Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Սիթի Պիտի Մեկնի Լոնտոն` Վիրաւոր Արսենալի Դէմ Մրցելու

October 7, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով վաղը` կիրակի, 8 հոկտեմբերի ժամը 6:30-ին Արսենալ պիտի հիւրընկալէ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին, 8-րդ հանգրուանին:

Արսենալի ախոյեան ըլլալու թեկնածուի կարողութիւնները վաղը կը յստականան, մանաւանդ որ պրազիլցի Կապրիել Մարթինեզ եւ հոլանտացի Եուրիըն Թիմպըր բացակայ պիտի ըլլան վաղը, մինչ Պուքայօ Սաքայի վիճակը քիչ մը աւելի լաւ է: Ան Լանսի դէմ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումին մկանի ցաւ ունեցաւ եւ հեռացաւ դաշտէն 34-րդ վայրկեանին: Բայց բժշկական քննութիւններէ ետք ոչ մէկ անբնական բան ի յայտ եկաւ: 2021-էն ի վեր ան մասնակցած է Արսենալի ախոյեանութեան բոլոր մրցումներուն (90 յաջորդական մրցում):

Տակաւին քանի մը օր առաջ, Սիթիի մարզիչ Փեփ Կոարտիոլա այս նիւթին մասին գանգատ ունէր եւ ՖԻՖԱ-էն ու «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-էն պահանջեց ֆութպոլիստներուն բաւարար դադար տալ` հանգիստի համար: «Ֆութպոլը կը խաղան ֆութպոլիստները», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Պէտք է ֆութպոլիստները գործադուլ յայտարարեն, մկանները դադարի պէտք ունին»: Ան օրինակ բերած էր Միացեալ Նահանգներու «Էն. Պի. Էյ.»-ին մէջ կիրարկուած ձեւը: «Անոնք 80 մրցում կը խաղան, բայց ունին 4 ամիս` դադարի»: «Ամէն անգամ որ ես կամ Եուրկըն Քլոփ այս մասին կը գանգատինք, ՖԻՖԱ-ն եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն մեզի կ՛ըսեն, թէ բաւարար դրամ կը շահիք, այս նիւթին` մասին մի՛ խօսիք այլեւս»:

Վերադառնալով Արսենալ-Մանչեսթըր Սիթի մրցումին, Սիթի ամէն գնով պիտի փորձէ յաղթանակներու ճամբան բռնել, մանաւանդ որ բաժակի մրցաշարքէն դուրս մնաց, եւ անցեալ շաբաթավերջին պարտութիւն մը եւս կրեց Վուլվզէն: Սիթիէն պիտի բացակային միջնապահներ Ռոտրի (կախակայուած) եւ պելճիքացի Քեւին Տը Պրունյը (վիրաւոր): 23 տարեկան արժանթինցի Եուլիան Ալվարես փլէյ-մէյքըրի դիրքի վրայ կը խաղայ` ձեւով մը զօրացնելու դաշտին կեդրոնը: Ան ոչ միայն յաջողեցաւ, այլ այս եղանակի բոլոր մրցումներուն դաշտ ներկայանալով նոյնիսկ նշանակեց 3 կոլեր:

Ստորեւ Անգլիոյ շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը.

ԺԱՄ
Լիւթըն Թաուն – Թոթենհամ 14:30-ին
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Պրենթֆորտ 17:00-ին
Պըրնլի – Չելսի 17:00-ին
Էվըրթըն – Պորնմաութ 17:00-ին
Ֆուլհամ – Շեֆիլտ Եունայթըտ 17:00-ին
Քրիսթըլ Փելէյս – Նոթինկհամ Ֆորեսթ 19:30-ին
ԿԻՐԱԿԻ    ԺԱՄ
Պրայթըն – Լիվըրփուլ 16:00-ին
Ուեսթ Համ – Նիւքեսըլ 16:00-ին
Վուլվզ – Ասթոն Վիլա 16:00-ին
Արսենալ – Մանչեսթըր Սիթի 18:30-ին

ՍՊԱՆԻԱ

«Լա Լիկա»-ի 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւող Ռէալ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ 9-րդ դիրքը գրաւող Օսասունան: 2-րդ դիրքը գրաւող Պարսելոնան պիտի մեկնի նախավերջին դիրքը գրաւող Կրանատայ դաշտը: Այս հանգրուանի ամէնէն հաւասարակշռուած մրցումը պիտի ըլլայ Էսթատիօ Մեթրոփոլիթանօ դաշտին վրայ, ուր Աթլեթիքօ Մատրիտ կը հիւրընկալէ Ռէալ Սոսիետատը: Աթլեթիքօ 4-րդ դիրքը կը գրաւէ, մինչ Սոսիետատ` 5-րդ:

Ստորեւ` 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ
Քատիս – Ժիրոնա 15:00-ին
Ռէալ Մատրիտ – Օսասունա 17:15-ին
Սեւիլա – Ռայօ Վայեքանօ 22:00-ին
ԿԻՐԱԿԻ
Վիարէալ – Լաս Փալմաս 15:00-ին
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ռէալ Սոսիետատ 17:15ին
Ալավես – Պեթիս 19:30-ին
Սելթա – Խեթաֆէ 19:30-ին
Կրանատա – Պարսելոնա 22:00-ին

ԳԵՐՄԱՆԻԱՊունտըսլիկայի 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւող Լեւերքուզըն պիտի հիւրընկալէ նախավերջին դիրքը գրաւող Քէօլնը, մինչ ախոյեան Պայերն Միւնիխ պիտի հիւրընկալէ Ֆրայպուրկը:

Ստորեւ` յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ
Տորթմունտ – Ունիոն Պերլին 16:30-ին
Լայփցիկ – Պոխում 16:30-ին
Շթութկարթ – Վոլֆսպուրկ 16:30-ին
Աուկըսպու – Տարմշթատ 16:30-ին
Պրեմըն – Հոֆենհայմ 19:30-ին
ԿԻՐԱԿԻ
Լեւերքուզըն – Քէօլն 16:30-ին
Պայէրն Միւնիխ – Ֆրայպուրկ 18:30-ին
Ֆրանքֆորթ – Հայտընհայմ 20:30-ին

ԻՏԱԼԻԱ

«Սերի Ա.»-ի 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւող Ինթեր Միլան պիտի հիւրընկալէ 8-րդ դիրքը գրաւող Պոլոնիան: Միլանի քաղաքի միւս խումբը` Ա. Սէ. Միլան, որ միայն կոլերու տարբերութեամբ կը գրաւէ 2-րդ դիրքը, պիտի ըլլայ հիւրը` 14-րդ դիրքը գրաւող Ճենովային: Թորինօ քաղաքի տերպին տեղի պիտի ունենայ այսօր ժամը 19:00-ին` Եուվէի դաշտը:

Ստորեւ յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ
Ինթեր Միլան – Պոլոնիա 16:00-ին
Եուվենթուս – Թորինօ 19:00-ին
Ճենովա – Ա. Սէ. Միլան 21:45-ին
ԿԻՐԱԿԻ
Մոնզա – Սալերնիթանա 13:30-ին
Լացիօ Ռոմա – Աթալանթա 16:00-ին
Ֆրոսինոնէ – Վերոնա 16:00-ին
Քալիարի – Ա. Էս. Ռոմա 19:00-ին
Նափոլի – Ֆիորենթինա 21:45-ին

ՖՐԱՆՍԱ

«Լիկ 1»-ի 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, գագաթի մրցում մը իրարու դէմ պիտի հանէ Ռենսը (3-րդ) եւ Մոնաքոն (առաջին): 6-րդ դիրքը գրաւող Ռեն պիտի հիւրընկալէ Փարիզ Սեն Ժերմենը վաղը գիշեր:

Ստորեւ յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ
Մեց – Նիս 18:00-ին
Ռենս – Ա. Էս. Մոնաքօ 22:00-ին
ԿԻՐԱԿԻ
Մարսէյ – Լը Հաւր 14:00-ին
Լիոն – Լորիան 16:00-ին
Պրեսթ – Թուլուզ 16:00-ին
Մոնփելիէ – Քլերմոն 16:00-ին
Լանս – Լիլ 18:05-ին
Ռեն – Փարիզ Սեն Ժերմեն 21:45-ին
Նախորդը

Ֆորմիւլա 1. Վերշթափըն Կրնայ Ախոյեան Դառնալ Քաթարի Մէջ

Յաջորդը

Ամերիկեան Ուժերը Սուրիոյ Մէջ Թրքական Անօդաչու Թռչող Սարք Վար Առած Են

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.