Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Սաապ. «Բանակի Հրամանատարին Թեկնածութեան Պարագային Սպիտակ Քուէով Պիտի Մասնակցիմ Ընտրութեան»

September 18, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք ամբողջ Լիբանանը կը ներկայացնէ եւ համոզուած է լիբանանցի քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութեան անհրաժեշտութեամբ:

«Այդ պատճառով ալ բոլորին խօսակից եմ եւ կը փորձեմ տարակարծիք կողմերու միջեւ տեսակէտներու մերձեցում գոյացնել», ըսաւ ան:

Պու Սաապ աւելցուց, որ երբ այցելած է լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն, զանոնք մղած է երկխօսութեան, որովհետեւ անիկա միակ միջոցն է լուծելու երկրին տագնապը:

«Բայց եւ այնպէս կը կարծեմ, որ երկխօսութիւնը տակաւին մօտալուտ չէ, իսկ երկխօսութիւնը այս ամսուան ընթացքին չկատարելու պարագային, անիկա աւելի դժուար պիտի ըլլայ», նշեց ան:

Անդրադառնալով լիբանանեան բանակի հրամանատարին թեկնածութեան` Պու Սաապ յայտնեց, որ զօր. Ժոզեֆ Աունի թեկնածութիւնը` նախագահական ընտրութեան, ցարդ լուրջ չէ, որովետեւ ոեւէ նախագահ պէտք է ստանայ Հըզպալլայի հաւանութիւնը:

«Յուսամ ան կրնայ երաշխիքներ տալ Հըզպալլային` անոր զէնքին եւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ Հըզպալլայի դերակատարութեան մասին իր կեցուածքին առումով», ըսաւ ան:

Պու Սաապ շեշտեց, որ բանակի հրամանատարին թեկնածութեան պարագային սպիտակ քուէով պիտի մասնակցի ընտրութեան, որովհետեւ ինք կը փափաքի ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ յստակ կեցուածքներ ունի:

 

Նախորդը

Մելպըրնի Մէջ. «Լիբանանի Տագնապին Էութիւնը Երկրին Պատասխանատուներուն Միջեւ Անվստահութիւնն Է» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Յաջորդը

Բանակը Կրակոցի Թիրախ` Սուրիացի Տեղահանուածներու Գաղթակայանին Մէջ

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.