Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Պէտք Է Զգուշանալ Սուրիացի Գաղթականներու Նոր Ալիքէն Եւ Կանխարգիլել Լիբանանի Վրայ Կազայի Պատերազմին Ունենալիք Հետեւանքները»

October 12, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահեց համախմբումի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան հիմնական երկու հարցեր` Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարն ու Կազայի պատերազմին վտանգները:

Համախմբումին նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Կազայէն սկսած պատերազմը ինքզինք կը պարտադրէ մեր վրայ եւ կը մղէ լիբանանցիները մտածելու, թէ ի՛նչ քայլերու պէտք է դիմել` պաշտպանելու համար Լիբանանի կայունութիւնը եւ խուսափելու իր վրայ ունենալիք պատերազմի հետեւանքներէն:

Համախմբումը նկատել տուաւ, որ այդ քայլերը կը գտնուին ՄԱԿ-ի բանաձեւերու գործադրութեան մէջ եւ միջազգային օրէնքին հանդէպ ցուցաբերուած յանձնառութեամբ: Համախմբումը անհրաժեշտ նկատեց, որ Իսրայէլ ճանչնայ պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքը` պետութիւն ունենալու, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձը կազմակերպելու:

Համախմբումը ցաւակցութիւն յայտնեց Պաղեստինի եւ Հըզպալլայի նահատակներու ընտանիքներուն:

Համախմբումը կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն զգուշանալու Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներու նոր ալիքէն եւ կանխարգիլելու Լիբանանի վրայ Կազայի պատերազմին ունենալիք հետեւանքները:

Համախմբումը անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը փակէ սուրիական-լիբանանեան ապօրինի բոլոր անցքերը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց քաղաքապետութիւններուն շեշտելու սուրիացի տեղահանուածներուն կողմէ բնակարանային եւ աշխատանքային ու կեցութեան առումով լիբանանեան օրէնքները յարգելու եւ գործադրելու կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, Պասիլ «Էքս» ելեկտրոնային հարթակին վրայ կատարած գրառումի մը ընդմէջէն նշեց, որ ինչքան որ իրենք կը զօրակցին Իսրայէլի դէմ պայքարելու պաղեստինեան դիմադրութեան իրաւունքին, նոյնքան կը մերժեն ոչ լիբանանցիի մը կողմէ լիբանանեան հողերուն օգտագործումը` պատերազմական գործողութիւններու ձեռնարկելու: «Կը մերժենք վերադառնալ «Ֆաթհլենտ»-ի օրերուն», գրեց Պասիլ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պու Հապիպ 23 Հոկտեմբերին Կ՛այցելէ Սուրիա

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.