Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Ղարաբաղի Մէջ Ռուս Խաղաղապահներու Թիւը Կ՛որոշուի` Մեկնելով Այդտեղ Տիրող Կացութենէն»

September 25, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները ապակայունացում կը մտցնեն Հարաւային Կովկասի մէջ` փորձելով իրենց «միջնորդական ծառայութիւնները» պարտադրել Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին: ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Այժմ Պրիւքսելը իր «միջնորդական ծառայութիւնները կը պարտադրէ Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին` Ուաշինկթընի հետ միասին ապակայունացում բերելով Հարաւային Կովկասի մէջ», ըսաւ Լաւրով:

«Հայաստանի, ինչպէս նաեւ նախկին Խորհրդային Միութեան շարք մը այլ երկիրներու մէջ կայ հզօր լոպի հասարակական կազմակերպութիւններու տեսքով, ստեղծուած արեւմտեան բազմաթիւ հիմնադրամներու միջոցով, այդ լոպին յառաջ կը մղէ Միացեալ Նահանգներու եւ անոնց դաշնակիցներու շահերը: Իսկ այդ շահերը Ռուսիոյ ազդեցութիւնը խաթարելու համար են», յայտարարեց նախարարը:

«Մենք ատոնք կը նկատենք արհեստականօրէն բորբոքուած կիրքեր, գիտենք, թէ ատիկա որո՛ւն կը հետաքրքրէ, եւ ո՛վ կը ղեկավարէ այդ լոպին: Ցաւօք սրտի, Հայաստանի ղեկավարութիւնը պարբերաբար կրակին վրայ իւղ կը լեցնէ», աւելցուց ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

«Մենք խորապէս համոզուած ենք, որ հայ ժողովուրդը կը յիշէ մեր հասարակաց պատմութիւնը եւ իր պատմութիւնը կը կապէ Ռուսիոյ եւ այլ բարեկամ երկիրներու, նախ եւ առաջ այս շրջանի երկիրներուն, եւ ոչ թէ ովկիանոսի միւս կողմէն եկածներուն», յայտարարեց Լաւրով:

Ան աւելցուց, որ այժմ, երբ Երեւանի եւ Պաքուի ղեկավարները լուծած են երկու երկիրներու գերիշխանութեան փոխադարձ ճանաչման հարցը, եկած է խաղաղ կեանքի, վստահութեան ամրապնդման ժամանակը: Այդ հոլովոյթին ամէն ձեւով պիտի նպաստեն ռուս խաղաղապահները:

«Մեր խաղաղապահները այժմ կը դիւրացնեն Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն եւ Ազրպէյճանի պաշտօնատարներուն միջեւ հաղորդակցութիւնները: Մեր խաղաղապահները ներկայ են այնտեղ` մեկնելով այն փաստէն, որ անոնց դերը կարեւոր է վստահութիւն ձեւաւորելու համար, որպէսզի ղարաբաղցիները, յատկապէս սկիզբը, իրենք զիրենք ապահով զգան», ըսաւ ան:

«Որքա՞ն ժամանակ պիտի պահանջուի, որքա՞ն խաղաղապահ պիտի պահանջուի, ասիկա հարց մըն է, որ այդտեղ կ՛որոշուի», ընդգծեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

 

 

Նախորդը

Քլաար Ալիեւի Հետ Քննարկած Է Արցախի Մէջ Մարդասիրական Կացութիւնը

Յաջորդը

Իշխանեան. «Փաշինեանը Նախօրօք Ծանօթ Եղած Է Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Խորհուրդի Յայտարարութեան Բովանդակութեան»

RelatedPosts

Քոս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութեան Առաջնային  Ուղղութիւնները Որոշելու Որոշակի  Նախագիծերու Ցանկ Կը Ձեւաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոս. «Հայաստանը Իրապէս Կը Շարժի Եւրոպական Միութեան Ուղղութեամբ»

October 7, 2026
Ղալիպաֆ. «Այս Շրջանը Պէտք Չէ Վերածուի  Օտարերկրեայ Տէրութիւններու Միջեւ  Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Թատերաբեմի»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Այս Շրջանը Պէտք Չէ Վերածուի Օտարերկրեայ Տէրութիւններու Միջեւ Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Թատերաբեմի»

October 7, 2026
Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ  Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը  Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները
Հայկական

Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.