Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւն

September 20, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կը գտնուինք Հայոց ժամանակակից պատմութեան ամէնէն դժնդակ եւ օրհասական փուլին մէջ։ Անհամար զոհողութիւններով ու համահայկական ներուժի ամբողջական օգտագործումով հայութիւնը 35 տարիներ առաջ շրջեց պարտադրուած պարտութիւններու անիւը եւ վերակերտեց Արցախի անկախութիւնը։ Այդ անկախութիւնը համալրուեցաւ պետականութեան բոլոր գործօններու որդեգրումով, եւ Արցախը հայացաւ։

Լիբանանահայութիւնը այս փուլին ճիգ չխնայեց իր բոլոր միջոցներով եւ կարելիութիւններով անսալու Արցախի պետականութեան կայացման, անոր անվտանգութեան երաշխաւորման եւ տնտեսական ու բնակեցման ծրագիրներուն մէջ ունենալու վճռորոշ եւ հիմնարար դերակատարութիւն։ Արցախի ազատագրական պայքարին մէջ նաեւ Հայ դատի հետապնդման ջահակիր կեդրոնական այս գաղութը նուիրաբերեց իր ընտիրները ու գտնուեցաւ պայքարի առաջին դիրքերու վրայ։

Այսօր Արցախը ծախուեցաւ։ Հայրենի իշխանութեանց վարած տհաս ու ապազգային քաղաքականութիւնը, դիւանագիտական աններելի սխալները դիւրացուցին թշնամիին գործը, եւ այսօր ահաւասիկ ան ձեռնարկած է ցեղային մաքրազտման եւ Արցախի բնաջնջման։

Կը գիտակցինք, որ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն մօտ առկայ է հիասթափութեան եւ յուսաբեկման մթնոլորտ։ Կ՛ըմբռնենք հայ մարդուն, աւելի ճիշդը՝ ազգային ապրումներով տոգորուած անհատին տառապանքն ու ցասումը։ Բայց, մեր ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին խորապէս հաւատացած է, որ ինք ունի հարուստ կենսափորձ պարտութեան ընթացքը կասեցնելու, ինքզինք վերականգնելու, հայավայել հպարտութիւնը վերագտնելու առումով։

Առ այդ, այսօր Արցախին պարտադրուած պայմանները վերջակէտ չեն կրնար ըլլալ, այլ՝ սկիզբ նոր պայքարի, որուն անկեղծ զինուորագրեալն է լիբանանահայութիւնը որ այդ պայքարը ժողովրդականացնելու, մեր ազգի իրաւունքները վերականգնելու եւ վերջապէս հայրենիքն ու հայութիւնը անսասան պահելու համար պատրաստ պիտի գտնուի բոլոր մարտահրաւէրները դիմակալելու եւ նոր ու արժանապատիւ պատմութիւն կերտելու։

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կու գայ իր շարքերով ինքզինք դնելու այս նոր պայքարի տրամադրութեան տակ, որպէսզի ապրի հայրենիքը, գոյատեւէ եւ զարգանայ մեր ազգը, ու ոչ մէկ ձեւով խաթարուի ազգային մեր մեծ տեսլականը, որուն համար իրերայաջորդ սերունդներ մաքառած, պայքարած ու արիւն թափած են։ Այսօր ալ այդ կամքն ու վճռակամութիւնը պիտի ճառագայթէ հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներու մէջ։ Այլ ճանապարհ գոյութիւն չունի եւ Քրիստափորեան յարատեւ կռուի գաղափարական հաւատամքը բոլոր ժամանակներէ աւելի պարտաւոր ենք դարձնել մեր ազգի գոյութեան իմաստն ու նշանաբանը։

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (20 Սեպտեմբեր 2023)

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.