Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Չինաստանին Ուղղուած Ազդակը

October 16, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անհրաժեշտ է յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացնել Ուաշինկթընի` Չինաստանին կատարած դիմումի լուրին վրայ, իսրայէլապաղեստինեան հակամարտութեան կարգաւորման համար: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը չինացի իր գործընկերոջ դիմած է այս առաջադրանքով:

Նոյնքան ուշագրաւ է Փեքինի պատասխանը` ճգնաժամի լուծումը պայմանաւորուած է  Պաղեստինի անկախ պետութեան ստեղծումով` Իսրայէլի հետ անոր խաղաղ գոյակցութեան երաշխիքներով:

Թէական զինադուլի հաստատման եւ բանակցութիւններու ձեռնարկումի համար կը թուէր, որ երկու գլխաւոր պետութիւններ իրենց ազդեցիկութեամբ եղանակ եւ գործընթաց ձեւաւորելու կարողականութիւնը ունին. Ուաշինկթըն մէկ կողմէ, իսկ միւս կողմէ` Թեհրան:

Հիմա Չինաստանը հրաւէր կը ստանայ ներգրաւուելու կարգաւորման գործընթացին: Այս հակիրճ լրատուութեան մէջ քանի մը առանցքային գիծ կ՛երեւայ, եթէ անշուշտ զուտ թողարկուած լրատուութեան բովանդակութիւնը նկատի ունենանք:

Առաջինը այն է, որ Միացեալ Նահանգներ ռազմական իրադարձութիւններէն անցում կ՛ուզեն կատարել եւ կը խօսին կարգաւորման մասին: Կարգաւորումը նախ հրադադար կ՛ենթադրէ եւ հետեւաբար կանխարգիլում` Կազայի ցամաքային ներխուժման, որուն հետեւանքները անկանխատեսելի կրնան ըլլալ հակազդեցութեան եւ յատկապէս այլ ռազմաճակատներու բռնկման առումներով:

Երկրորդ փոխանակ ուղղակի, թէկուզ անուղղակի Թեհրանին ազդակ յղելու, Ուաշինկթըն ուղղակի կը դիմէ Փեքինին` արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով: Առաջարկը յստակ է. ներգրաւուիլ հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով:

Ուաշինկթընը այս ձեւով նախ կ՛ընդունի Չինաստանի ազդեցիկ պետութիւն ըլլալը միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ: Այս հանգամանքը կը յիշեցնէ Չինաստանի նախաձեռնութիւնը Իրան – Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններու հաստատման երկխօսութեան ձեռնարկելու: Ռիատ – Թեհրան յարաբերութիւններու բնականոնացումը կ՛ենթադրէ Միջին Արեւելքի քաղաքական քարտէսի վերագծում: Այդ վերագծումի գործընթացին մէջ կը տեղաւորուի նաեւ Թել Աւիւ – արաբական պետութիւններ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը:

Չինաստան – Իրան – Ռուսիա առանցքը ընդհանրապէս զօրակցական մօտեցում ունի պաղեստինցիներու պայքարին: Պարզ է, որ այս առանցքէն Իրանն է ամէնէն ազդեցիկը գետնի վրայ: Ռուսիոյ Դաշնութիւնը խոստացաւ ներգրաւուիլ պատերազմին, եթէ Ուաշինկթընը միջամտէ: Այս երկուքին միջեւ Չինաստանին է, որ կը դիմէ Միացեալ Նահանգները:

Հիմա տեսնենք Չինաստանի արձագանգին բուն բովանդակութիւնը: Կարգաւորումը կը պայմանաւորուի պաղեստինեան անկախ պետութեան ստեղծումով:  Արմատական լուծումն է, որ կ՛առաջարկէ Չինաստանը: Միանգամայն հեռակայ առաջադրանքը: Հրադադարն ու կարգաւորման գործընթացը համանուագ ձեւաչափով կը ներկայացուի այս պարագային:

Եթէ Չինաստանին ուղղուած առաջարկը բացայայտ է, Իրանինը լուռ է: Ի վերջոյ պիտի լռեն ռումբերը եւ սկսին բանակցութիւնները: Օրակարգը` կարգաւորում է. Չինաստանի պատկերացումը` Պաղեստինի անկախ պետութեան ճանաչումը:

Փեքինի պատասխանը կրնար բաւարարուիլ հրադադարի անհրաժեշտութեան, տարհանումը կասեցնելու, Կազան ապաշրջափակելու եւ Կազայի բնակիչներուն իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու ուղղութեամբ ընդգծումներ կատարելով: Կամ ընդհանրապէս գերեվարուածներու եւ ձերբակալուածներու փոխանակումը յիշելով եւ նման կարճաժամկէտ հանգուցալուծումներու մասին շեշտադրումներ կատարելով:

Նշաձողի միանգամայն բարձրացումը եւ վերջին ըսելիքը ի սկզբանէ ըսելը կ՛ազդարարէ բանակցային օրակարգի մը ձեւաւորումը: Պաղեստինի անկախ պետութեան ճանաչումը օրակարգային դառնալու նախադրեալներ կը պարզէ: Առաջադրողը Միջին Արեւելքի մեծ դռներէն մուտք գործող աշխարհակարգային ուժ է, որուն կը դիմէ Ուաշինկթընը:

«Ա.»

Նախորդը

Ուաշինկթըն Կը Հերքէ Ազրպէյճանի Կողմէ Հայաստանի Ներխուժման Մասին Պլինքընի Վերագրուող Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 127-ի Լուծում

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.