Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Աստուծմէ Չեմ Վախնար Եւ Մարդերէ Չեմ Ամչնար»

March 28, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, Մեծ պահքի հինգերորդ կիրակին վերագրեալ է «Դատաւորին», որուն աւետարանը կը կարդացուի Ս. Ղուկասէն` 18,1-8 հատուածը:

Մարդկային առօրեայէն առնուած առակ է, պատահած ամէնօրեայ դրուագ է, զոր «Մարդու Որդին», Յիսուս Քրիստոս, աստուածային իմաստութեամբ կը պատմէ բոլոր մարդերուն, որոնք յա՜ր գիտնալու են, թէ` «միշտ պէտք է աղօթեն եւ երբեք չվհատին»:

Առակն ունի իր հերոսը` «անիրաւ դատաւորը», ինչպէս ալ իր հերոսուհին` «այրի կին մը»: Երկուքն ալ ներկայացուցիչներն են իրարու հակոտնեայ երկու խումբերուն:

Առաջին խումբին մէջ մէկտեղուած են աշխարհի «մեծերը», կամ աւելի ճիշդ` իրենք զիրենք  «հզօր» յորջորջողները, որոնց իւրաքանչիւրին ապրած բնաբանն է. «Աստուծմէ չեմ վախնար եւ մարդերէ չեմ ամչնար» (Ղկ. 18,4):

Երկրորդ խումբին կը պատկանին աշխարհի «փոքրերը», որոնք տկարի ու հայցողի կացութեան մէջ` արդարութիւն կը սպասեն Աստուծմէ չվախցող դատաւորներէն եւ իրաւունք` մարդերէ չամչցող մեծերէն…

Աստուծմէ չվախցող դատաւորները միայն իրենց հանգստաւէտութիւնը եւ հաճոյքը սիրողներն են, իսկ մարդերէ չամչցող մեծերը միայն իրենց անձն ու շահը փնտռողներն են, որոնք ի զուր կը փորձեն շահիլ պատերազմն իրենց պարտութեան եւ անդարձ կորուստին…

Փոքրերը ներկայացնող տկար ու հայցող այրի կնոջ խմբակին մէջ կ՛ուզեմ մնալ, որուն անդամ-անդամուհիներուն համար սահմանուած է աւարտական յաղթութիւնը, երբ ամենագէտ եւ ամենատես Դատաւորը վճռակամօրէն կ՛ապահովցնէ հաւատքով, յարատեւութեամբ ու վստահութեամբ աղօթողներուն. «Աստուած…, կ՛ըսեմ ձեզի, շուտով արդարութիւն պիտի ընէ անոնց» (Ղկ. 18,8):

Աստուածային Իմաստունին կիրակնօրեայ երկրորդ առակն է «Փարիսեցին ու մաքսաւորը» (Ղկ. 18,9-14), զոր Յիսուս «պատմեց այն մարդերուն համար, որոնք իրենք զիրենք արդար համարելով` կ՛արհամարհեն ուրիշները» (Ղկ. 18,9):

Նախ` յստակ ըլլայ բոլորիս, թէ ոչ մէկ մարդ արհամարհելու իրաւունքն ունինք` ես, դուն եւ ան: Երբե՛ք: Ո՛չ մէկ պատճառով: Ո՛չ մէկ ատեն: Ո՛չ մէկ տեղ:

Երկրորդ` փարիսեցին ու մաքսաւորը աղօթելու կ՛երթան տաճար: Բայց երկուքին աղօթքները «երկրէ երկինք» հեռու եւ տարբեր են իրարմէ…

Փարիսեցին ստէպ կու գայ տաճար: Աղօթքի մարդ է: Ծանօթ է իբրեւ անձ մը` նուիրուած Տիրոջ: Սակայն ի՞նչ են անոր աղօթքին պտուղները: Քրիստոս մեզի կը մատնանշէ վտանգներն այն աղօթքին, որ արմատացած չէ Աստուծոյ մէջ, այլ` մեր եսին մէջ: Այսպիսի աղօթքի կեանք մը, որ չի փնտռեր հոգեդարձն անհատին, այլ` փառատրանքն անձին:

Մեր ժամանակին եւ առօրեային մէջ շատերու ներկայացուցիչ փարիսեցիին սիրտն ու միտքը լեցուն են միայն ինքնահաւութեամբ եւ անձնագովութեամբ, բայց ինչ որ դեռ շատ աւելի յոռի ու վնասակար է, որ անոնք լի են արհամարհանքով դիմացինին հանդէպ:

Աղօթքը, երբ ինքնագովութիւն է, Աստուծոյ հետ խօսակցութիւն ըլլալէ կը դադրի: Տիրոջ  կը յիշեցնէ փարիսեցին, թէ ծոմ կը բռնէ, պահք կը կատարէ եւ «տասանորդ» նուիրատուութիւն կ՛ընէ: Նոյնիսկ երախտապարտ է փարիսեցին, քանի «ուրիշներու պէս չէ», որոնք «գող են, չարագործ եւ շնացող», բայց ինքը` ո՛չ…

Այսպիսի սրտով, մտքով ու բերնով «օժտուած» աղօթողներ շատ հպարտ են, եւ հպարտութիւնը գարշելի է Յիսուսի համար: Յոյժ գոռոզ են, եւ գոռոզութիւնը դատապարտուած է Աստուծմէ: Այսպիսի անհատներու հպարտութեան խորտակումը համարեա անկարելի է Տիրոջ համար, ինչպէս նաեւ` բանալ տալ անոնց հոգիները իր երկնային պատգամին:

Աստուած հակառակ է ամբարտաւաններուն, կ՛ըսէ Ս. Գիրքը: Այսինքն Յիսուս եւ գոռոզը չեն կրնար հաշտուիլ իրարու հետ, ինչպէս ջուրն ու ձէթը չեն կրնար ձուլուիլ, լոյսն ու խաւարը չեն կրնար միանալ:

Մաքսաւորն ալ, որ մեծամասնութենէն մերժուած հարկագանձիչն է սահմանապահ, կ՛ելլէ տաճար աղօթելու: Անոր աղօթքը կը լսուի, որովհետեւ ինքնաճանաչի՛ն, խոնարհամիտի՛ն եւ զղջացողի՛ն աղօթքն է սրտաբուխ. «Աստուած իմ, ներէ՛ ինծի, մեղաւոր եմ» (Ղկ. 18,13):

Արդ, կը յիշեցնեմ Սիմոնի աղաչանքը. «Տէ՜ր, հեռացի՛ր ինձմէ, ես մեղաւոր եմ» (Ղկ. 5,8): Սիմոն, անուանափոխուած «Պետրոս» եւ սահմանուած «Վէմ» քրիստոսահիմն Եկեղեցիին, ոտքն ինկած էր Յիսուսի առջեւ, ինչպէս Աստուծոյ ներկայութեան` մաքսաւորը «մեկուսի կեցած, նոյնիսկ աչքերը դէպի երկինք չէր բարձրացներ»:

Հոս կը յստականայ, թէ աղօթքը զօրաւորին տկարութիւնն է, ինչպէս նաեւ տկարին զօրութիւնն է, յաղթութիւնը: Թէպէտ մաքսաւորը գիտակից է իր մեղաւորութեան ու տկարութեան, բայց եւ այնպէս փարիսեցիէն աւելի արդար ու զօրաւոր է, որովհետեւ իր տկարութիւնը կը խոստովանի Աստուծոյ, որ կը դառնայ անոր հզօրութիւնը:

Պտղաբեր աղօթքը համեստ ճանաչումն է մեր մեղքերուն եւ համոզումը` բարեփոխուելու մեր կարիքին: Ա՛յս է ճամբան` մեզ առաջնորդող Տիրոջ, որ մարդասէր եւ ողորմած է:

Քրիստոսի առակները կեանքէն ու կեանքին համար քաղուած պատմուածքներն են, բովանդակուած եւ նկարագրուած, սակայն, աստուածային իմաստութեամբ` մարդկային իմաստութիւնն ուղղելու եւ ճոխացնելու դիտաւորութեամբ:

Մեր արդարացումին ու ճոխացումին ելակէտն է առօրեային մէջ հաւատարիմ գործադրումը մեր նպատակին. «Ճանչնա՛նք Աստուած, սիրե՛նք Աստուած ու ծառայե՛նք Աստուծոյ, մինչեւ որ ստանանք Աստուած յաւիտենականութեան համար»:

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Արաբերէն Կայքէջի Այս Ամսուան Պատկերը

Յաջորդը

Արցախ. Անցեալ Շաբաթ Զինադադարը Խախտուած Է Շուրջ 250 Անգամ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.