«3+3» հարթակը արդիւնաւէտ ձեւաչափ է շրջանային խնդիրները լուծելու համար: ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Թեհրանի մէջ Հայստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ հանդիպումի ընթացքին ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է միջազգային սահմաններու պահպանման եւ երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ շրջանային խնդիրները պէտք է լուծեն շրջանի պետութիւնները` առանց արտաքին միջամտութեան:
Գոհունակութիւն յայտնելով Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ զարգացող յարաբերութիւններուն վերաբերեալ` Ապտոլլահեան յոյս յայտնած է, որ երկու երկիրներու միջեւ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալը պիտի հասնի տարեկան երեք միլիառ տոլարի, ինչ որ, անոր համաձայն, կը պահանջէ համապարփակ եւ երկարաժամկէտ համագործակցութեան համաձայնագիր:
Ապտոլլահեան նաեւ նշած է, որ Իրան պատրաստ է մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղէն գաղթականներու համար:
Ըստ ԻՐՆԱ-ի, Գրիգորեան իր կարգին բարձր գնահատած է Իրանի դիրքորոշումը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան հարցին մէջ` ըսելով, որ Երեւանը հաստատակամ է ընդլայնելու Թեհրանի հետ կապերը: Ան նաեւ նշած է, որ Հայաստանը կարեւոր եւ կառուցողական կը նկատէ Հարաւային Կովկասի զարգացման եւ շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան գործին մէջ Իրանի դերը:


