազմաբեմին վրայ իրենց նեղ շահերէն դրդուած: Շահե՛ր, որոնք իրերու ներկայ դրութեան մէջ սերտօրէն առնչուած են մեր թշնամիներու շահերուն եւ պատրաստ են իրենց առեւտուրը ընելու մեր հաշուոյն: Իսկ մենք ոչինչով կրնանք հակադարձել: Մեր բոլոր լծակները փաշինեանական համակարգին կողմէ յանձնուած են թշնամիին:

Այս բոլորէն կը հետեւի, որ մենք` ինքներս շատ գործ ունինք ընելիք մեր կացութիւնը բարելաւելու ճակատին վրայ: Շատ գո՛րծ` տարածաշրջանի խաղաքարտերը կրկին ի նպաստ մեզի վերադասաւորելու մարզին մէջ: Ճակատագրի բնական ընթացքով` մենք այլեւս տեղ չունինք տարածաշրջանին մէջ: Մեր տեղը մենք ինքնե՛րս պիտի բանանք մեր իսկ մագիլներով: Եւ հանճարո՛վ:

Մեր Անելիքը

Պէտք է սկսիլ այն բանէն, որ մեր պատմական հայրենիքը մեզի չի կրնար պատկանիլ, եթէ մենք զայն ամէն օր եւ ամէն գնով մերը չընենք: Հասկնալ պատմութիւնը եւ տիրութիւն ընել մեր պատմական յիշողութեան` կենսական մէկ մասն են մեր իրաւագիտակցութեան, բայց անոնք դեռ շատ հեռու են մեր այսօրուան հարցերուն լուծում բերելէ:

Աշխարհակարգը չոր եւ անողորմ յարաբերութիւններու խաղադաշտն է, ուր կը գործեն կայսերական շահերը: Ժողովրդավարութիւններ չկան այս ոլորտին մէջ: Բարի դրացնութիւնները մակերեսային խօսոյթներ են: Անոնք կը ծածկեն միջպետական յարաբերութեանց իրական գործօնները: Ժողովուրդներու միջեւ մշակութային ջերմ կապերը կը զարգանան, երբ անոնք (իբրեւ  ինքնիշխան պետականութիւններ) արդէն ապահոված են իրենց տեղերը աշխարհակարգի տրամաբանութեան մէջ:

Աշխարհաքաղաքական տարածաշրջան մը ինքնիշխան եւ միաժամանակ մէկզմէկէ կախեալ պետութիւններու համակարգ մըն է: Շղթա՛յ մը` բազմաթիւ օղակներով: Երբեք պէտք չէ մոռնալ շղթայական համակարգերը ղեկավարող յայտնի օրէնքը: Շղթայի մը զօրութիւնն ու դիմացկունութիւնը հաւասար է իր ամէնէն տկար օղակի տարողութեան: Նոյն օրէնքը կը գործէ նաեւ տարածաշրջաններու ներքին տարերոյթի (dynamics) գործընթացներուն մէջ: Տարածաշրջան կոչուող աշխարհաքաղաքական շղթան երբեք չի հանդուրժեր տկար օղակները: Տարածաշրջանային հաւասարակշռութիւնները կը հաստատուին աշխարհաքաղաքական «շղթայ»-ին ամէնէն տկար օղակներուն հաշուոյն: Շղթան կը լուծարէ տկար օղակները` շղթայի լինելիութիւնը ապահովելով:

Այս առումով, պէտք է հարց տալ, թէ արդեօք անյո՞յս է հայ անկախ պետականութեան պարագան Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական ռազմաբեմին վրայ:

Այն իրողութիւնը, որ ներկայիս մենք մեզ կը գտնենք մեծապէս ականուած կացութեան մը մէջ, երբեք չի նշանակեր, որ փակուղային է մեր վիճակը: Իբրեւ ընդհանուր սկզբունք` իրավիճակ մը փակուղային է, երբ մենք` ինքնե՛րս մեր մտքերը դրած ենք փակուղիի մէջ… Կամ թոյլ տուած, որ անոնք փակուղիի մէջ դրուին ուրիշներու դաւադրական միջամտութեամբ: Բա՛ն մը, որ վերջին պատերազմի էութիւնն իսկ էր:

44-օրեայ պատերազմին նպատակը հայկական կողմի ռազմական պարտութիւնը չէր միայն: Ան ծրագրուած էր հոգեբանական պատերազմի մասնագէտներուն կողմէ անզօրութեան մատնելու մեր ժողովուրդին միտքը եւ յատկապէս անոր վերնախաւի քաղաքակա՛ն միտքը: Նպատակն էր թշնամիի ռազմական յաղթանակը վերջնականօրէն ամրագրել` ազգը բարոյապէս եւ քաղաքականապէս անդամալուծելով: Պարզ խօսքով, մղելո՛վ մեզ հաւատալու, որ աշխարհակարգի կառոյցին մէջ տեղ չկայ հայ անկախ պետականութեան համար (դո՛ւրս Պերլինէն… վերադարձէ՛ք Պոլիս):

Բարեբախտաբար իրականութիւնը այդպէս չէ: Աշխարհակարգը ձեւաւորող կայսերական ուժերը եւ առաջին հերթի՛ն` Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Եւրոպա, Թուրքիա, Իրան եւ Իսրայէլ անճկելի զանգուածներ չեն: Անոնք կ՛ապրին ներքին քաղաքական հակասութիւններով եւ կնճիռներով: Անոնք բոլորն ալ ունին աքիլլէսեան կրունկներ… Անոնք բոլորն ալ ենթակայ են սակարկութեան:

Մեր խնդիրն է մտնել այդ բարդ տիեզերքին մէջ ազդու զէնքերով: Այս առումով, եթէ մեր լինելիութեան սպառնացող վտանգը կայսերական է իր բնոյթով, ուրեմն մեր հակադարձութիւնն ալ պիտի ունենայ նոյն կայսերական որակները: Քաջ գիտնալո՛վ, որ ռազմադաշտին մէջ գործողը լոկ զէնքերը չեն: Զինուորները չեն: Այլ այդ բոլորը համադրող եւ համակարգող լծակային ուժերը (leverage):

Ըստ Հայկական Սովետական Հանրագիտարանին, լծակը (lever, levier) այն գործիքն է (ինչպէս Խրիմեան Հայրիկի երկաթէ շերեփը) որով փոքրագոյն ուժով կարելի է հակակշռել մեծագոյնը: Ներկայիս այդ կարողականութիւնները կը գտնուին սխալ ձեռքերու մէջ: Լծակային կարողականութիւնները մեր երկրին մէջ խլուած են փաշինեանական համակարգին կողմէ եւ անոնք կը հակակշռեն ԱԶԳԻ՛Ն ուժը փոխանակ հակակշռելու ուժը թշնամիին… Մե՛ր թշնամին տարածաշրջանի ճակատագիրը ճշդող միջկայսերական ուժերու համակարգն է, որ կեցած է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ետին: Իսկ փաշինեանական համակարգի թշնամին (իրերու տարերային դասաւորումով) ԱԶԳՆ է… Առակս ի՞նչ ցուցանէ:

Առակս ցուցանէ այն, որ ազգը իր մէջ պիտի գտնէ անհրաժեշտ կամքն ու ուժը ինքնիր վախերն ու թուլակամութիւնը յաղթահարելու եւ փաշինեանական համակարգը արագօրէն ու վճռականօրէն դուրս բերելու իշխանութեան դիրքերէն: Առանց այդ վիրահատութեան, այսինքն` առանց լիարժէք իշխանափոխութիւն իրագործելու, ոչինչ կրնայ կասեցնել մեր հաւաքական գահավէժը: Իշխանափոխութեան գործը առաջին շփման գիծն է մեր լինելիութեան պատերազմին: Առանց այդ ճակատագրական հանգրուանը նուաճելու ոչինչ կարելի է իրագործել: Առանց այդ ճակատամարտը շահելու` մենք ինքնաբերաբար կ՛ընդունինք աշխարհակարգի վճիռը պատմութեան բեմէն միանգամընդմիշտ դուրս դրուելու:

Իսկ այդ վճռական գրոհը կը պահանջէ բոլորովին նոր ռազմավարութիւն, նոր տեսիլք եւ անսահման քաջութիւն անկոխ գետիններէն հաշուի նստելու թշնամիին հետ: Տէր ընդ մեզ:

 

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Տարբեր Հարթակ, Տարբեր Ուղղութիւն

Յաջորդը

Քազեմիրօ Թեթեւօրէն Վիրաւորուած

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.