Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը Մանչեսթըր Սիթի, որ հիւրը եղաւ Շեֆիլտ Եունայթըտին, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նորվեկիացի Էրլինկ Հաալանտ, որ 37-րդ վայրկեանին փենալթի մը կոլի չկրցաւ վերածել, 63-րդ վայրկեանին նշանակեց Սիթիի առաջին կոլը:
Այս յաղթանակը մանչեսթըրեան կազմին համար հանդիսացաւ երրորդ յաջորդական յաղթանակը (միակը քսան խումբերուն մէջ):
Սիթիի քաթալոնիացի մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլա այսպիսով հանդիսացաւ «Փրեմիեր Լիկ»-ի առաջին մարզիչը, որ ամէնէն արագը հասաւ 200 յաղթանակի:
Այս իրագործումը կատարելու համար անկէ պահանջուեցաւ 269 մրցում:
Անկէ առաջ մրցանիշը կը պատկանէր Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին մարզիչ, սկովտիացի Ալեքս Ֆերկըսընին, որ 200 յաղթանակ արձանագրած էր 322 մրցումի ընթացքին:
Անոնց ետին յաջորդաբար երեքէն հինգերորդ դիրքերը կը գրաւեն Ժոզէ Մուրինիօ (326), Արսէն Վենկեր (332) եւ Տէյվիտ Մոյես (511):


