7 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան պետական սահմանի Հակարիի կամուրջի տեղամասին մէջ ազրպէյճանական կողմը Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերուն յանձնած է Արցախի բնակիչներ Ալեն Նելսոնի Սարգսեանը (ծնեալ` 5 յուլիս 2001-ին), Լեւոն Ժիրայրի Գրիգորեանը (ծնեալ` 17 մայիս 2003-ին) եւ Վահէ Ջանբուլաթի Յովսէփեանը (ծնեալ` 12 յունիս 2003-ին): «Արմէնփրես»-ին այս մասին տեղեկացուցին Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն:
Երիտասարդները 28 օգոստոսին Արցախէն Հայաստանի Հանրապետութիւն ուղեւորուելու ընթացքին ապօրինի առեւանգուած էին ազրպէյճանցի սահմանապահներու կողմէ:


