Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 14, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.600 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլան, որուն ներկայացուց ընդդիմադիր ուժերուն եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ խորհրդակցութիւններն ու նախաձեռնութիւնները, որոնք կը վերաբերին նախագահական ընտրութեան:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Թանի Ալ Թանին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պրազիլի դեսպան Թարքսիօ Քոսթան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկու խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Ռընէ Փոլ Էմրին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու ենթակառոյցի յատուկ ծրագիրներուն օժանդակութիւնները, որոնք Աւստրիոյ դեսպանատունը կը տրամադրէ Լիբանանին: Քննարկուեցան նաեւ Լիբանան ժամանող սուրիացի տեղանուածներու նոր ալիքին վերաբերող հարցեր:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն, անդրադառնալով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան յայտնեց, որ համաձայնութեան յանգելու համար լուրջ նպատակներ գոյութիւն ունին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ահմետ Խէյր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ եւ շնորհաւորեց անոր պաշտօնավարութեան երկարաձգումը: Խէյր նշեց, որ Տար Ֆաթուայի մէջ շէյխ Տըրիանի պաշտօնավարութիւնը այս զգայուն փուլին ողջունելի քայլ է:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը զօրակցի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնած երկխօսութեան, սակայն ան երաշխիքներ կը պահանջէ, թէ երկխօսութեան նիստէն ետք նախագահական ընտրութեան իրերայաջորդ նիստեր պիտի գումարուին:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ճիմի Ժապպուր, անդրադառնալով մաքսանենգումի գործողութիւններուն, հաստատեց, որ պահանջուածը ապօրինի անցքերու փակումն է, այդ անցքերը օգտագործողներու ձերբակալումը եւ անոնց յանձնումը սուրիական իշխանութիւններուն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ղասսան Սքաֆ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կատարուելիք երկխօսութիւնը պէտք է արդիւնաւորուի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ 2023-ի պետական ամավարկը կրնան ամբողջութեամբ չքննարկել, որովհետեւ անիկա սահմանադրական առումով ժամկէտանց է, այլ խօսքով` ինչ որ ծախսուած է` ծախսուած է, ինչ մուտք, որ ապահովուած է` ապահովուած է: «Հետեւաբար երեսփոխաններուն կողմէ կը տրուի որոշումը` լսելէ ետք ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի բացատրութիւնը», հաստատեց Քանաան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ պաղեստինեան գաղթակայաններուն կայունութիւնը վերահաստատելու, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու ապօրինի մուտքը զսպելու իմաստով քաղաքական վճռական որոշումներ պէտք է տրուին:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի ընդունեց երեսփոխան Ուսամա Սաատը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, յատկապէս` պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին վերաբերող հարցեր:

 

 

Նախորդը

«Կայսերապաշտութեան Դէմ Պատերազմը Միասին Պիտի Մղենք» Փութինին Կ՛ըսէ Ըն

Յաջորդը

Նաքուրայի Եռակողմանի Ժողովը Համաձայնութիւն Չկրցաւ Գոյացնել Ցամաքային Սահմանագիծի 13 Կէտերուն Շուրջ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.