Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թինընթի. «Հարաւային Լիբանանի Սահմանամերձ Շրջանին Մէջ Լարուած Վրանները Թիւ 1701 Բանաձեւի Խախտում Կը Նկատուին»

September 6, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ երկու շաբաթէ ի վեր կը տիրէ զգուշաւոր մթնոլորտ, ինչպէս նաեւ երկուստեք պատրաստ վիճակ` իսրայէլեան ուժերուն եւ Հըզպալլայի կողմէ, իսրայէլեան ուժերը կը շարունակեն սպառնալ Լիբանանին, իրականացնել սահմանամերձ շրջանին մէջ շրջուն ջոկատներով հսկողութիւն, ինչպէս նաեւ իրենց օդուժով թռիչքներ կը կատարեն` շրջանին վերեւ:

Միւս կողմէ, լիբանանեան հողերուն վրայ դարձեալ կայ պատրաստ վիճակ եւ աշխուժ հսկողութիւն` պաշտպանելու համար շրջանին ապահովական կայունութիւնը:

Նշենք, որ Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէ Թինընթի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործունէութեան մէջ ոչինչ փոխուած է` աւելցնելով, որ 2006-էն սկսեալ լիբանանեան բանակին հետ համագործակցութիւնը տակաւին առկայ է եւ

այդպէս ալ պիտի մնայ:

«ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն խաղաղապահ առաքելութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու որոշումը ընկալելու իմաստով թիւրիմացութիւն արձանագրուած է: Մենք Լիբանանի կառավարութեան հետ կը համադրենք մեր աշխատանքները, եւ մեր գործողութիւնները կը պատշաճեցուին Լիբանանի կառավարութեան պահանջներուն ու լիբանանեան գերիշխանութեան նկատմամբ յանձնառութեան», ըսաւ ան:

Թինընթի շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը պիտի շարունակեն նոյնպէս գործել հարաւային Լիբանանի մէջ` նկատել տալով, որ խաղաղապահ այդ ուժերուն դէմ գործուած որեւէ ոճիր ՄԱԿ-ի դէմ ոճիր է: «ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը կը գործեն այնպիսի շրջաններու մէջ, որոնք հարիւր առ հարիւր ապահով չեն, այդ պատճառով ալ այսօր հոս ենք եւ պիտի շարունակենք մեր առաքելութիւնը,  հակառակ մեր զինուորներուն դէմ գործուած ահաւոր ոճիրներուն», յայտնեց ան:

Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մէջ լարուած վրաններուն` Թինընթի հաստատեց, որ անոնք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի խախտում կը նկատուին` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն այդ վրանները վերացնելու:

Թինընթի ընդգծեց, որ հիմնական հարցը անշուշտ կը մնայ սահմանային Կապոյտ գիծի հսկողութիւնը, ինչպէս նաեւ լարուածութեան հակակշռումը, ինչպէս էր պարագան Քֆարշուպայի մէջ:

«Մեզի համար Լիբանանի գերիշխանութեան նկատմամբ յարգանքը պահելն ու Լիբանանի կառավարութեան հետ գործակցիլը էական է», հաստատեց Թինընթի:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մանսուրի. «Սէուտցի Պատասխանատուներուն Հետ Հանդիպումներս Դրական Են»

RelatedPosts

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով  Բեռցուած Բեռնատարին.  «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային  Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը  Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք»  Հաստատեց Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով Բեռցուած Բեռնատարին. «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք» Հաստատեց Սալամ

October 13, 2026
Ժահժահ. «Ելեկտրականութեան Տագնապը  Պետութիւնն Ու Կառավարութիւնը Կը Դնէ  Քննութեան Առջեւ Ախտաճանաչումէն Գործադրութիւն Անցնելու»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Ելեկտրականութեան Տագնապը Պետութիւնն Ու Կառավարութիւնը Կը Դնէ Քննութեան Առջեւ Ախտաճանաչումէն Գործադրութիւն Անցնելու»

October 13, 2026
Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Փոփոխութեան Որեւէ Նիստ Պիտի Չհրաւիրեմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Բոլոր Տագնապներու Լուծման Մեր Զէնքը Ազգային Միասնականութիւնն Է»

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.