ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա այցելեց Հասպայայի գիւղաքաղաքները, ուր հաստատեց, որ նախագահական դատարկութեան փուլը պատճառ կրնայ դառնալ լիբանանեան պետութեան նկատմամբ վստահութիւնը կորսնցնելու:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան նոր նշանակուած դեսպան Սանտրա Տը Ուալը: Հանդիպումը ունէր արարողակարգային ծանօթացման բնոյթ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրած գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ Լիբանանի քաղաքական տագնապին լուծման լաւագոյն ձեւը ժամանակ կորսնցնելու ընթացքին ու աղէտներ կուտակելու իրականութեան վերջ տալը եւ երկխօսութեան երթալն է:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով Հըզպալլա զիրենք զետեղած է անկարելի բաներու դիմաց: Ան աւելցուց, որ իրենք պիտի դիմադրեն Հըզպալլային, մինչեւ որ Հըզպալլա իր յեղաշրջումը կասեցնէ: «Մենք մեր կեցուածքին վրայ պիտի մնանք, որքան ալ որ անոնք սպառնան», ըսաւ Ժեմայէլ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ ընդգծեց, որ լիբանանցիներուն դիմաց երկխօսութենէն եւ համախոհութենէն բացի այլ միջոց չկայ` երկիրը նախագահական դատարկութեան փուլէն դուրս բերելու համար:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ Դիմադրութեան առանցքը այսօր աւելի քան երբեք հզօր է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց երեսփոխան Ատիպ Ապտել Մեսիհը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման երէկ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Պու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավարի խորհրդական Հուսամ Հարպ:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի երէկ ընդու նեց սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարի Հըզպալլայի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Նաուար Սահիլին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատու Նիքոլա Շատրաուին: Քննարկուեցան տեղահանուածներու թղթածրարի լուծման իմաստով որդեգրուելիք միջոցառումները: Պայսարիի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Պահիա Հարիրի: Քննարկուեցան ներքին լիբանանեան իրադարձութիւններն ու պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին վերաբերող հարցեր:


