Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համբիկ Միսաքեան Հաւատաւոր Դաշնակցականը

October 9, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քառասուն օրեր առաջ հողին յանձնեցինք ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան վաստակաւոր եւ նուիրեալ ընկերներէն Համբիկ Միսաքեանը: Ան ծնած է Հայաշէն, 1958-ին, ազգասէր, հայրենասէր, եկեղեցասէր եւ նահապետական ընտանիքի մը տան մէջ: Իր ծնողներէն ստացած է ազգային դաստիարակութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը:

Ան իր նախնական ուսումը ստացած է Հայաշէնի Ազգային Թորգոմեան վարժարանին մէջ, ապա յաճախած է Ազգային Չաթալպաշեան վարժարան, ուր եղած է հնազանդ, բարի եւ աշխատասէր ընկեր, եւ վերջապէս` իր մասնագիտական կրթութիւնը ստացած է Հայկազեան համալսարանէն:

Ան փոքր տարիքէն նուիրուած է ակումբին, եղած է ՀՅԴ պատանեկան միութեան անդամ, ապա անդամակցած է ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղին, ուր եղած է գործօն անդամ եւ ստացած գաղափարական բիւրեղ դաշնակցականի դաստիարակութիւնը:

Այնուհետեւ Միսաքեան միացած է ՀՅԴ-ի շարքերուն եւ եղած է աշխուժ, ծառայասէր եւ տիպար ընկեր «Ռոստոմ» ակումբին եւ Հայաշէնի շրջանին մէջ: Ան երկար տարիներ ստանձնած է յանձնախումբերու աշխատանքները, ինչպէս նաեւ մաս կազմած է կոմիտէներու կազմերուն` մաքուր անուն ձգելով իր միջավայրին մէջ:

Միսաքեան փոքր տարիքէն եղած է ՀՄԸՄ-ական` մաս կազմելով Հայաշէնի սկաուտական կազմին: Ան սիրած է մարզանքը եւ մասնակցած է Հայաշէնի «Մուրատ» ֆութպոլի խումբին, ապա ժամանակի ընթացքին եղած է ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ, ֆութպոլի խումբի պատասխանատու եւ մարզիչ: Նկատի ունենալով իր տաղանդը` ան կը նշանակուի Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ: Ան երկար տարիներ Լիբանանը ներկայացուցած է զանազան երկիրներու կազմակերպած մրցաշարքերուն, արժանացած է բարձրագոյն շքանշանի եւ ծառայած է ժողովուրդին առանց խտրութեան: Ասոնց զուգահեռ ան կազմած է իր ընտանեկան օճախը իր կողակիցին հետ, եւ Աստուած իրենց պարգեւած է երկու մանչ զաւակ, որոնք իրենց կարգին ստացած են ազգային դաստիարակութիւն, եղած են ատակ զաւակներ եւ յարգուած երիտասարդներ:

Համբիկ Միսաքեան հաւատացեալ էր, ամէն կիրակի կ՛ուզէր յաճախել Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին` մասնակցելու Ս. պատարագին եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով: Վերջերս ընտրուած էր եկեղեցւոյ թաղական եւ կը վարէր թաղական խորհուրդի ատենապետի պարտականութիւնը: Իր փափաքն էր ամուր ու կանգուն պահել եկեղեցին եւ ժողովուրդը առաջնորդել Աստուծոյ տունը, սակայն իր հիւանդութիւնը դաւաճանեց զինք: Ամիսներ շարունակ համբերեց, պայքարեցաւ եւ յոյսով ապրեցաւ, սակայն Տէր Աստուած զինք տարաւ իր քով` միացնելու զինք մեր հերոսներուն, ֆետայիներուն եւ նախահայրերուն:

Այսօր Լիբանանի գաղութը կը կորսնցնէ իր զաւակներէն արժէքաւոր, ծառայասէր եւ ազնիւ զաւակներէն մէկը, իսկ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութիւնը` իր սիւներէն մէկը:

Մենք ուխտած ենք շարունակել իր ճանապարհը, հաստատ քայլելով ու հզօր կամքով ծառայել մեր ժողովուրդին եւ վիրաւոր Արցախին:

ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան անունով մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր զաւակներուն, հարազատներուն եւ ընկերներուն: Թող Աստուած լուսաւորէ իր հոգին եւ յիշատակը յաւիտեան պահէ մեր սրտերուն մէջ:

ՀՅԴ «ՌՈՍՏՈՄ» ԿՈՄԻՏԷ

Նախորդը

Համբարձում Միսաքեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Յաջորդը

Թենիս. Խաչանով Յաղթական

RelatedPosts

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը
Անդրադարձ

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը

November 3, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.