Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեան Իթթիհատ 162 միլիոն ամերիկեան տոլար պիտի առաջարկէ անգլիական Լիվըրփուլի եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահի համար, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
Այդ գումարին 54 միլիոն ամերիկեան տոլարը անոր համար պիտի ըլլայ իբրեւ պարգեւավճար, անոր արձանագրած արդիւնաւէտութեան պարագային:
Թէեւֆութպոլիստը ընդունեց այս առաջարկը, սակայն երկու ակումբներուն միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւնները ցարդ արդիւնք չեն տուած:
Եթէ անոր այս փոխանցումը տեղի ունենայ, Իթթիհատ պիտի գերազանցէ երկրին փոխանցման մրցանիշը, որ հաստատած էր Հիլալ, պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի փոխանցման համար Փարիզ Սեն Ժերմենին վճարելով 97 միլիոն ամերիկեան տոլար:


