Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Իշխանութիւնները Համաձայնեցան Լուծարել Պաշտպանութեան Բանակը Եւ Քննարկել Ազրպէյճանի Հետ Համարկումի Հարցը

September 21, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները համաձայնած են լուծարել Արցախի պաշտպանութեան բանակը եւ քննարկել Ազրպէյճանի հետ համարկումի հարցը:

Այս որոշումը տալէ առաջ Արցախի նախագահը հրաւիրած էր Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի, որուն մասնակցած են քաղաքական բոլոր ուժերն ու նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը եւ Արայիկ Յարութիւնեանը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը որոշումը հրապարակելէ առաջ ըսած էր, թէ Արցախը հարկադրուած պիտի ըլլայ դիմելու համապատասխան քայլերու` գերնպատակ ունենալով առաջնահերթօրէն ապահովել բնակչութեան ֆիզիքական անվտանգութիւնը: Ընդունելով կրակի դադրեցման վերաբերեալ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան հրամանատարութեան առաջարկը` Արցախի իշխանութիւնը յայտարարեց, որ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է` առաջին` երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-էն սկսեալ ամբողջութեամբ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները, երկրորդ` ռուսական զօրակազմի տեղակայման վայրէն հանել, ինչպէս ձեւակերպուած է, «Հայաստանի զինուած ուժերու մնացեալ ստորաբաժանումները», լուծարել եւ ամբողջութեամբ զինաթափել Արցախի պաշտպանութեան բանակը, ինչպէս նաեւ դուրս բերել ծանր զինուորական սարքաւորումները Լեռնային Ղարաբաղէն` զայն արագօրէն ոչնչացնելու նպատակով: Եւ երրորդ` համաձայն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան` Ազրպէյճանի կողմէ բարձրացուած համարկումի, Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի սահմանադրութեան շրջանակներուն մէջ Ղարաբաղի ժողովուրդի կենսագործունէութեան ապահովման հարցերը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ տեղւոյն հայ բնակչութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ պիտի քննարկուին վաղը` ազրպէյճանական Եւլախ քաղաքին մէջ:

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները իրենց այս որոշումը բացատրած են ստեղծուած ծանր իրավիճակով` ընդգծելով, որ Ազրպէյճանը, անցնելով լայնածաւալ յարձակման, նպատակ դրած է մասնատել Արցախը եւ անդառնալիօրէն վնաս հասցնել անոր կենսունակութեան:

«Երկու օր տեւած յամառ մարտերու ընթացքին Արցախի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները հերոսաբար կը պաշտպանուին կենդանի ուժով եւ զէնք-զինամթերքով քանի մը անգամ գերազանցող թշնամիէն` պատճառելով անոր մեծագոյն կորուստներ: Դժբախտաբար, կորուստներ եւ վիրաւորներ ունի նաեւ արցախեան կողմը, իսկ որոշ հատուածներու մէջ թշնամին յաջողած է մխրճուիլ պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքեր, տիրանալ շարք մը բարձունքներու եւ ռազմավարական ճանապարհային հանգոյցներու: Ստեղծուած իրադրութեան մէջ անբաւարար են միջազգային հանրութեան գործողութիւնները` պատերազմի դադրեցման եւ իրավիճակի հանգուցալուծման ուղղութեամբ: Հաշուի առնելով այս ամէնը` Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները կ՛ընդունին ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող զօրակազմի հրամանատարութեան առաջարկը կրակի դադրեցման վերաբերեալ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Հակառակ հրադադարի շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան, ժամը 1:00-էն ետք ալ ազրպէյճանական կրակոցները շարունակուած են: Անկախ լրագրող Մարութ Վանեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հաղորդած է, որ ռմբակոծութիւնները դադրած են միայն ժամը 3:00-ի սահմաններուն:

Հոսանք Ստեփանակերտի մէջ չկայ: Կապի խնդիր կայ: Քաղաքին մէջ անորոշութիւն է, յայտնեց արցախցի լրագրողը` աւելցնելով, որ շատերը տակաւին չեն ընկալած իշխանութեան որոշումը, առայժմ մարդիկ պայուսակները կապած փողոցը այս ու այն կողմ կ՛երթան: Չեն գիտեր` ուր երթալ, մէկ մասը կ՛ուղեւորուի դէպի օդակայան:

Հակառակ անոր որ Արցախի տեղեկատուական շտապը երէկ 2 անգամ արցախցիներուն կոչ ուղղեց չմատնուիլ խուճապի եւ տարհանուելու նպատակով սեփական նախաձեռնութեամբ չերթալ օդակայան, մարդիկ կը շարունակեն ինքնուրոյն ուղեւորուիլ դէպի ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի տեղակայման վայր:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ տեղեկացուցած է, որ վերջին 24 ժամերուն ռուս խաղաղապահները Արցախի առաւել վտանգաւոր շրջաններէն շուրջ 2 հազար խաղաղ բնակիչներ տարհանած են, անոնց կէսէն աւելին` 1049-ը, երեխաներ են: Տարհանուողներէն մաս մը ապաստան գտած է խաղաղապահներու տեղակայման վայրին մէջ:

Նախանցեալ օրուան կէսօրէն սկսած լայնածաւալ յարձակման հետեւանքով, պաշտօնական տուեաներով` Արցախի մէջ զոհերու թիւը հասած է 32 -ի, վիրաւորներունը` 200-ի: Ինչպէս կը յայտնէ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, զոհերէն 7-ը խաղաղ բնակիչներ են, անոնց շարքին` 2 երեխայ: Վիրաւոր երեխաներուն թիւը 13 է: Մինչդեռ Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին խօսած է 100 զոհի մասին:

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, թէ նախանցեալ օր սկսած են արդէն «յաջողութեամբ աւարտած հակաահաբեկչական միջոցառումներուն» հետեւանքով Ազրպէյճանը վերականգնած է իր ինքնիշխանութիւնը:

Ալիեւ հանդէս եկած է ուղերձով` պնդելով, որ ամբողջութեամբ ոչնչացուած է բանակի զգալի մասը, որ Հայաստանի կողմէ ապօրինի տեղակայուած է ազրպէյճանական տարածքներու մէջ եւ տակաւին դուրս չէ բերուած` հակառակ Երեւանի պարտաւորութիւններուն:

Նախորդը

Այսօր Արցախի Հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստ

Յաջորդը

Խմբագրական. Համայն Հայութեան Իղձերը, Պատմական Արդարութիւնը Եւ Արցախի Վերամիաւորումը (Սեպտեմբեր 21-ի Առիթով)

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.