Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած ՄԱԿ-ի 78-րդ Ընդհանուր ժողովին ընթացքին արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ ան յայտնեց, թէ այս տարի Լիբանանի անկախութեան 80-ամեակին կը զուգադիպի` աւելցնելով, որ Լիբանան անցնող տարիներուն աշխատած է խաղաղասէր եւ բարօրութիւն ունեցող տարբեր երկիրներուն մէջ իր տեղը գտնելու նպատակով, ինչպէս նաեւ եղած է ՄԱԿ-ի հիմնադիր երկիրներէն` իր կնիքը ձգելով Մարդկային իրաւունքներու հռչակագիրին վրայ:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան ներկայիս կը դիմագրաւէ շարք մը տագնապներ եւ լարուածութեան իրավիճակ, որ կը ծանրացնէ լիբանանցիներուն առօրեան, որովհետեւ ժողովուրդը հետզհետէ կը կորսնցնէ բարոյական եւ նիւթական իր կարիքները, իսկ երիտասարդները կը դիմեն արտագաղթի:
Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանանի հիմնական մարտահրաւէրը հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան մէջ կը կայանայ, ինչպէս նաեւ անոր պատճառով ստեղծուած քաղաքական եւ հաստատութենական ապակայունութեան, տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապներուն վատթարացման ու բարեկարգումներու ընթացքին արգելակումներուն:
Միքաթի անկեղծութեամբ կոչ ուղղեց, որ Լիբանանի խորհրդարանը իր պարտականութիւնը կատարէ` ընտրելով հանրապետութեան նախագահը, որուն շուրջ համախմբուին բոլոր լիբանանցիները, եւ Լիբանանը վերադառնայ իր նախկին դերակատարութեան` արաբական աշխարհին եւ միջազգային ընտանիքին հետ գործակցութեամբ:
Այս շրջագիծին մէջ, Միքաթի ողջունեց միջազգային հնգեակին դերակատարութիւնն ու ֆրանսական նախաձեռնութիւնը` Լիբանանի նախագահական ընտրութեան տագնապին լուծման նպատակով:
Միքաթի անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ տագնապին, որուն պատճառով սուրիացի տեղահանուածները հասան Լիբանան: Ան շեշտեց, որ 12 տարիէ ի վեր տեղահանուածներու ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ ստեղծած է տնտեսական եւ ընկերային հսկայական հարցեր, ինչպէս նաեւ անոնց գոյութիւնը կը սպառնայ Լիբանանի գոյութեան:
«Այս ամպիոնէն կը զգուշացնեմ տեղահանուածներուն եւ Լիբանան հասնող սուրիացի փախստականներուն գոյութենէն, որ Լիբանանի տագնապներուն վրայ իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ: Կոչ կ՛ուղղեմ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծման ընթացագիծ մը մշակելու` միջազգային ընտանիքին հետ համադրաբար, որպէսզի հարցը կարելի ըլլայ լուծել, երբ տակաւին կարելի է եւ կացութիւնը հակակշիռէ դուրս չէ եկած», հաստատեց ան:
Միքաթի անդրադարձաւ նաեւ իսրայէլեան մարտահրաւէրին` հաստատելով, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:
Այս շրջագիծին մէջ, Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին` Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու մասին մշակուած բանաձեւին համար:
Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը գոհունակ է այն իրականութեան համար, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ նաւթի եւ բնական կազի պեղումները սկսած են:
Ան ողջունեց Սուրիոյ Արաբական լիկայ վերադարձն ու սէուտական-իրանեան համաձայնութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ Լիբանան նախանձախնդիր կը մնայ Պաղեստինեան դատը արդար եւ ամբողջական խաղաղութեան հիման վրայ լուծելու ընտրանքին:


