Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Քաղաքական Շրջանակներ Կը Շարունակեն Զօրակցիլ Հայ Ժողովուրդին Եւ Լիբանանահայութեան

October 5, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի հայաթափումին եւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ գործուած ցեղային զտման արարքին մասին լիբանանեան քաղաքական շրջանակներ ու պետական անձնաւորութիւններ շարունակեցին իրենց զօրակցական կեցուածքները հայ ժողովուրդին ու լիբանանահայութեան` դատապարտելով Ազրպէյճանի գործած ցեղասպանական արարքներն ու արցախահայութեան բռնի տեղահանումը:

Այս բաժինով կ՛անդրադառնանք ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուած գրառումներուն:

Զօր. Ալի Հաժ. «Կը Զօրակցինք Հայ Ժողովուրդին Եւ Հայ Դատին»

Ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ալի Հաժ ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրած գրառումի մը ընդմէջէն ընդգծեց հայ ժողովուրդին զօրակցելու կարեւորութիւնը: Ան գրեց. «Հայ ժողովուրդին նեցուկ կանգնիլ կը նշանակէ մարդկային բնական իրաւունքներուն նեցուկ կանգնիլ, ինչպէս նաեւ տէր կանգնիլ երկրի մը պատմական սահմանները պաշտպանելու միջազգային չափանիշներուն:

Անիրաւութիւնը վստահաբար վերջ պիտի ունենայ, իսկ իրաւունքը ուժի վերածուելով պիտի պարտադրէ ինքզինք:

Կը զօրակցինք հայ ժողովուրդին եւ Հայ դատին: Ասիկա մեզի համար ազգային եւ բարոյական պատիւ է»:

Ռոժէ Էտտէ. «Մարդկութեան Դէմ Ոճիրներուն Իմաստով Ապաքրիստոնէացած Արեւմուտքը Զանոնք Կ՛անտեսէ, Երբ Անոնց Զոհերը Քրիստոնեաներ Են»

Սալամ կուսակցութեան նախագահ, իրաւաբան Ռոժէ Էտտէ «Էքս» ելեկտրոնային հարթակին վրայ կատարած է հետեւեալ գրառումը.

«Մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնը չի կրնար արդարացուիլ այն յաւակնութեամբ, թէ տարածքն (Արցախը, «Ա.») ու հայ ժողովուրդը, միջազգային օրէնքի համաձայն, 2500 տարիէ ի վեր ազերիական եղած են, ինչպէս որ Փարիզի մէջ ազրպէյճանցի դեսպանը «ինքնավստահ եւ մեծամիտ» անբարտաւանութեամբ կը պնդէ:

«Լեռնային Ղարաբաղի հայերը, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն վերջ Ազրպէյճանի ազերիներուն նման եւ անոնց հետ նոյն ատեն, իրենք զիրենք անկախ յայտարարած են:

«Միջազգային ընտանիքը առանց վերապահութեան հաւանութիւն չէ տուած ո՛չ մէկուն, ո՛չ ալ միւսին:

«Ազրպէյճանը կը մտափոխէ, եւ բռնի ուժ կը կիրարկէ լուծարելու համար հայ ազգը եւ հայերը գաղթի մղելու, ճիշդ ինչպէս Փութինը ըրաւ Ուքրանիոյ մէջ:

«Ազրպէյճանցիներուն իսլամութիւնը աւելի ահեղ էր, քան ռուսերուն հիւլէական զէնքերը:

«Ինչ կը վերաբերի մարդկութեան դէմ ոճիրներուն, ապաքրիստոնէացած Արեւմուտքը զանոնք կ՛անտեսէ, երբ անոնց զոհերը քրիստոնեաներ են:

«Արեւմուտքը «գլխիվայր» ոտքի կը կանգնի` ոտքերը դէպի երկինք բացած»:

 

 

Նախորդը

Դիւանագէտ Շանթ Վարդանեան Ստանձնեց Իր Պաշտօնը

Յաջորդը

Միքաթի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Նախագահական Ընտրութեան Թղթածրարը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.