Այզնըր Պարտուեցաւ Իր Արհեստավարժ
Ասպարէզին Վերջին Մրցումին
Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի ծիրին մէջ, աշխարհի դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Քարլոս Ալքարաս ապահովեց Գ. հանգրուանի իր տոմսը` 6-3, 6-1 եւ 7-6 արդիւնքով պարտութեան մատնելով հարաւային ափրիկեցի Լոյտ Հերիսը:
Գ. հանգրուանի մրցումներուն, 20 տարեկան Ալքարասի մրցակիցը պիտի ըլլայ անգլիացի Տեն Իվընզ (26-րդ):
Ամերիկացի Ճոն Այզնըր պարտութեամբ աւարտեց թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզը, երբ մարաթոն մրցումէ մը ետք 6-3, 6-4, 6-7, 4-6 եւ 6-7 արդիւնքով տեղի տուաւ իր ազգակիցին` Մայքըլ Մմոյայի դիմաց:
38 տարեկան Այզնըր նախապէս յայտարարած էր, որ այս մրցաշարքը պիտի ըլլայ իր արհեստավարժ ասպարէզին վերջինը:
Գ. հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց նաեւ 3-րդ դասուած ռուս Տանիիլ Մետվետեւ, որ 6-2, 6-2, 6-7 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց աւստրալիացի Քրիսթաֆըր Օքանըլը:
Աղջկանց Բ. հանգրուանի մրցումներուն գծով, թունուզցի Օնս Ժապուր, որ դասուած է 5-րդ, պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Լինտա Նոսքովան (Չեխիա), 7-6, 4-6 եւ 6-3 արդիւնքով:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ 3-րդ դասուած ամերիկացի Ճեսիքա Փեկուլա ռումանացի Փաթրիսիա Մարիա Թիկի դէմ` 6-3 եւ 6-1 արդիւնքով:


