Ֆորմիւլա-1-ի աշխարհի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող «Մերսետես» խումբի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ խումբը երկարաձգեց իր երկու վարորդներուն` 7-ակի աշխարհի ախոյեան Լուիս Հեմիլթընի եւ Ճորճ Ռասըլի պայմանագրութիւնները:
Հեմիլթըն, որ 2013-էն ի վեր մաս կը կազմէ Մերսետեսին, իր խումբին հետ յաղթական դուրս եկաւ 82 կրան փրիի ընթացքին:
Իսկ Ռասըլ, որ խումբին միացաւ 2017-ին, 2022-ին արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` Պրազիլի կրան փրիին ընթացքին:


