ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.650 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ապտել Մեժիտ Սալեհ անցեալ շաբաթավերջին մահացաւ: Ան եղած է Ամալ շարժումի անդամ եւ 2005-ին երեսփոխան ընտրուած է Սուր քաղաքէն: Ապտել Մեժիտ Սալեհ 2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերընտրուած է նոյն շրջանէն:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան Ս. պատարագին ընթացքին արտասանեց քարոզ մը, որուն մէջ հարց տուաւ, թէ ի՞նչն է նախագահական ընտրութիւնը արգելակող իրականութիւնը: Նոյն հարցումին ան պատասխանեց ըսելով, որ այդ արգելակումները կը ստեղծուին, երբ ոմանք` շրջանցելով սահմանադրութիւնը, իրենց անձնական շահերը կը հետապնդեն:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ Պաալպեքի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը ընթացքին հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան միակ միջոցը ազգային երկխօսութիւնն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ Պեքաայի մէջ ձերբակալեց շարք մը սուրիացիներ, որոնք ապօրինի կերպով եւ առանց անձնական փաստաթուղթերու մուտք գործած էին Լիբանան: Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը «Էքս» հարթակին վրայ տեղադրեց գրառում մը, որուն ընդմէջէն ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւն ստացած է:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը «Էմ. Քա.» տիպի հետախուզական անօդաչու թռչող սարքով մը շաբաթ օր ոտնձգութիւններ գործեց Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ: Իսրայէլեան սարքը Մազարեհ Շեպաայի կողմէ մուտք գործեց Լիբանան եւ թռիչքներ կատարեց Հասպայայի, Արքուպի, Մթըլլէի, Մազարեհ Շեպաայի, Ժապալ Շէյխի եւ Արեւմտեան Պեքաայի վերեւ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հաստատեց, որ Լիբանանին օժանդակել փափաքող երկիրները պէտք է աշխատին, որ անոր վրայ պարտադրուած բռնագրաւումը վերանայ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժ յայտնեց, որ Հըզպալլա չի փափաքիր լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրել` նկատի ունենալով արաբական երկիրներու եւ Արեւմուտքին հետ անոր սերտ յարաբերութիւնները:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ Լիբանան կարիքը ունի ամէնէն արագ ժամանակաշրջանին ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը` աւելցնելով, որ ատիկա կարիք ունի ազգային համախոհութեան:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աշրաֆ Ռիֆի պահանջեց Լիբանանի մէջ ապազինել բոլոր անոնք, որոնք ապօրինի զէնք կը կրեն, ինչպէս նաեւ պահանջեց պաղեստինեան գաղթակայաններուն ապահովութիւնը լիբանանեան պետութեան սեփականութիւնը դարձնել:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութեան հոլովոյթին պատասխանատուութիւնը արտաքին ազդակներու չվերագրելու, որովհետեւ այդ հարցը ներքին լիբանանեան է եւ պէտք է լիբանանցիները լուծեն զայն:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ մաղթեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երկխօսութեան նախաձեռնութիւնը յաջողութիւն արձանագրէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շաբաթավերջին Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:


