Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը «Էքս» հարթակի իր հաշիւին ընդմէջէն տեղադրած է Արցախի եւ արցախահայութեան վերաբերող հետեւեալ գրառումը.
«Արցախի բնակիչները համայն աշխարհին աչքերուն եւ ականջներուն դիմաց կ՛ենթարկուին մահուան վտանգի ու բռնագաղթի` կազմակերպուած բանակի մը ձեռամբ, իսկ աշխարհը կը մնայ լուռ:
Արցախցիները շրջափակելէ եւ զանոնք սովի մատնելէ ետք, ազրպէյճանական բանակը վայրագ յարձակում մը սանձազերծեց Արցախի մնացորդին վրայ` վերջ տալով անոր դիմադրութեան: Արցախի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը ՄԱԿ-ին ու գերտէրութիւններուն վրայ պատասխանատուութիւն կը բարդէ` յառաջիկայ փուլին պաշտպանելու Արցախի ժողովուրդին ապահովութիւնը»:


