Եւրոպական Միութիւնը շաբաթ օր ափսոսանք յայտնած է հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցած զինուորական գործողութիւններուն առնչութեամբ, որոնց պատճառով հայկական կողմը հաղորդած է 3 զոհի եւ 2 վիրաւորի, Ազրպէյճանը` 3 վիրաւորի մասին: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարի բանբեր Փեթեր Սթանօ «Էքս»-ի իր էջին վրայ գրած է. «Եւրոպական Միութիւնը ափսոսանք կը յայտնէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ տեղի ունեցած բախումներուն նկատմամբ, որոնց հետեւանքով կան զոհեր եւ վիրաւորներ, կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` խուսափելու հետագայ բախումներէն եւ վերսկսելու երկխօսութեան»:


