Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 12, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.800 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ամբողջ շաբթուան մը ընթացքին լիբանանեան բանակը կրցած է արգիլել դէպի Լիբանան 1500 սուրիացի գաղթականներուն ապօրինի մուտքը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Կազայի պատերազմական իրավիճակն ու շրջանին վրայ անոր ունեցած հետեւանքները: Քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու ներկայութիւնն ու երկրին տագնապներուն վրայ այդ թղթածրարին ունեցած հետեւանքները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ընդունեց Փոփոխութիւն կուսակցութեան նախագահ Էլի Մահֆուտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Մահֆուտ հաստատեց, որ ոչ մէկ օրակարգ պէտք է գերազանցէ Լիբանանի առաջնահերթութիւնները:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ տիւրզի համայնքին վերաբերող շարք մը հարցեր:

ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ լիկան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանը պէտք չէ ներքաշել շրջանին մէջ ընթացող ներկայ պատերազմին մէջ:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները: Միքաթիի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի եւ Դանիոյ դեսպաններ Մակուշի Մասայոքի եւ Քրիսթոֆըր Վիվիք: Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխաններ Ահմետ Խէյր եւ Էլի Խուրի:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան յայտնեց, որ թշնամի Իսրայէլը լաւ գիտէ, թէ Դիմադրութիւնը կը պայքարի յաղթանակ ապահովելու համար: Ան շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը կարողութիւն ունի պարտութեան մատնելու Իսրայէլը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ ընդունեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ժորժ Քալլասը, որ ընդգծեց ելեկտրոնային բախտախաղի երեւոյթին դէմ բողոք բարձրացնելու կարեւորութիւնը: Միւս կողմէ, Թէյմուր Ժոմպլաթ հաստատեց պաղեստինեան պայքարին իրաւացիութիւնը` աւելցնելով, որ պաղեստինցիներուն ազատ եւ անկախ ապրելու կամքը ի վերջոյ յաղթական դուրս պիտի գայ:

ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ հոսանքի երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ Լիբանան կորսնցուցած է ֆրանսական նախաձեռնութեան արժէքը` աւելցնելով, որ պէտք է ուղղակի անցնիլ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութեան տարբերակին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ ներկայիս արձանագրուած բոլոր հաշուարկները լիբանանեան չեն, այլ` Միջին Արեւելքի վերաբերող ռազմավարական հաշուարկներ են, որոնց կեդրոնը Իրանն է:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներու կացութիւնը, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի սահմանին վրայ արձանագրուած վերջին զարգացումները:

 

 

Նախորդը

Օդէն, Ծովէն Եւ Ցամաքէն Կազայի Բուռն Ռմբակոծումը 5-րդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակուի

Յաջորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Պէտք Է Զգուշանալ Սուրիացի Գաղթականներու Նոր Ալիքէն Եւ Կանխարգիլել Լիբանանի Վրայ Կազայի Պատերազմին Ունենալիք Հետեւանքները»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.