Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւ Օրերու Սպասումով

September 12, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Արցախի Հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրուեցաւ Սամուէլ Շահրամանեան, որ տասը օր առաջ հրաժարականի պատրաստուող նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի կողմէ նշանակուած էր պետական նախարար` վարչապետը փոխարինող պաշտօն: Սամուէլ Շահրամանեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էին Արցախի Ազգային ժողովի հինգ խմբակցութիւններէն չորսը: Հինգերորդը` Սամուէլ Պապայեանի Միասնական հայրենիք կուսակցութիւնը, որ 33 պատգամաւոր հաշուող խորհրդարանին մէջ ունի ինը պատգամաւոր, առաջադրեց իր ղեկավարին թեկնածութիւնը: Թեկնածութիւնը մերժուեցաւ, որովհետեւ Սամուէլ Պապայեան վերջին տասը տարիներուն մնայուն կերպով չէ բնակած Արցախի մէջ: Մերժումին դէմ բողոքելով, «Միացեալ Հայրենիք»-ի պատգամաւորները չմասնակցեցան ընտրական նիստին:

Արցախի նախագահին ընտրութիւնը չշնորհաւորեց Հայաստանի իշխող վարչակազմը. Հանրապետութեան նախագահ եւ վարչապետ անտեսեցին Արցախի ինքուրոյնութիւնը շեշտող այս կարեւոր իրադարձութիւնը: Հաստատուեցաւ, անգամ մը եւս, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն համար Արցախ գոյութիւն չունի. այդ հողամասը Ազրպէյճանի շրջաններէն մէկն է, իսկ այնտեղ բնակող շրջափակուած 120.000 հայերը Ազրպէյճանի քաղաքացիներ են:

Սամուէլ Շահրամանեան, որ կատարեց իր սահմանադրական երդումը, նախագահի պաշտօնը պիտի վարէ մինչեւ մայիս 2025, այսինքն պիտի ամբողջացնէ Արայիկ Յարութիւնեանի պաշտօնավարման հինգ տարիները: Ան այժմ պէտք է կազմաւորէ նոր կառավարութիւն, որ ազգային միասնութեան իշխանութիւն պիտի ըլլայ` վերջ տալով պաշարուած երկրին մէջ վերջերս երեւցող պառակտումի փորձերուն:

Նախագահի ընտրութեան յաջորդեց ռուսական օժանդակութեան մը առաքման լուրը: Օժանդակութիւնը Ստեփանակերտ պիտի հասնէր Ակնայի (Աղտամի) ճամբով: Ըսուեցաւ նոյնիսկ, որ Ազրպէյճան պիտի արտօնէ մարդասիրական բեռներու փոխադրութիւնը Բերձորի (Լաչինի) ճամբով, ռուսական խաղաղապահ ուժերու եւ միջազգային Կարմիր Խաչի միջոցով: Այս տեղեկութիւնները ցարդ չեն գործնականացուած ռուսական բեռնատարը կը գտնուի Ազրպէյճանի Պարտա քաղաքին մէջ, չի յաջողիր ուղղուիլ դէպի Արցախ, որովհետեւ Ազրպէյճան իր նախնական համաձայնութեան վրայ նոր պայմաններ աւելցուցած է: Այդ պայմանները, առ այժմ անորոշ են: Երեւոյթը ամէն պարագայի վարկաբեկիչ է Ռուսիոյ համար:

Հայաստանի եւ  Ռուսիոյ յարաբերութիւնները ժխտական փուլ մը թեւակոխած են: Նիկոլ Փաշինեանի կատարած յայտարարութիւնները` իտալական «Լա Ռեսբուպլիքա» թերթին, պատճառ դարձան, որ ոչ միայն Ռուսիա հրապարակով հակադարձէ, այլ նաեւ Հայաստանի դեսպանը արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրելով բողոքի նոթա յանձնէ: Վարչապետին յայտարարութիւններուն (Ռուսիա կը լքէ հարաւային Կովկասը) վրայ աւելցան Աննա Յակոբեանի Ուքրանիա այցելութիւնն ու մարդասիրական օժանդակութեան ուղարկումը, եւ վերջապէս` Հայաստանի ու Միացեալ Նահանգներու միացեալ ռազմափորձի մը ծանուցումը:

Արցախի նախագահի ընտրութեան օրը Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահին, Գերմանիոյ վարչապետին եւ Վրաստանի վարչապետին հետ: Ըստ շրջանառուող, բայց չհաստատուած տեղեկութիւններուն, Նիկոլ Փաշինեան խոստացած է Ազրպէյճանի հետ կապը վերահաստատել եւ տագնապ ստեղծող հարցերուն լուծում գտնել: Աւելի ուշ, Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Իրանի նախագահին հետ: Այս վերջինը դժգոհութիւն յայտնեց օտար ուժերու շրջանի հարցերուն միջամտութեան համար. ակնարկութիւնը կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներուն:

Երեւանի մէջ թեւակոխեցինք քաղաքապետական ընտրութիւններու վերջին փուլը: Ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 17 սեպտեմբերին: Այս ընտրութիւններուն կը մրցին 14 ցուցակներ, որոնք ունին էապէս քաղաքական բնոյթ: Հայաստանի բնակչութեան 40 առ հարիւրը կը բնակի Երեւանի մէջ. այս ընտրութիւններուն մասնակցութեան տոկոսը եւ արդիւնքները կարեւոր նշանակութիւն ունին ազգաբնակչութեան քաղաքական կողմնորոշման տեսակէտէն: Սպասենք արդիւնքին:

Պղտոր ու մռայլ կացութիւն կը դիմագրաւենք: Յուսանք, որ յառաջիկայ օրերը աւելի պայծառ իրականութեան մը նախանշան կը դառնան: Յուսանք եւ սպասենք:

 

 

Նախորդը

Դիմադրող Հակահոսանքի Ձեւաւորման Արժէքային Հիմքերը

Յաջորդը

Մարդասիրական Օգնութեան Հարցը Չի Քաղաքականացուիր, Այլ Ինքնին Քաղաքական Է

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.