Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան բանբեր Ճէյք Նելսըն յայտնեց, որ Աուքարի ամերիկեան դեսպանատան դէմ կրակոցներ արձանագրուեցան չորեքշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2023-ին, գիշերուան ժամը 10:37-ին` աւելցնելով, որ կրակոցները մարդկային վնասներ չպատճառեցին:
Նելսըն կրակոցները որակեց թեթեւ, անոնք կատարուած են դեսպանատան մուտքին, առանց վնասներ պատճառելու:
Ան յայտնեց, որ դեսպանատունը ապահով է` աւելցնելով, որ լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ սերտ կապի մէջ են այս իմաստով:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի, որ Նիւ Եորքէն վերադարձաւ Պէյրութ, երէկ յետմիջօրէին վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց շարք մը հարցեր, որոնց կարգին` ամերիկեան դեսպանատան դէմ կրակոցը:
Նշենք, որ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած էր Շիայի հետ եւ հաստատած, որ ինք ապահովական կառոյցներու պետերուն հետ խօսած է եւ պահանջած խիստ կերպով հետապնդել դեսպանատան դէմ կրակող յանցագործները:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դիւանագիտական անձնակազմերուն պաշտպանութիւնը լիբանանեան իշխանութեան առաքելութեան մաս կը կազմէ:
Միւս կողմէ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Շիայի հետ` խստիւ դատապարտելով արձանագրուած դէպքը:
Սլիմ շեշտեց, որ զինուորական եւ ապահովական ուժերը արդէն իսկ հետախուզական աշխատանքի լծուած են` բացայայտելու համար կրակողներուն ինքնութիւնը եւ անոնց ետին կանգնող կողմերը:
Սլիմ յայտնեց, որ որդեգրուած են ապահովական միջոցառումներ` արգիլելու համար նման դէպքերու կրկնութիւնը:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի դարձեալ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Շիայի հետ եւ դատապարտեց դեսպանատան դէմ ուղղուած կրակոցը: Ան հաստատեց, որ ապահովական կառոյցները կ՛աշխատին բացայայտելու մեղաւորները եւ զանոնք հաշուետուութեան կանչելու:
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Շիայի հետ: Ան դատապարտեց ամերիկեան դեսպանատան դէմ ուղղուած կրակոցը` հաստատելով, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ երկրին մէջ դիւանագիտական կեդրոններուն պաշտպանութիւնը ապահովելու:


