Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը` Արցախի Ժողովուրդին Կողքին

September 4, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 32-ամեակին առիթով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց ամբողջ հայութեան, շեշտելով Արցախի Հանրապետութեան անյապաղ ապաշրջափակումը եւ անոր ինքնորոշման իրաւունքին ամրապնդումը: Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ յատկապէս ըսաւ. «Անկախութիւնը աստուածատուր իրաւունք է: Անկախութիւնը նաեւ միջազգային օրէնքի հիմնական սկզբունքներէն մէկն է: Արդ, ո՛չ մէկ ազգ իրաւունք ունի բռնաբարելու ուրիշ ազգին անկախութիւնը: 32 տարիներ առաջ Արցախի ժողովուրդը իր անկախութիւնը հռչակած է եւ բազմիցս վերահաստատած: Հետեւաբար, սիրելի՛ Արցախ, մնացի՛ր ամուր` քու ինքնորոշման արդար իրաւունքը հարցականի տակ առնող ներկայ պայմաններուն մէջ: Մնացի՛ր կառչած քու հաւաքական կեցուածքին: Դուն առանձին չես, ողջ հայութիւնը քեզի հետ է»:

Անկախութեան տօնին առիթով, կիրակի, 3 սեպտեմբերին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համանուն մատրան մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ` Արցախի անկախութեան ամրապնդման ի խնդիր իրենց անձը ընծայաբերած մեր քաջարի հայորդիներու հոգիներուն համար: Մայրավանքի մայր տաճարին մէջ պատարագեց ու քարոզեց կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան: Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ յիշեց շրջափակումի ենթարկուած Արցախը եւ այնտեղ պայքարող ու իրենց արժանապատուութեամբ ապրող մեր ժողովուրդի 120.000 հայորդիները: Անդրադառնալով մեր ազգը յուզող ներկայ ճակատագրական օրերուն` հայր սուրբը ըսաւ. «Այսօր մեր բոլորին սիրելի Արցախ հայրենիքը դարձեալ մահու-կենաց պայքար կը մղէ: Ազգովին կոչուած ենք ամէն առումով նեցուկ կանգնելու արցախահայութեան եւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին: Մեր պատմութենէն գիտենք, որ երբ միակամ ու մէկ բռունցք եղած ենք, յաղթահարած ենք մեր ազգին դէմ ցցուած բոլոր մարտահրաւէրներն ու տագնապները: Հետեւաբար, բոլորս միասնաբար գործնական քայլերու պէտք է դիմենք, որպէսզի կարենանք պաշտպանել Արցախի մեր հայրենակիցներուն արդար իրաւունքները»:

Յայտնենք, որ 1 սեպտեմբերին Պուրճ Համուտի մէջ կազմակերպուած Արցախի ապաշրջափակումը պահանջող ստորագրահաւաքին մասնակցեցան նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան հայրերը եւ դպրեվանքի սարկաւագները: Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աշխարհասփիւռ թեմերուն մէջ ծառայող միաբան հայրեր տեսերիզներու միջոցով իրենց զօրակցական խօսքը ուղղեցին Արցախի ժողովուրդին:

 

 

 

Նախորդը

Այնճարի Հայութիւնը Եւս Զօրակցեցաւ Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքին

Յաջորդը

Պրիւքսել Երեւանին Եւ Պաքուին Կոչ Կ՛ուղղէ Խուսափելու Հետագայ Բախումներէն

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.