Հայաստանի խնդրանքով` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն յառաջիկայ օրերուն շտապ առաքելութիւն պիտի ուղարկէ Երեւան` Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներուն կրթական աջակցութիւն ցոյց տալու նպատակով:
Աջակցութիւնը ուղղուած պիտի ըլլայ կրթութեան շարունակականութեան ապահովման ու տեղահանուած ուսանողներուն հոգեբանական-ընկերային օգնութեան տրամադրման: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ վերջին օրերուն աւելի քան 100 հազար մարդ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած է` գալով Հայաստան: Անոնց շուրջ մէկ երրորդը երեխաներ ու դեռահասներ են:
Կ՛ընդգծուի, որ գործողութիւններու ծրագիրը ուղղուած պիտի ըլլայ համապատասխան ուսումնական միջավայրերու ստեղծման, վերականգնման ծրագիրներու հասանելիութեան եւ հոգեբանական աջակցութեան, որ ուսանողներուն պիտի օգնէ յաղթահարել դժուար կացութիւնները:
Կը շեշտուի, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն նաեւ կը նախատեսէ մօտիկ ապագային կրթութեան ոլորտին մէջ միջազգային գործընկերներու եւ նուիրատուներու մասնակցութեամբ հանդիպում կազմակերպել` ապահովելու անոնց աջակցութիւնը, ներառեալ ֆինանսական աջակցութիւն այս կրթական նախաձեռնութիւններու իրականացման համար:


