Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Հելուէի Մէջ Զինեալ Բախումները Վերսկսան

September 9, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ հինգշաբթիէն ուրբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին դարձեալ արձանագրուեցան բուռն զինեալ բախումներ` Ֆաթհ շարժումի եւ իսլամական խմբաւորումներու զինեալներուն միջեւ:

Զինեալ բախումներուն ընթացքին օգտագործուեցան նռնականետեր եւ գնդացիրներ, որոնք թիրախ դարձուցին Ժունտ Շամի եւ Ֆաթհ իսլամի կեդրոնները` Սաֆսաֆ եւ Թաուարէ փողոցներուն մէջ:

Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ արձանագրուած ռմբակոծումին եւ կրակոցներուն պատճառով ռումբերուն բեկորներն ու փամփուշտները հասան Սայտա` պատճառելով ապահովական ապակայունութեան մթնոլորտ:

Ռմբակոծուեցաւ նաեւ Ֆաթհի կեդրոնը:

Կէս գիշերէն ետք կարելի եղաւ զգուշաւոր լռութիւն մը հաստատել` հակակշիռի տակ առնելով զինեալ բախումները, որոնց պատճառով արձանագրուեցան 20 վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ եւ բնակիչներու տեղահանութիւն:

Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անձամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ լիբանանեան եւ պաղեստինեան քաղաքական ղեկավարութիւններու հետ` հանդարտեցնելու համար գաղթակայանին մէջ տեղի ունեցող բուռն բախումները:

Բախումները վերսկսան երէկ կէսօրին: Բախումներուն ընթացքին արձակուած ռումբի մը պատճառով վիրաւորուեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ոստիկան մը, որ կը գտնուէր Սայտայի սերային մէջ:

Այն Հելուէէն արձակուած ռումբը հասած էր Սայտայի մէջ գտնուող սերային տանիքը եւ քանդած Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու գրասենեակներուն ապակիներն ու պատճառած վիրաւոր մը:

Այս ծիրին մէջ Սայտայի քաղաքապետ Հազեմ Պատիհ այցելեց Մուսալլի մզկիթ, ուր 300 կին ու երեխայ ապաստան գտած էին:

Պատիհ ընդգծեց, որ Այն Հելուէի բախումներուն հետեւանքները աղէտալի են:

Նշենք, որ Սայտայի մէջ Ֆաթհի ընդհանուր քարտուղար Մահեր Շպայթէ յայտնած էր, որ Այն Հելուէի մէջ արձանագրուած լարուածութիւնը հետեւանք է իսլամական խմբաւորումներուն ձեռամբ Ապու Աշրաֆ Արմուշին սպաննողները արդարութենէն հեռու պահելու փորձերուն:

Կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Այն Հելուէի մէջ սկսած բախումները աստի    ճանաբար սկսան հանդարտիլ, որովհետեւ բախումները կասեցնելու նպատակով տեղի ունեցան բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւններ, որոնք կրցան զսպել հոն տիրող կացութիւնը եւ գաղթակայանին մէջ կայունութիւնը վերահաստատել:

 

Նախորդը

Պըրրի Ռիզայի Հետ Քննարկեց Մարդասիրական Նպատակ Ունեցող Ծրագիրները

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Երկուշաբթի Օր Պիտի Գումարէ Զոյգ Նիստեր

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.