Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաճիեւ. «Աղտամի Ճամբէն Հրաժարիլը Կրնանք Միայն Ցեղապաշտութիւն Եւ Խտրականութիւն Որակել»

September 1, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարած է, որ որեւէ բեռ կարելի է կարճ ժամանակի մէջ Ակնայի ճամբով հասցնել Ստեփանակերտ: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Անոր համաձայն, Ակնա-Ստեփանակերտ ճամբան աւելի մեծ թողունակութիւն ունի եւ աւելի արդիւնաւէտ է:

«Այս ճամբան կ՛անցնի հարթ տեղէ եւ կ՛արտօնէ կապել Ազրպէյճանի հիմնական մասը Խանքենդի (Ստեփանակերտ, «Ա.») քաղաքի եւ Ղարաբաղի այլ շրջաններուն հետ: Ազրպէյճանը բազմիցս յայտարարած է, որ Աղտամ-Խանքենդի ճամբան կ՛արտօնէ շատ կարճ ժամանակի մէջ որեւէ ապրանք Խանքենդի եւ մօտակայ շրջաններ հասցնել», ըսած է Հաճիեւ:

Անոր համաձայն, այս ճամբէն հրաժարիլը իրենք կրնան միայն որակել իբրեւ «ցեղապաշտութիւն եւ խտրականութիւն»:

«Ազրպէյճան մտադիր է վերահամարկման հոլովոյթին սկսիլ ճամբաներու բացումով: Իբրեւ վերահամարկման հոլովոյթի անբաժանելի մաս, Ազրպէյճանը պատրաստ է ապահովել Ղարաբաղի մէջ բնակող հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը` հիմնուելով Ազրպէյճանի Սահմանադրութեան եւ միջազգային փաստաթուղթերու վրայ», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնականը:

Անդրադառնալով Արցախին մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու` Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ջանքերուն, Հաճիեւ շեշտած է. «Ազրպէյճանը պիտի չարտօնէ իր տարածքին մէջ որեւէ գորշ գօտիի գոյութիւնը»: Անոր համաձայն, «Հայաստանը առանց Ազրպէյճանի համաձայնութեան դէպի Ազրպէյճանի սահման` «Լաչին» անցակէտին մօտ կը բերէ տարբեր բեռնատարներ»:

«Երէկ այդ թատերական ներկայացման ծիրին մէջ Ազրպէյճանի սահման հասած են նաեւ եւրոպացի փտած քաղաքական գործիչներ, որոնք կը գտնուին հայկական լոպիի ազդեցութեան տակ: Նման քայլերը անիմաստ են: Նման ցուցադրական քայլերուն փոխարէն իրական հարցերը պէտք է լուծուին տեղւոյն վրայ», նշած է ան:

 

 

Նախորդը

Պաքու Դիւանագէտներու Ակնա-Ստեփանակերտ Ճամբայ Այցելութիւն Կազմակերպած Է

Յաջորդը

Պերպոք. «Մենք Վճռական Կոչով Կը Դիմենք Ազրպէյճանին Եւ Ռուսիոյ` Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդը Պէտք Է Ստանայ Այն, Ինչ Որ Անհրաժեշտ Է»

RelatedPosts

Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ  Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ

October 12, 2026
Ուրալօղլու. «Կարս-Իգտիր-Տիլուճու Երկաթուղիին  Շնորհիւ Կ՛ամրապնդենք Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Հաղորդակցութիւնը»
Հայկական

Ուրալօղլու. «Կարս-Իգտիր-Տիլուճու Երկաթուղիին Շնորհիւ Կ՛ամրապնդենք Հայաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Հաղորդակցութիւնը»

October 12, 2026
Ալիեւ. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը  Իմ Նախաձեռնութեամբ Խաղաղութեան  Նոպելեան Մրցանակի Համար Համատեղ Առաջարկած Են  Թրամփի Թեկնածութիւնը»
Հայկական

Ալիեւ. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Իմ Նախաձեռնութեամբ Խաղաղութեան Նոպելեան Մրցանակի Համար Համատեղ Առաջարկած Են Թրամփի Թեկնածութիւնը»

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.