Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանեան Մաղթանք

October 14, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ

(Ձօն` Ա՛Յն Սրբազան Յարկին` Դպրեվանքին, Ուր Հասակ Առի
Թէ՛ Մտապէս, Թէ՛ Հոգեպէս Եւ Թէ՛ Ֆիզիքապէս)

Աստուածային պարգեւ աննման,
Ուր ամէն հայ կը զգայ ինչպէս իր տան:

Բաբախող սիրտն ես Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին,
Ուր կը պատրաստուին սերունդներ թանկագին:

Գորովազեղ մայր ես դուն,
Մեր կողքին ես ցերեկ թէ իրիկուն:

Դուռն ես երկինքի արքայութեան,
Յաճախողիդ ցոյց կու տաս ճամբան:

Եղար փարոսն ու լոյսը հայութեան,
Միջոցն ու ճանապարհը հանգստութեան:

Զարթօնք պարգեւեցիր ժողովուրդիդ,
Աստուծոյ մօտենալու յարմար առիթ:

Էմմանուէլը պատգամեց իր հայութեան,
Որ է ուղին ու ճամբան փրկութեան:

Ընդունեց իր սերունդներ բազմաթիւ,
Որոնք փրկեցին հայեր անթիւ:

Թուրն ու վահանն  ես հայուն,
Ամրոց ու ապաստան մնայուն:

Ժամանակաւորները կապեց իր Անժամանակին,
Տալով անոնց Աստուծոյ հետ միացնող բանալին:

Իսկապէս յաւէտ փառք քեզի,
Զի առաջնորդեցիր մեզի:

Լուսաւոր օճախ Զարեհեան,
Ոսկիի վսեմ ձուլարան:

Խապայեան Հայրիկը քեզ վերակենդանացուց,
Հայ ազգին անզուգական ապաւէն դարձուց:

Ծառայելու առաքինութիւնը տուիր զաւակներուդ,
Որք զայն հասցուցին բոլոր գաղութներուդ:

Կարեցիր ոսկեայ թելերով կերպասներ,
Որք ծածկեցին հոգեր ու դժուարութիւններ:

Հայելիդ դարձուց իր ծառայութիւնը,
Որուն միջոցաւ հայը ապրեցաւ ուրախութիւնը:

Ձիրքդ է, անտարակոյս, դպրեվանեցի կերտել,
Յղկուած, տաշուած զայն ժողովուրդին նուիրել:

Ղօղանջեցիր անվե՛րջ սպասարկութիւն,
Տարածելով սէր ու միութիւն:

Ճարտարապետդ է Երկնաւոր Արքան,
Իննսուն ամեակներ քեզ դարձուց բնակարան:

Մեսրոպեան տառերով գրեցիր Տիրոջ մասին,
Պարթեւեան ոգիով քարոզեց իր հայ ազգին:

Յիսուս Քրիստոսը ճանչցուցիր,
Հաւատքն ու յոյսը ամրապնդեցիր:

Նորին սրբութեան հովանաւորութեամբ,
Լեցուեցար ժողովուրդին ծառայելու փորձառութեամբ:

Շանթահարեցիր չար սատանան,
Պարգեւեցիր տիպա՛ր քահանան:

Ողջ հայութեան տունն ես դուն,
Ո՜վ դպրեվանք, իմ սիրուն:

Չարը քեզմէ կը վախնայ,
Բարին քեզմով կը գոհանայ:

Պարծանք սփիւռքի հայութեան,
Գլխագիրը արտադրող ուսումնարան:

Ջուրդ անդադար կը հոսի,
Աղբիւրդ քրիստոնէութեամբ կը յորդի:

Ռահվիրաներու շարքեր անվերջ,
Վառող կրակ, ջահ մը անշէջ:

Սփիւռքէն խաւարը հեռացուցիր,
Տալով անոր արթո՛ւն ջահակիր:

Վերելքի վսեմ համալսարան,
Մարդ արտադրելու հիանալի ճեմարան:

Տիրադաւան մանկունք պատրաստեցիր,
Աստուածապատկան զաւակներ նուիրեցիր:

Րամերուն թռչիլ սորվեցուցիր,
Երամներուն կազմակերպ դարձուցիր:

Ցաւած հայութիւնը միացուցիր,
Ազգին ու եկեղեցիին կապեցիր:

Ւ (2)

Փայլուն աստղ ծնունդի,
Երկինքին մէջ շողացող նազելի:

Քրիստոսազարդ կենցաղը ուսուցիր,
Աստուածամարդը մեր մէջ ապրեցուցիր:

Օտարութեան մէջ եղար նոր Հայաստան,
Պանդխտութեան մէջ նոր հանգստարան:

Ֆիզիքականը բոլորովին մոռցուցիր,
Հոգեւորը չափազանց զօրացուցիր:

 

Երկուշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2023
Անթիլիաս, Լիբանան

(1).- Այստեղ կ՛ակնարկուի ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափայլ հայրապետին:
(2).- Աշխարհաբարի մէջ չկայ Ւ տառով սկսող բառ մը:
Նախորդը

Հոկտեմբեր` Մշակոյթի Ամիս. Մտորումներ

Յաջորդը

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով. Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերականգնման Նոր Շարժումի Մը Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.