Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Թատրոնին Մասին Կլոր Սեղան Եւ Վարուժան Խտըշեանի Թարգմանած Գիրքի Շնորհահանդէս

March 28, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռոպերթ Առաքելեան, Յակոբ Ղուկասեան եւ Վարդան Մկրտիչեան

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Համազգայինի թատերական միաւորին, երէկ` երեքշաբթի, 27 մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ թատրոնին նուիրուած կլոր սեղան եւ Վարուժան Խտըշեանի թարգմանած Էտուարտ Ալպիի «Ո՞վ է վախցողը Վիրճինիա Վուլֆէն» գիրքի շնորհահանդէսը`  ներկայութեամբ լիբանանահայ բեմադրիչներու, դերասաններու եւ թատերասէրներու:

Ձեռնարկին բացման խօսքը կազմակերպիչներուն անունով արտասանեց Դաւիթ Գազանճեան, որ նշեց, թէ թատրոնի միջազգային օրը թատրոնի ընտանիքի անդամներուն կողմէ գնահատուած եւ իւրայատուկ տօն է: Ան ըսաւ, որ թատրոնին մէջ հանդիսատեսը կ՛անջատուի արտաքին աշխարհէն եւ կ՛ապրի թատրոնով:

Ապա Վարուժան Խտըշեանի թարգմանած «Ո՞վ է վախցողը Վիրճինիա Վուլֆէն» գիրքը ներկայացուց «Բագին»-ի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեան, որ նշեց, թէ 1971-ին Վարուժան Խտըշեանի թարգմանած եւ բեմադրած գործը, որ օրին շնչաւորեց Համազգայինն ու թատրոնը եւ թարմութեամբ լեցուց հանդիսատեսն ու հայ մարդը, այսօր կը վերածուի գիրքի:

Սեդա Գրիգորեան

Ան նշեց, որ գործը կառոյցով, թեքնիքով, թատերական հնարքներով եւ մանաւանդ արծարծած հարցերով կը մնայ խիստ այժմէական: Սեդա Գրիգորեան ըսաւ, որ «Ո՞վ է վախցողը Վիրճինիա Վուլֆէն» գործին թարգմանութիւնը յատկանշական ներդրում մըն է հայ թատրոնի պատմագրութեան մէջ եւ այս առումով խիստ ողջունելի:

Ապա ներկաները դիտեցին անցնող տարիներուն լիբանանահայ թատերախումբերուն կողմէ բեմադրուած ներկայացումներէն հատուածներ, մինչ Սեդա Խտըշեան ընթերցեց Վարուժան Խտըշեանի պատգամը, որուն մէջ ան կը շեշտէ, որ  այս գործը այսուհետեւ նոր սերունդին սեփականութիւնն է:

Գիրքի շնորհահանդէսին յաջորդեց լիբանանահայ թատրոնին մասին կլոր սեղանը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ռոպերթ Առաքելեան, Յակոբ Տէր Ղուկասեան եւ Վարդան Մկրտիչեան:

Առաքելեան ըսաւ, որ թատրոնը ժողովուրդին պէտք է տայ ինչ որ պէտք է, եւ ոչ թէ ա՛յն, ինչ որ ժողովուրդը կ՛ուզէ: Ան շեշտեց, որ թատրոնը ճշմարտութեան յաղթանակի վայրն է: Մկրտիչեան հաստատեց, որ իւրաքանչիւր անհատ կամ միութիւն անցեալին իր կարելին կատարած է, իսկ այսօր թատրոնի մարդիկ իրենց գործերը պէտք է կատարեն սիրով, նուիրուածութեամբ եւ անկեղծութեամբ: Մկրտիչեան յայտնեց, որ նիւթականը չափանիշ չէ արժեւորելու, թէ թատրոնին մէջ որեւէ աշխատանք կատարողը արհեստավա՞րժ է, թէ՞ ոչ: Իսկ Տէր Ղուկասեան յոյս յայտնեց, որ յիսուն տարի առաջ կատարուած իրագործումը այսօր ալ իրականանայ, երբ լիբանանահայ թատրոնի ներկայացումներուն հանդիսատեսները նաեւ կ՛ըլլան լիբանանցիները: Յակոբ Տէր Ղուկասեան նկատեց, որ լիբանանահայ թատրոնը վերելք կ՛ապրի, քանի որ հին եւ նոր սերունդի անդամները միասնաբար կը գործակցին:

Երեք բեմադրիչներու ամփոփ զեկուցումէն ետք, տեղի ունեցաւ զրոյց, որուն ընթացքին քննութեան առարկայ դարձան լիբանանահայ թատրոնը յուզող հարցերը:

Նախորդը

Միացեալ Նախաձեռնութեամբ Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Եւ Հայկական Բարեգործական Միութեան` 12 Ապրիլին Սոփրանօ Յասմիկ Պապեան Ելոյթ Կ՛Ունենայ Պէյրութի Մէջ` Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբին Ընկերակցութեամբ (Խմբավար` Յարութ Ֆազլեան)

Յաջորդը

Սփիւռքի Հայ Հրատարակչատուներուն,Գրողներուն Եւ Մտաւորականներուն ԿՈՉ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.